Լեւոն ԺԴ. Պապը վերացուց Սուրբ Աթոռի նուիրատուութիւններու յանձնաժողովը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2025 թուականի Սեպտեմբեր 29ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ստորագրեց ինքնագիր նամակ մը, որուն միջոցաւ վերացուց Սուրբ Աթոռին Նուիրատուութիւններու Յանձնաժողովը (Commissio de donationibus pro Sancta Sede), որ հիմնուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2025 թուականի Փետրուար 11ին։
Հինգ անդամներէ բաղկացած եւ գերապայծառ Ռոպերթօ Քամփիսիի նախագահութեամբ գործող Յանձնաժողովը ստեղծուած էր՝ քաջալերելու եւ կառավարելու հաւատացեալներուն, Եպիսկոպոսական Ժողովներուն եւ բարերարներուն կողմէ տրուած նուիրատուութիւնները, որոնց նպատակն էր ֆինանսաւորել Հռոմի Քուրիայի եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան Կառավարութեան ծրագիրները։
Սակայն, Լեւոն ԺԴ. Պապը որոշած է վերացնել զայն, չեղարկելով Յանձնաժողովի Կանոնագիրքը եւ մինչեւ հիմա ընդունուած բոլոր գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ կարգադրելով, որ իր ներկայիս տիրապետութեան տակ գտնուող գոյքերը յատկացուին Սուրբ Աթոռին։
Այս որոշումը հիմնուած է Տնտեսական Խորհուրդի առաջարկներուն վրայ, որ քննած է հարցը եւ կազմակերպչական վերակառուցման ծրագիր մը ներկայացուցած։ Գոյքերու կառավարումը պիտի յանձնուի Առաքելական Աթոռի ճարանգութեան Տնտեսութեան Վարչութեան (APSA), որուն նախագահն է Գերապայածառ Ճորտանօ Փիչչինոթի, որ պիտի ղեկավարէ լուծարման գործընթացը։
Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը, նոր աշխատանքային խումբի հետ միասին, պիտի զբաղի մնացեալ հարցերը լուծելով եւ ապագայ դրամահաւաքի աւելի համապատասխան կառոյցի մը համար առաջարկներ մշակելով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
