Որոնել

1764937333822.JPG

«Աղքատներուն հետ համերգը» գեղեցիկ աւանդոյթ՝ տօնելու Յիսուս Քրիստոսը, որ աղքատացաւ մեզի համար․ Լեւոն ԺԴ.

5 Դեկտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Աղքատներուն հետ համերգի» կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ արուեստագէտներուն․ «Աղքատներուն հետ համերգը» պարզապէս տաղանդաւոր արուեստագէտներու ելոյթ կամ պարզ երաժշտական միջոցառում մը չէ, այլ զօրակցութեան պահ է՝ մեր խիղճը մեղմելու հասարակութեան անարդարութիւններուն առջեւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Շաբաթ` 6 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճը պիտի հիւրընկալէ «Աղքատներուն հետ համերգը»։ Այս ամէնամեայ բարեգործական միջոցառումը, թիւով արդեն վեցերորդը, զօրակցութեան ու մօտիկութեան արտայայտութիւն է՝ արուեստի միջազգային լեզուի միջոցաւ:

Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարիներուն, Համերգին նախատեսուած է ութը հազար հանդիսատեսներու ներկայութիւնը։ Անոնց շարքին երեք հազար աղքատներ՝ գաղթականներ, անօթեւան անձեր, ընկերային դժուարութիւններ ունեցող մարդիկ, որոնց հրաւէրը երաշխաւորած է Բարեսիրութեան Ծառայութեան Վատիկանեան Վերատեսչութիւնը։ Հրաւիրուած արուեստագէտներէն են Մայքըլ Պուպլէն, Սերենա Աութիերին, մինչ միջոցառման գեղարուեստական ​​ղեկավարն է Գերապայծառ Մարքօ Ֆրիզինան՝ «Հռոմի օփերային թատրոնի» նուագախումբի ու երգչախումբի՝ ղեկավարը։

Վերոնշեալ Համերգին առթիւ, այսօր՝ 5 Դեկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց միջոցառման կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ արուեստագէտներուն։

Անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը Պապը յիշեցուց, որ «Աղքատներուն համար համերգը», որ արդիւնքն է «Ֆրանչիսկոս Պապի երջանիկ ներիմացումին, գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է Սուրբ Ծննդեան նախապատրաստութեան ծիրէն ներս, որուն ընթացքին կը տօնենք Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզի մօտիկ դարձաւ եւ աղքատացաւ մեզի համար (հմմտ․ Բ. Կորնթացիս 8։9):

Համերգը պարզ երաժշտական ​​միջոցառում մը չէ, այլ զօրակցութեան պահ

«Որքա՜ն գեղեցիկ է սրտով ու մտքով կարողանալ ըսել. Աստուած ողորմածութիւն է, սէր է (հմմտ. Ա․ Յովհաննէս 4։16), նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը՝ ապա աւելցուց, որ սորվելով սիրել Աստուած կը կարողանանք իսկապէս սիրել ու իրականացնել մենք մեզի։

«Աղքատներուն հետ համերգը» պարզապէս տաղանդաւոր արուեստագէտներու ելոյթ կամ պարզ երաժշտական ​​միջոցառում մը չէ, այլ զօրակցութեան պահ է՝ մեր խիղճը մեղմելու հասարակութեան անարդարութիւններուն առջեւ», շեշտեց Ան՝ յորդորելով յիշել Տիրոջ հետեւեալ խօսքերը. «Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»» (Մատթէոս 25։40):

Տէրը «մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդկանց արժանապատուութիւնը չի չափուիր ունեցուածքով

Սիրելով քաղցածներն ու ծարաւները, մերկերը, հիւանդները, օտարականները, բանտարկեալները՝ մենք Աստուած կը սիրենք, ինչպէս, որ Աւետարանը կը սորվեցնէ։ Ուստի, ըստ Քահանայապետին, այսօր մեր դիւրաբեկ եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելով մենք կը գտնուինք ոչ թէ «բարեգործութեան հորիզոնին մէջ, այլ՝ Յայտնութեան հորիզոնին վրայ։ Տէրը «մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդկանց արժանապատուութիւնը չի չափուիր ունեցուածքով»։ «Մենք բոլորս ալ Աստուծոյ սիրելի զաւակներն ենք, եւ այս նոյն սէրը պէտք է ըլլայ մերձաւորի նկատմամբ մեր գործողութիւններուն չափանիշը», յարեց Քահանայապետը։

Ներդաշնակութիւնը թանկարժէք պարգեւ է, որ Աստուած տուած է ողջ մարդկութեան

«Երաժշտութիւնը միշտ կարեւոր դեր ունեցած է քրիստոնէական փորձառութեան մէջ», աւելցուց Ան՝ ի մասնաւորի անդրադառնալով Սուրբ Պատարագի ատեն երգեցողութեան, որ երբեք «երաժշտական​​ձեւաւորում մը» չէ, այլ՝ կը բարձրացնէ հոգին եւ հնարաւորինս կը մօտեցնէ մատուցուող խորհուրդին»։

Երաժշտութիւնը սիրոյ ձեւ է եւ գեղեցիկ ճամբայ, որ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած․

«Ուրեմն, եղբայրներ եւ քոյրեր, իմ խնդրանքս է՝ վաղը լաւ երգեցէք» կատակով նկատեց Ան։ Ապա՝ յորդորեց ամէնէն առաջ սրտով երգել՝ երաժշտութիւնը նկատելով սիրոյ ձեւ եւ գեղեցիկ ճամբայ, որ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած, քանզի, նշեց Պապը, գեղեցկութիւնը Տիրոջ պարգեւն է նոյն արժանապատւութեամբ եւ եղբայրութեան կանչուած բոլոր մարդկային էակներու համար։

Պապի երախտագիտութիւնը համերգի կազմակերպիչներուն

Աւարտին, Լեւոն ԺԴ․ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց համերգի կազմակերպիչներուն, ի մասնաւորի Հռոմի Թեմի Տեղակալ Արքեպիսկոպոս Պալտասսարէ Ռէյնային, Գերապ. Մարքօ Ֆրիզինային՝ Հռոմի թեմի երգչախումբին հետ միասին, «Nova Opera» կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ Սերենա Աութիերիին, Մայքըլ Պուպլէին եւ անոնց բոլոր գործընկերներուն։

Քահանայապետը իր պատգամը աւարտեց օրհնելով բոլոր ներկաները եւ երաժիշտներու Սուրբ Պաշտպան Սրբուհի Չեչիլիայի հովանին հայցելով անոնց վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2025, 12:49