Չ'օգտագործել գաղտնի տեղեկատւութիւնը վախցնելու, խեղաթիւրելու, սպառնալու կամ վարկաբեկելու համար․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
1925 թուականին Իտալիոյ մէջ Ռազմական հետախուզական ծառայութեան ստեղծումը հիմքը դրաւ պետութեան անվտանգութիւնը պաշտպանելու աւելի համակարգուած ու արդիւնաւէտ համակարգի մը: Ազգի համար հնարաւոր սպառնալիքներու մշտադիտարկման պատասխանատուութիւնը, որ վստահուած է ձեզի, կը պահանջէ իրաւասութիւն, թափանցիկութիւն եւ գաղտնիութիւն: Պահանջկոտ ու կարեւոր աշխատանք հասարակութեան համար հնարաւոր սպառնալիքներու վաղ յայտնաբերման համար՝ նպաստելու, նախ եւ առաջ, խաղաղութեան պահպանման: Խօսքերն են ասոնք Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին, զոր Ան ուղղեց Իտալական Հանրապետութեան անվտանգութեան հետախուզութեան համակարգի անդամներուն, որոնց ունկնդրութիւն շնորհեց այսօր՝ 12 Դեկտեմբերին՝ հաստատութեան հիմնադրման 100 ամեակին առթիւ։
Աշխատիլ մասնագիտօրէն եւ բարոյագիտական հայեացքով
100 տարուայ ընթացքին կատարելագործուած հմտութիւններու կողքին, աճած են նաեւ հասարակութիւններու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, նշեց նաեւ Պապը եւ, առ այդ, կարեւորեց բարոյագիտական մօտեցումը աշխատանքին՝ հաշուի առնելով երկու կարեւոր բնոյթներ՝ յարգանքը մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ եւ հաղորդակցութեան բարոյագիտութիւնը:
«Անվտանգութեան գործունէութիւնը չի կրնար չյարգել իւրաքանչիւր անհատի արժանապատւութիւնն ու իրաւունքները», յարեց Լեւոն ԺԴ․՝ անդրադառնալով մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքին։
Զգօն ըլլալ գայթակղութիւններու նկատմամբ եւ երաշխաւորել անհատի իրաւունքները
Աշխատանքային անհրաժեշտութենէ մղուած անհատներու վերաբերեալ տեղեկատւութիւններ հաւաքելու ծիրէն ներս, որոնք զգալի ազդեցութիւն ունին անհատի իրաւունքներուն վրայ, պէտք է զգօն ըլլալ գայթակղութիւններու նկատմամբ եւ միշտ երաշխաւորել «մարդկանց իրաւունքները, անձնական եւ ընտանեկան կեանքը, խղճի եւ տեղեկատուութեան ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ արդար դատաքննութեան իրաւունքը» ըսաւ Քահանայապետը նկատել տալով որ ընդհանուր բարօրութեան հետապնդմանն ուղղուած այդ գործունէութիւնը, «պէտք է կարգաւորուի օրէնքներով», իսկ «ֆինանսական հաշուեկշիռները պէտք է ենթարկուին հանրային եւ թափանցիկ ստուգման»:
Չ'օգտագործել գաղտնի տեղեկատւութիւնը վախցնելու, խեղաթիւրելու, սպառնալու կամ վարկաբեկելու համար
Երկրորդ բնոյթի ծիրէն ներս, որ վերաբերեցաւ հաղորդակցութեան բարոյագիտութեան, Պապը հաստատեց, որ «նոր եւ աւելի զարգացած արհեստագիութիւններու ի յայտ գալը աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ, բայց միեւնոյն ժամանակ մշտական վտանգներու կ’ենթարկէ մեզի»։ Հետեւաբար, այս անգամ Անոր զգօնութեան յորդորը եղաւ՝ «չ'օգտագործել գաղտնի տեղեկատւութիւնը քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու կամ քաղաքացիական հասարակութեան այլ գործիչներու ծառայութիւնները՝ վախցնելու, խեղաթիւրելու, սպառնալու կամ վարկաբեկելու համար»:
«Տեղեկատուութեան զանգուածային եւ շարունակական փոխանակումը կը պահանջէ, որ զգօն ըլլանք եւ քննադատաբար գիտակցինք որոշ կենսականօրէն կարեւոր հարցերու՝ ճշմարտութեան եւ կեղծ լուրերու միջեւ տարբերութիւնը, անձնական կեանքի անհարկի բացայայտումը, ամենախոցելի խումբերու խաբեութիւնը, սպառնալիքի տրամաբանութիւնը եւ ատելութեան ու բռնութեան հրահրումը», շեշտեց Սրբազան Հայրը։
Երախտագիտական խօսք
Իր խօսքին մէջ Ան յատուկէն յիշեց իտալական հետախուզական ծառայութիւններու այն անդամները, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին «նուրբ առաքելութիւններու ժամանակ» եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան անվտանգութիւնը ապահովելու անոնց ջանքերուն համար՝ աւելցնելով․
«Կը ցանկանայի երախտագիտութեան խօսք յայտնել Վատիկանեան Ոստիկանութեան եւ Սուրբ Աթոռի հետ բազմաթիւ ծառայութիւններէն ներս համագործակցութեան համար», ուր, նշեց Ան, «ուրիշներուն ծառայելու այս կարողութիւնն ու հնարաւորութիւնը իսկապէս իրականութիւն կը դառնան ձեր հետ լաւ համագործակցութեան շնորհիւ»։
Աւարտին Սրբազան Պապը օրհնեց ներկաները եւ շնորհաւորեց Սուրբ Ծննդեան տօները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
