Որոնել

Il Papa in Libano, chiedo unit� per la Chiesa e pace per mondo

Լեւոն ԺԴ. Պապին խաղաղութեան համաշխարհային Օրուան պատգամը

«Խաղաղութիւն բոլորիդ. Դէպի անզէն եւ զինաթափող խաղաղութիւն»։ «Փոխանակ յիշողութեան մշակոյթի մը... դպրոցներու և համալսարաններու մէջ, ինչպէս նաև լրատուամիջոցներուն մէջ կը խթանուին հաղորդակցման արշաւներ և կրթական ծրագիրներ, որոնք կը տարածեն սպառնալիքներու ընկալումը և կը փոխանցեն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան զինուած պատկերացում»։ Յարութիւն առած Յիսուսին խաղաղութիւնը անզէն է, քանի որ անոր պայքարը անզէն էր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ամէն տարի մէկ Յունուարին կը յիշատակուի Պօղոս Զ. Քահանայապետին կողմէ հաստատուած Խաղաղութեան Համաշխարհային օրը, որուն առիթով Քահանայապետերը կը հրատարակեն Օրուան նուիրուած պատգամ մը, իւրաքանչիւր տարուայ համար ընտրելով յատուկ նիւթ մը։

Հինգշաբթի` 18 դեկտեմբերին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Քահանայապետութեան առաջին Խաղաղութեան պատգամին, որուն ընտրուած նիւթն էր «Խաղաղութիւն բոլորիդ. Դէպի անզէն եւ զինաթափող խաղաղութիւն» եւ կը կրէ Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնի` 8 դեկտեմբերի թուականը։

Պատգամը կը սկսի. «Խաղաղութիւն քեզի» խաղաղութեան նուիրուած բառերով։ Հին ողջոյնի խօսք մը` որ «այսօր եւս կը գործածուի շատ մը աւանդութիւններու մէջ եւ որ Սուրբ Զատկուան գիշերը լեցուեցաւ նոր եռանդով», կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Յիսուսին այս Խօսքը վերջնական փոփոխութիւն մըն է անոր համար, որ զայն կ՛ընկալէ եւ ասոր համար է, որ Առաքեալներուն յաջորդները անոր ձայն կու տան ամէն օր եւ համայն աշխարհին մէջ։

Զինաթափուած խաղաղութիւն եւ զինաթափ ընող խաղաղութիւն

«Հռոմի եպիսկոպոս ընտրուելէս երեկոյէն ի վեր ես ուզեցի իմ ողջոյնս միացնել այս համախմբային հռչակումին։ Եւ կ՛ուզեմ նաեւ վերահաստատել. Ասիկա յարուցեալ Քրիստոսին խաղաղութիւնն է, անզէն խաղաղութիւն եւ զինաթափող խաղաղութիւն, խոնարհ եւ յարատեւողական։ Կու գայ Աստուծմէ, Աստուած` որ կը սիրէ բոլորս անվերապահ կերպով», կը կարդանք Քահանայապետի խաղաղութեան պատգամին մէջ, որ բաժնուած է երեք մասերու` Յարուցեալ Քրիստոսին խաղաղութիւնը, զինաթափ եղած խաղաղութիւնը ապա զինաթափող խաղաղութիւնը։

Յարուցեալ Քրիստոսին խաղաղութիւնը

Քրիստոսին խաղաղութիւնը կը կայանայ անոր մահուան վրայ յաղթանակին մէջ, որով տապալեց մարդոց միջեւ բաժանումները։

Խաղաղութիւնը գոյութիւն ունի եւ ունի նաեւ հեզ ուժը լուսաւորելու եւ լայնցնելու բանականութիւնը, կը դիմադրէ բռնութեան եւ կը յաղթէ անոր։ Կարեւոր է հաւատալ լոյսին եւ խաղաղութեան, նոյնիսկ ամենախաւար եւ դժուար պայմաններուն մէջ, կը նշէ Սրբազան Պապը գնահատելով բոլոր անոնք` որոնք տակաւին կը գործեն խաղաղութեան ի նպաստ եւ քննադատելով անոնք` որոնք իրատեսական կը նկատեն «յոյսէ զուրկ պատմութիւնները», եւ որոնք «կոյր են ուրիշներու գեղեցկութեան նկատմամբ», «մոռցած են Աստուծոյ շնորհքները, որ միշտ կը գործէ մարդկային սրտերուն մէջ, որքան ալ որ վիրաւորուած ըլլան մեղքով»։

Ուրիշները բոցավառելու համար, դուք պէտք է լոյսը վառած ունենաք ձեր ներսը

Յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն Լեւոն ԺԴ. հրաւէր կ՛ուղղէ քրիստոնեաներուն` ուրիշները ներքաշելու խաղաղութեան, եւ այս ընելու նախ եւ առաջ իրենք ապրելով այդ խաղաղութիւնը։ «Ուրիշները բոցավառելու համար, դուք պէտք է լոյսը վառած ունենաք ձեր ներսը» կը գրէ Ան։

«Խաղաղութիւնը նպատակ ըլլալէն առաջ ներկայութիւն և ուղի է։ Նոյնիսկ եթէ ան խափանուած է ներսէն եւ դուրսէն... պահպանենք զայն ... Նոյնիսկ այն վայրերուն մէջ, ուր մնացած են միայն աւերակներ և ուր յուսահատութիւնը կը թուայ անխուսափելի, այսօր մենք կը գտնենք անձեր, որոնք չեն մոռցած խաղաղութիւնը», կը գրէ Սրբազան Պապը հրաւիրելով բոլորը բացուելու խաղաղութեան, զայն պահպանելու եւ ճանչնալու նաեւ այն վայրերուն մէջ, ուր ամէն ինչ անկարելի կը թուայ։

Ինչպէս Զատկի երեկոյեան Յիսուս մտաւ այն վայրը, ուր հաւաքուած էին վախցած և յուսահատ աշակերտները, այնպէս ալ յարութիւն առած Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը շարունակէ անցնիլ դռներու և արգելքներու միջոցաւ՝ Իր վկաներու ձայներով և դէմքերով։ Ասիկա այն պարգևն է, որ թոյլ կու տայ մեզի չմոռնալ բարին, ճանչնալ զայն որպէս յաղթական, ընտրել զայն կրկին և միասին։

Անզէն խաղաղութիւն

Յիսուսին ճանապարհը կը շարունակէ մնալ խռովութեան և վախի պատճառ եւ անոր խաղաղութիւնը հիմնուած է վստահութեան եւ բռնութեան բացակայութեան վրայ, որ հակառակ է աշխարհի տրամաբանութեան, որ հիմնուած է ուժի եւ վախի վրայ, կը հաստատէ Սրբազան Պապը։

Յարութիւն առած Յիսուսին խաղաղութիւնը անզէն է, քանի որ անոր պայքարը անզէն էր։ Յիսուս արդարեւ կը հրաւիրէ բռնութեան չի պատասխանել այլ բռնութեամբ եւ այս մէկը խռովութեան կը մատնէ իր աշակերտները եւ այսօր եւս կը շարունակէ հարցաքննել քրիստոնեաները` որոնք կոչուած են ըլլալու անոր վկաները ողորմութեամբ եւ պատմական պատասխանատուութեամբ։

Ըստ Սրբազան Պապին Խաղաղութիւնը «պէտք չէ համարել հեռու իտէալ մը այլ մօտիկ իրականութիւն մը` զոր պէտք է ապրիլ եւ պահպանել»։

«Նախայարձակումը, երբ չէ փորձարկուած, կը թափանցէ անձնական և հասարակական կեանքին մէջ՝ արդարացնելով պատերազմն ու վերազինումը», նկատել կու տայ Քահանայապետը մատնանշելով ներկայ համաշխարհային իրականութեան, ռազմական ծախսերու կտրուկ աճին, սպառնալիքի մշակոյթի տարածման և պատերազմի մէջ յառաջադէմ արհեստագիտութեան ու արհեստական ​​բանականութեան օգտագործումին, քննադատելով ռազմական ծախսերը բարձրացնելու կոչերը եւ այս առնչութեամբ ակնարկելով 2024 տարուայ ընթացքին համաշխարհային գետնի վրայ ռազմական ծախսերու բարձրացումին` 9,4% տոկոսով, հասնելով 2,718 միլիառ տոլարի կամ համաշխարհային ՀՆԱ-ի 2.5%-ի ցուցանիշին։

«Փոխանակ յիշողութեան մշակոյթի մը, որ կը պահպանէ քսաներորդ դարուն ձևաւորուած գիտակցութիւնը և չի մոռանար միլիոնաւոր զոհերը, դպրոցներու և համալսարաններու մէջ, ինչպէս նաև լրատուամիջոցներուն մէջ կը խթանուին հաղորդակցման արշաւներ և կրթական ծրագիրներ, որոնք կը տարածեն սպառնալիքներու ընկալումը և կը փոխանցեն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան զինուած պատկերացում» կը գրէ ապա Լեւոն ԺԴ հուսկ յղում կը կատարէ Սուրբ Օգոստինոսին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին եւ Gaudium et spes սահմանադրական փաստաթուղթե, հրաւիրելով առաջնահերթութիւն տալ երկխօսութեան, ունկնդրութեան եւ հանդիպումին։

Անհրաժեշտ է բացայայտել վերազինումը խթանող տնտեսական շահերը և խթանել խղճի և քննադատական​​ մտածողութեան վերածնունդը: Սուրբ Օգոստինսոը մեզի կը յորդորէ զարգացնել և գովաբանել խաղաղութիւնը, մինչդեռ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին օրինակ է արթնութեան և անզէն խաղաղութեան։ Մենք պէտք է միացնենք մեր ուժերը՝ նպաստելու զինաթափող և խոնարհ խաղաղութեան, որ հիմնուած է բացութեան և աւետարանական ողորմածութեան վրայ, կը նշէ Սրբազան Քահանայապետը։

Զինաթափող խաղաղութիւն

«Բարութիւնը զինաթափող է եւ Հաւանաբար այս է պատճառը, որ Աստուած դարձաւ մանուկ» կը գրէ ապա Լեւոն Պապը, ակնարկելով «Մարդեղութեան խորհուրդին» դիտուած որպէս խոնարհութեան և անվերապահ սիրոյ օրինակ։

Աստուած կը բացայայտուի մանուկի մը դիւրաբեկութեան մէջ՝ ցոյց տալով, որ բարութիւնը եւ ուրիշներու հանդէպ հոգատարութիւնը ուժեր են, որոնք կարող են վերափոխել մարդկութիւնը։ Դիւրաբեկութիւնը, յատկապէս մանուկներու և ամենաթոյլերու դիւրաբերութիւնը, կը բացահայէ կեղծ անվտանգութիւնները և կը յիշեցնէ մեզի էականը։

Յովհաննէս ԻԳ Պապին եւ անոր «Խաղաղութիւն Երկրի վրայ» յորդորագիրին ակնարկելով Քահանայապետը կը հաստատէ թէ իսկական զինաթափումը միայն ռազմական չէ այլ համապարփակ` ան կը հայի խիղճերուն, շրջանցելով «պատերազմի հոգեբանութիւնը» եւ խաղաղութիւնը հաստատելով փոխադարձ վստահութեան վրայ:

Կրօնները եւս կարևոր դեր մը ունին այս ուղիին պահպանման գործին մէջ՝ մերժելով հաւատքի ցանկացած քաղաքական կամ բռնի կիրառում և դատապարտելով յանուն կրօնի զէնքն ու բռնութիւնը արդարացնելը, խթանելով աղօթքը, համամիութենական և միջկրօնական երկխօսութիւնը, արդարութիւնը և ներողամտութիւնը:

Հոգևոր չափանիշի հետ միասին, քաղաքական պատասխանատուութիւնը կենտրոնական տեղ կը գրաւէ. դիւանագիտութիւնը, միջնորդութիւնը և միջազգային իրաւունքը «զինաթափող» ուղիներ են, որոնք պէտք է ամրապնդուին, յատկապէս այն աշխարհին մէջ, որ կը յատկանշուի ուժերու անհաւասարակշռութեամբ և համաձայնագրերու խախտումով։

Քահանայապետը առ այդ կոչ կ՛ընէ պայքարելու ճակատագրապաշտութեան և անվստահութեան դէմ եւ սերմանելու յոյս, ու ոչ թէ բռնի մասնակցութիւն, միաւորում եւ վերականգնողական արդարութիւն:

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը յղում կը կատարէ Յոյսի Յոբելեանին, մաղթելով որ զինաթափումը ըլլայ անոր պտուղը, որ միլիոնաւոր մարդիկը մղեց վերագտնելու իրենք զիրենք որպէս ուխտաւորներ և իրենց մէջ սկսելու սրտի, մտքի և կեանքի այդ զինաթափումը, որուն Աստուած շուտով կը պատասխանէ՝ կատարելով իր խոստումները. Ան պիտի դատէ ազգերը և պիտի յանդիմանէ շատ ժողովուրդներ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր պիտի ձուլեն և իրենց նիզակներէն՝ էտոցներ. ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չբարձրացնէ, և անոնք այլևս պատերազմիլ պիտի չսորուին։ Յակոբի տուն, եկէք քալենք Տիրոջ լոյսին մէջ» (Եսայի 2։4-5), եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին 2026-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ պատգամին եզրափակիչ տողերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2025, 11:30