Որոնել

Երեք երանելիներ. Երկու լեհ ֆրանչիսկեաններ՝ Միքայէլ Թոմաշեքը եւ Զբիգնիեւ Սթշալքովսքին, ինչպէս նաեւ իտալացի քահանայ Ալեսանտրօ Տորտին, Երեք երանելիներ. Երկու լեհ ֆրանչիսկեաններ՝ Միքայէլ Թոմաշեքը եւ Զբիգնիեւ Սթշալքովսքին, ինչպէս նաեւ իտալացի քահանայ Ալեսանտրօ Տորտին,  

Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեց Չիմպոթէի նահատակները. իսկական հովիւներ, որոնք ցոյց կու տան հաղորդութիւնը:

Երեք երանելիներ. Երկու լեհ ֆրանչիսկեաններ՝ Միքայէլ Թոմաշեքը եւ Զբիգնիեւ Սթշալքովսքին, ինչպէս նաեւ իտալացի քահանայ Ալեսանտրօ Տորտին, որոնք միսիոնարներ էին Փերուի մէջ եւ սպաննուեցան հաւատքի հանդէպ ատելութեամբ 1991-ին։ Լեւոն ԺԴ.-ին Պապին պատգամը, երանացման 10-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը յղեց Չիմպոթէի նահատակներուն՝ երանելիներ Միքայէլ Թոմաշէք, Զպիկնիեւ Սթրզալքովսքի եւ Ալեսանդրօ Տորտիի երանութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով, շեշտելով անոնց հաւատարմութեան եւ Տիրոջ հանդէպ սիրոյ վկայութեան կարեւորութիւնը, նոյնիսկ նահատակութեան մէջ։

Ան յիշեցուց, թէ ինչպէս այդ քահանաները, որոնք եկած են տարբեր մշակոյթներէ եւ կոչումներէ՝ երկու լեհ ֆրանչիսկեաններ եւ մէկ իտալացի թեմական քահանայ՝ նուիրումով կիսեցին Փերուի համայնքներուն կեանքը, տօնեցին Սուրբ Խորհուրդները, զօրացուցին աղքատները եւ ապրեցան առաքելութիւնը սիրոյ ու բազմազանութեամբ, որը, Քրիստոսով միաւորուեցան Աւետարանի մէկ միակ վկայութեան։

Պատգամին մէջ Պապը ընդգծեց, որ նահատակներուն միջեւ եղած բազմազանութիւնը հեռաւորութիւն չստեղծեց, այլ հարստացում, ցոյց տալով, որ քրիստոնէական հաղորդութիւնը կը գերազանցէ մշակութային եւ անձնական տարբերութիւնները։

Անոնց նահատակութիւնը չ՝եղաւ անձնական ծրագիրներուն համար, այլ իբրեւ Տիրոջ ու Անոր ժողովուրդին սիրոյ պարգեւ, յայտնելով որ եկեղեցւոյ մէջ իսկական հաղորդութիւնը կը հիմնուի Քրիստոսի մէջ միութեան վրայ, եւ ոչ թէ մարդկային կարծիքներուն վրայ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամին մէջ կոչը ըրաւ Փերույի, Լեհաստանի, Իտալիոյ եւ ողջ աշխարհի երիտասարդներուն քաջալերելով զանոնք պատասխանելու Աստուծոյ կոչին՝ հաւատարմութեամբ, անկախ ճանապարհի տեւողութենէն։

Նահատակներուն կեանքը ցոյց կու տայ որ առաքելութեան պտղաբերութիւնը կախեալ է հաւատարմութենէն եւ ոչ թէ տեւողութենէն, նշեց Սրբազան Հայըր
Հրաւիրեց երիտասարդները չվախնալու կոչէն, ու յորդորեց երիտասարդ քահանաները առատաձեռնօրէն իրենք զիրենք ընծայելու հետեւելով նահատակներուն օրինակին։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց խնդրելով որ այս նահատակներուն յիշատակը լուսաւորէ Չիմչոթէի եկեղեցին եւ համայն աշխարհի ճանապարհը, որպէսզի առատաձեռն սիրտով հետեւին Քրիստոսի օրինակին։ Հայցելով Տիրամօր հովանին, Նորին Սրբութիւնը շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2025, 09:23