Որոնել

Առցանց է Քահանայապետական տարեգիրքին թուայնացուած տարբերակը

Ութը դեկտեմբերէն հասանելի է Քահանայապետական տարեգիրքին թուայնացուած տարբերակը ուր կարելի է գտնել համայն աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ մասին ամբողջ տեղեկատուութիւնը։ Ծրագիրը մշակուած է Պետական ​​Քարտուղարութեան և Հաղորդակցութեան Վերատեսութեան կողմէ որուն առաջին այցելուն եղաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը։ «Ան մեծ օգուտ պիտի բերէ բոլոր անոնց որոնք կը ծառայէն Եկեղեցւոյ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ութը դեկետմբերէն սկսեալ  հասանելի դարձաւ  Քահանայապետական Տարեգիրքի նոր թուային հարթակը, որ Հռոմի Քուրիայի, թեմերու, կրօնական հաստատութիւններու և Նուիրակութիւններու վերաբերեալ տուեալներու համապարփակ պաշտօնական տեղեկատուն է, եւ դարձաւ առցանց։

Ծրագիրը մշակուած է Պետական ​​Քարտուղարութեան և Հաղորդակցութեան Վերատեսութեան կողմէ, եւ որ անցեալ օրերուն ներկայացուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին` Պետական Քարտուղարութեան Տեղակալ Գերապ. Էտկար Փենիա Փառայի եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Քարտուղար Գերապ. Լուչօ Ատրիան Ռոյցի կողմէ երկու վերոնշեալ կառոյցներու այլ ներկայացուցիչներուն հետ միասին։

Քահանայապետը եղաւ այդ ծրագրին առաջին այցելուն եւ օգտագործողը։
Քահանայապետը եղաւ այդ ծրագրին առաջին այցելուն եւ օգտագործողը։

Քահանայապետը եղաւ այդ ծրագրին առաջին այցելուն եւ օգտագործողը։ Ան ապա ներկաներուն ուղղեց երախտագիտութեան խօսքեր քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց աշխատանքը ծառայութեան հոգիով, «որպէսզի այն ինչ` որ ծնունդ կ՛առնէ հոգատարութենէն եւ ուշադրութենէն ժամանակի ընթացքին դառնայ միշտ աւելի մեծ օգնութիւն»։

Թուային տարեգիրքը մշտական ​​թարմացումներ կ՛ առաջարկէ նշանակումներու, պաշտօններու և եկեղեցական կառուցուածքներու վերաբերեալ՝ գերազանցելով թղթային տարբերակի սահմանափակումները: Ան նաև թոյլ կու տայ կատարել խորացուած որոնումներ՝ հիմնուած անունի, թեմի, պաշտօնի, երկրի և այլ չափանիշներու վրայ:

Այս նոր հարթակը օգտակար գործիք է Քուրիայի, Նուիրակութիւններու Եպիսկոպոսական համաժողովներու, ակադեմիական հաստատութիւններու և լրագրողներուն համար՝ երաշխաւորելով հաստատագրուած և անընդհատ թարմացուող տուեալներ: Նախագիծը կը շարունակէ զարգանալ պատմական նիւթերու և նոր հնարաւորութիւններու ընդելուզման միջոցաւ:

Ծրագիրը հասանելի է https://www.annuariopontificio.catholic/ կայքին վրայ և iOS և Android համակարգերու համար նախատեսուած յաւելուածի միջոցաւ։ Զայն օգտագործելու համար անհրաժեշտ է գրանցուիլ ցանցային տարբերակի վրայ կամ ներբեռնել յաւելուածը Apple Store-էն կամ Google Store-էն։ Հասանելի է երկաստիճան բաժանորդագրութեան համակարգ, որ կը կ՛ ապահովէ մշտական ​​մուտք և տուեալներու ամենօրեայ թարմացումներ։

Քահանայապետական տարեգիրքին թղթային տարբերակը
Քահանայապետական տարեգիրքին թղթային տարբերակը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2025, 11:33