Որոնել

2025.08.14 panorami di Castel Gandolfo da Villa Barberini

Սրբազան Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի մէկ դպրոցին մէջ կը մասնակցի մանուկներու ծննդեան համերգին

Քասթել Կանտոլֆոյի Պօղոս Զ Քահանայապետական դպրոցը կաթողիկէ մասնաւոր դպրոց է, որ կը գտնուի Քահանայապետական Վիլլա Պարպերինիի 700 մեթր և Պապական Պալատէն 350 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Պօղոս Զ-ը խրախուսած է դպրոցի կառուցումը՝ որպէս նուէր տեղի բնակչութեան՝ ցոյց տալով Եկեղեցւոյ սէրը Քասթել Կանտոլֆոյի համայնքի՝ պապական ամարային նստավայրի նկատմամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կէսօրէն ետքը, ժամը 5-ին, Լևոն ԺԴ-ը Սրբազան Պապը կ՛այցելէ Քասթել Կանտոլֆոյի Պօղոս Զ Քահանայապետական դպրոց, ուր կը մասնակցի դպրոցի մանուկներու կողմէ պատրաստուած Սուրբ Ծննդեան համերգին: Որոշ լուսանկարներ և տեսանիւթեր կը հրապարակուին Vatican Media-ի կողմէ և կը տարածուին հանդիպման աւարտին»: Սոյն լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին Թելեկրամ ալիքին վրայ։

Դպրոցի մասին որոշ տեղեկութիւններ.

Քասթել Կանտոլֆոյի Պօղոս Զ Քահանայապետական դպրոցը կաթողիկէ մասնաւոր դպրոց է, որ կը գտնուի Քահանայապետական Վիլլա Պարերինիի 700 մեթր և Պապական Պալատէն 350 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Պօղոս Զ-ը խրախուսած է դպրոցի կառուցումը՝ որպէս նուէր տեղի բնակչութեան՝ ցոյց տալով Եկեղեցւոյ սէրը Քասէել Կանտոլֆոյի համայնքի՝եւ  պապական Ամարային նստավայրի նկատմամբ:

Շէնքին բացումը կատարած է նոյնինքն Պօղոս Զ.-ը 1968-ի սեպտեմբեր 12-ին՝ որուն առիթով իր ունեցած ելոյթին մէջ ընդգծած է կաթողիկէ կրթութեան կարևորութիւնը նոր սերունդներուն համար:

Այսօր դպրոցն ունի միջին 300 աշակերտ խառն դասարաններու մէջ, որոնց կ՛ առաջարկուին կաթողիկէ սկզբունքներու վրայ հիմնուած կրթութիւն՝ արտադասարանային գործունէութեամբ, ինչպիսիք են մարզանքը, երաժշտութիւնը, օտար լեզուները, քաղաքացիական կրթութիւնը և սնունդը:

Դպրոցը կը շարունակէ մնալ Քասթել Կանտոլֆոյի և շրջակայ տարածքի (ներառեալ Ալպանօ Լացիալէի) համար յենակէտ՝ վերջին տարիներուն աշակերտներու թիւին աճումով:

2021 թուականին, իր 53-ամեակին առիթով դպրոցը ստացաւ Սուրբ Պօղոս Զ-ին մասունքը, որ այժմ պահուած է ներքին մատրան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2025, 13:16