Որոնել

2025.12.10 Riccardo Muti

Սուրբ Ծննդեան համերգը Վատիկանի մէջ. Լևոն ԺԴ.-ը Ռիքքարտօ Մութիին կը շնորհէ 2025 թուականի Ռացինկեր մրցանակը։

«Gravissimum Educationis – Մշակոյթ կրթութեան համար» Քահանայապետական հիմնարկի կողմէ եւ «Galileo Foundation» օժանդակութեամբ կազմակերպուած Երեկոյի ժամանակ, Սրբազան Քահանայապետը մայեսթրօ Մութիին պիտի յանձնէ 2025 թուականի «Ռացինկեր» մրցանակը, որ ամէն տարի կը շնորհուի մշակոյթի և արւեստի ոլորտի ականաւոր գործիչներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 12 դեկտեմբերի, ժամը 18:00-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կը կայանայ Սուրբ Ծննդեան համերգը, որուն կը մասնակցի նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը եւ այս պիտի հանդիսանայ անոր Վատիկանի մէջ Սուրբ Ծննդեան Համերգի առաջին մասնակցութիւնը, որ պիտի ղեկավարէ մայեսթրօ Ռիքքարտօ Մութին, որուն ընթացքին պիտի հնչէ Լուիճի Քերուպինիի Քարլոս Ժ-ի թագադրման պատարագը (1825), որ պիտի կատարեն Լուիճի Քերուպինիի երիտասարդական նուագախումբը և Սիենայի տաճարի «Կուիտօ Քիճի Սարաչինի» երգչախումբը:

«Gravissimum Educationis – Մշակոյթ կրթութեան համար» Քահանայապետական հիմնարկի կողմէ եւ «Galileo Foundation» օժանդակութեամբ կազմակերպուած երեկոյի ժամանակ, Սրբազան Քահանայապետը մայեսթրօ Մութիին պիտի յանձնէ 2025 թուականի «Ռացինկեր» մրցանակը, որ ամէն տարի կը շնորհուի մշակոյթի և արւեստի ոլորտի ականաւոր գործիչներուն:

Որոշումը հաստատուած է Սրբազան Պապի կողմէ՝ Վատիկանի «Ժոզեֆ Ռացինգեր – Պենետիկտոս ԺԶ հիմնադրամ»Ի գիտական ​​կոմիտէի առաջարկութեամբ:

Մրցանակը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ ի տես Մութիին եւ Պենետիկտոս ԺԶ.-ի միջեւ գոյութիւն ունեցած փոխադարձ յարգանքի կապին, յատկապէս այն երեւոյթին համար որ երջանկայիշատակ Քահանայապետը խորապէս կը գնահատէր մայեսթրոյին արւեստը: Մութին երախտագիտութեամբ ընդունեց լուրը՝ յուզմունքով յիշելով Պենետիկտոսի հետ իր վերջին անձնական հանդիպումը:

Համերգը նպատակ ունի նաեւ ուշադրութիւնը հրաւիրել կրթական արտակարգ իրավիճակի վրայ, որ շատ սիրելի նիւթ մըն է Լևոն ԺԴ Պապին համար. Արդարեւ աշխարհին մէջ 60 միլիոն էրեխա չունի դպրոց յաճախելու հնարաւորութիւն, իսկ 160 միլիոնը՝ չի յաճախէր միջնակարգ դպրոց: Հետևաբար, նախաձեռնութիւնը նաև կ՜ուզէ կոչ մը ըլլալ պատասխանատուութեան եւ զօրակցութեան երիտասարդներու և կրթութեան համընդհանուր իրաւունքի նկատմամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2025, 08:57