Որոնել

Լևոն ԺԴ Պապին խօսքը Մայեսթրօ Ռիքքարտօ Մութիի ղեկավարած Սուրբ Ծննդեան համերգի մասնակցողներուն

Խօսքը ուղղելով հուսկ Մայեսթրօ Մութիին, որ Ռացինկեր մրցանակը կը ստանայ «ի նշան երաժշտութեան նուիրուած կեանքի մը գնահատանքին» Քահանայապետը յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ.ին խօսքերը հայող գեղեցկութեան ուր Ան կը հաստատէ` թէ «Իսկական գեղեցկութիւնը կը վիրաւորէ, կը բանայ սիրտը եւ կը լայնացնէ զայն»։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա հանգուցեալ Պենետիկտոս ԺԶ-ին հետ Մութիին ունեցած յատուկ կապը եւ անոնց հանդիպումները, եւ Քահանայապետի կողմէ անոր շնորհուած «Սուրբ Գրիգոր Մեծի Մեծ խաչ» շքանշանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 12 դեկտեմբերի, ժամը 18:00-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած մայեսթրօ Ռիքքարտօ Մութիին ղեկավարած Սուրբ Ծննդեան համերգին աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, որ ներկայ գտնուած էր համերգին երախտագիտութեան խօսք մը արտասանեց որուն ընթացքին մեծապէս գնահատեց Մայեսթրօ Մութիին վաստակը երաժշտութեան ասպարէզէն  ներս եւ այս առիթով անոր յանձնեց Ռացինկեր մրցանակը։

Երաժշտութիւնը առանձնաշնորհեալ ճանապարհհասկնալու համար մարդ արարածի բարձր արժանապատուութիւնը 

Խօսքին սկիզբը Սրբազան Պապը յիշելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը հաստատեց թէ «երաժշտութիւնը առանձնաշնորհեալ ճանապարհ է հասկնալու համար մարդ արարածի բարձր արժանապատուութիւնը ու զայն վերահաստատելու անոր ամենաիրական կոչումին մէջ»։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպող Կրթութեան եւ Մշակոյթի Վատիկանեան Վերատեսչութեան եւ Gravissimum Educationis Քահանայապետական հիմնարկին ու բոլոր անոնց` որոնք համագործակցեցան անոր իրականացման գործին։

Երաժշտութիւնը` զայն մշակողներուն կու տայ իմաստուն և հանգիստ հայեացք

Խօսքը ուղղելով հուսկ Մայեսթրօ Մութիին, որ Ռացինկեր մրցանակը կը ստանայ «ի նշան երաժշտութեան նուիրուած կեանքի մը գնահատանքին» Քահանայապետը յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ.ին խօսքերը հայող գեղեցկութեան ուր Ան կը հաստատէ` թէ «Իսկական գեղեցկութիւնը կը վիրաւորէ, կը բանայ սիրտը եւ կը լայնացնէ զայն»։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա հանգուցեալ Պենետիկտոս ԺԶ-ին հետ Մութիին ունեցած յատուկ կապը եւ անոնց հանդիպումները, ըլլայ երբ երջանկայիշատակ Քահանայապետը տակաւին Կարդինալ էր, ըլլայ երբ Ան դարձաւ Պենետիկտոս ԺԶ եւ Մայեսթրօ Մութիին յանձնեց «Սուրբ Գրիգոր Մեծի Մեծ խաչ» շքանշանը։

«Այսօրուան մրցանակը այդ յարաբերութիւններու շարունակութիւնն է, խորհուրդին բացուած  եւ հասարակաց բարիքին ու ներդաշնակութեան կողմնորոշուած ​​երկխօսութեան», ըսաւ Քահանայապետը յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը որ ըսած էր թէ «երաժշտութիւնը` զայն մշակողներուն կու տայ իմաստուն և հանգիստ հայեացք, որուն միջոցաւ բաժանումներն ու հակասութիւնները կը յաղթահարուին աւելի դիւրութեամբ, որպէսզի ըլլան՝ նման նուագախումբի գործիքներուն կամ երգչախմբի ձայներուն՝ ներդաշնակութեան մէջ»։

Ներդաշնակութեան կարեւորութիւնը

«Ներդաշնակեցնելը կը նշանակէ միասին պահել այն տարբերութիւնները, որոնք այլապէս կարող էին բախուիլ իրարու, անոնց թոյլ տալով ստեղծել աւելի բարձր միութիւն: Լռութիւնը նոյնացուես կը նպաստէ նայս նպատակին. անիկայ բացակայութիւն չէ, այլ նախապատրաստութիւն, քանի որ անոր մէջ կը ձևաւորուի խօսքի հնարաւորութիւնը, և այդ դադրին մէջ է` որ ի յայտ կու գայ ճշմարտութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը:

Սրբազան Պապը առ այդ ընդգծեց երաժշտութեան արուեստի կարեւորութիւնը, որպէս միութեան եւ խաղաղութեան գործիք այս ծիրէն ներս կարեւորելով նաեւ Մայեսթրօ Մութիին բարոյական պատասխանատուութիւնը` ներդաշնակութիւնը խթանելու տարբերութիւններուն մէջ ու զայն ներկայացնելով կազմաւորումի եւ բաժնեկցութեան օրինակ, երիտասարդները ներգրաւելու գործին մէջ։

Բարձրացնել կրթութեան նկատմամբ իրազեկութիւն եւ յանձնառում

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա «Լուիճի Քերուպինի» նուագախմբին և «Կուիտօ Քիճի Սարաչինի» երգչախումբին՝ երիտասարդ տաղանդներուն ձայն տալու համար:

«Այսօրուայ համերգը հնարաւորութիւն է բարձրացնելու կրթութեան նկատմամբ իրազեկութիւն եւ յանձնառում։ Աշխարհին մէջ միլիոնաւոր մանչ եւ աղջիկներ զրկուած են կրթութեան որեւէ գործընթացէ: Ասոր համար ես յոյսով կ՛ողջունեմ «Անհաւասարութեան և կրթութեան ընդհանուր հասանելիութեան դիտարանի» ստեղծումը, որ յայտարարուած է Համաշխարհային կրթութեան վերջին յոբելեանի առիթով», ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով նաեւ Կրթութեան եւ Մշակոյթի Վերատեսչութեան այս ծրագրին մէջ ներգրաւումի քայլերուն ապա Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով հրաւիրեց շարունակել Խաղաղութեան պարգեւին ի սպաս աղօթքները ապա բոլոր ներկաներուն ու հեռուստակայանի միջոցաւ կապուած բոլոր հանդիսատեսներուն վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2025, 19:22