Որոնել

Ինտոնեզիոյ, Սրի Լանքայի մէջ բնական աղէտներ Ինտոնեզիոյ, Սրի Լանքայի մէջ բնական աղէտներ  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Պապը օգնութիւն ուղարկեց հեղեղներէն տուժած Ասիական երկիրներուն

Քահանայապետը Առաքելական ողորմնաբաշխութեան միջոցաւ Իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց Հարաւային եւ Հարաւ եւ Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ մի քանի Երկիրներու, որոնք մեծ դժուարութեան մէջ են՝ աւերիչ փոթորիկներու հետեւանքով, որոնք պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր եւ նիւթական վնասներ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Գրեթէ 1800 զոհ եւ աւելի քան հազար անյայտ կորսուած են Հարաւային եւ Հարաւ-Արեւելեան Ասիոյ տարբեր երկիրներու մէջ ողողումներուն եւ հողի սահանքներուն հետեւանքով, որ լուրջ դժուարութիւններ ստեղծեցին նաեւ փրկարար աշխատանքներուն համար։ Ամբողջ գիւղեր իսկապէս կը մնան մեկուսացած այն բանէ յետոյ, որ կամուրջներն ու ճանապարհները քշուած են ջուրի եւ ցեխի ցասումով։

Այս արտակարգ դրութեան դիմաց Լեւոն ԺԴ. Պապը, Առաքելական Ողորմաբաշխութեան միջոցաւ, օգնութիւն ուղարկեց ծանր դժուարութեան մէջ գտնուող երկիրներուն, ինչպէս՝ Սրի Լանքա, Ինտոնեզիա, Վիէթնամ եւ Թայլանտ։

Դեկտեմբեր 7-ի կիրակի օրուայ «Հրեշտակ Տեառն»-ի աղօթքի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Իր մօտիկութիւնը յայտնեց բնական աղէտներէն ծանր տուժած բնակչութիւններուն։ Ան վստահեցուց իր աղօթքը եւ համայն աշխարհի միջազգային հանրութեան կոչ ըրաւ զօրակցութեան ժեստեր կատարելու աշխարհի այն շրջաններուն մէջ ծանր դժուարութիւններ ունեցող անձերուն նկատմամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2025, 09:23