Երկխօսութիւն եւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններ. Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ Նախագահ Զելենսքիի հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր՝ 2025 թուականի դեկտեմբերի 9-ին, Սրբազան Քահանայապետ Լևոն ԺԴ-ը Քասթել Կանտոլֆոյի իր նստավայրին մէջ ընդունեց Ուքրաինայի նախագահ` Նորին Գերազանցութիւն Վլատիմիր Զելենսքն» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ու նաեւ կը նշուի թէ. «Ուքրանիայի մէջ պատերազմին նուիրուած ջերմ զրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը վերահաստատեց երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը և վերահաստատեց նաեւ իր յոյսը, որ շարունակական դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները կարող ըլլան հանգեցնելու արդար և երկարատև խաղաղութեան»։
«Բացի այդ, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ռազմագերիներու հարցին և ուքրանացի երեխաներու իրենց ընտանիքներուն մօտ վերադարձը ապահովելու անհրաժեշտութեան» մասին։
Յայտնենք` որ նախագահ Զելենսքին Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպում ունեցաւ նեաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Վարչապետ Ճորճա Մելոնիի հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
