Անարատ Յղութեան տօնին Լեւոն ԺԴ. Պապը կ՝այցելէ Փիացցա Տի Սպանիա
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի՝ Դեկտեմբերի 8-ին, ողջ օրուան ընթացքին, Հռոմի քաղաքացիներն ու տարբեր կազմակերպութիւններ ծաղիկներ կը զետեղեն Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանին մօտ, որ կը գտնուին Փիացցա Մինեանելլիի վրայ։ Աւանդոյթի համաձայն, առաջին ծաղիկները կը դնեն Հրշէջները։ Յետմիջօրէին Ժամը 4։00-ին Տիրամօր արձանին մօտ կը ժամանէ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը որուն կը դիմաւորեն Հռոմի թեմի փոխանորդ կարդինալ Պալտօ Ռէյնան եւ Հռոմի քաղաքապետ Ռոպերթօ Կուալթիերին։
Աւանդութիւնն ու նուիրումը կը միաձուլուին Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին օրը, որ կը նշուի Դեկտեմբերի 8-ին։
Երկուշաբթի՝ Դեկտեմբերի 8-ին, ողջ օրը, ինչպէս միշտ, հաւատացեալներու խումբերն ու անհատներ իրենց յարգանքը կը մատուցեն Անարատ Յղութեան յուշարձանին՝ Փիացցա Մինեանելլիի մէջ, Փիացցա Տի Սպանիոյ մօտ։
Արդարեւ Հռոմի հրշէջները, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ, իրենց կարգին կը մեծարեն Անարատ Յղացեալը որպէս իրենց պաշտպան Սրբուհին։ Հրշէջներէն մէկ կը բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը, արժանանալով ներկայ հաւատացեալներուն եւ հետաքրքիրներու ծափողջոյններուն։
Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։
Ս. Կոյս Մարիամի պրօնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ սիւնի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ասդին, ամէն տարի, մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով, կը կատարուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։ Արարողութեան կը մասնակցին մայրաքաղաքին թէ քաղաքական թէ եկեղեցական ներկայացուցիչները։
Պիոս ԺԲ Քահանայապետը եղաւ առաջինը որ Անարատ Յղութեան տօնին օրը ծաղիկ կ՛ուղարկէր Սպանիա հրապարակի վրայ գտնուող արձանին։ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ 1958-ին անձամբ այցելեց Սպնիայի հրապարակը եւ այնտեղ զետեղեց սպիտակ վարդերու փունջ մը, ապա այցելեց Մարիա Մաճճորէ` Հռոմի Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած տաճարը։ Այս սովորութիւնը շարունակուեցաւ Պօղոս Զ, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիկոս Քահանայապետերու կողմէ։
Այս տարի, առաջին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապը։ Ան Փիացցա Տի Սպանիա հրապարակ կը հասնի յետմիջօրէին ժամը 4։00-ին, աղօթելու եւ յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակ դնելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
