Որոնել

Կարդինալ Պշարա Ռայի Պատրիարքը Կարդինալ Պշարա Ռայի Պատրիարքը 

Պշարա Ռայի. Քահանայապետը Լիբանան՝ խաղաղութեան անունով նոր էջ բանալու համար

Անտիոքի Մարոնի Պատրիարքը յոյս կը յայտնէ, որ Լեւոն ԺԴ-ի այցելութիւնը փոխէ սիրտերը եւ երկրի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ թափը տայ Իր յոյսի պատգամին շնորհիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անհրաժեշտ է օգտուիլ Քահանայապետին Լիբանան կատարած այցելութեան առիթէն՝ երկրի տառապալից պատմութեան մէջ շրջադարձ մը մտցնելու համար։ Այս կը շեշտէ Անտիոքի Մարոնի Պատրիարք, Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռայի Պատրիարքը, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։

Կարդինալը կը շեշտէ, որ Լեւոն ԺԴ-ը Մայրիներուն Երկիրը կու գայ ոչ թէ «դատարկ ձեռքերով», այլ հաշտութեամբ, աջակցութեամբ եւ յոյսով լեցուն խօսքերով։ «Ինծի համար, – կը բացատրէ Կարդինալը, – այցելութիւնը անձնական կոչ մըն է, կոչ մը իւրաքանչիւր լիբանանցիի, կոչ մը՝ փոխուելու, էջը շրջելու եւ նոր մը բանալու. խաղաղութեան էջը, յոյսի էջը, որովհետեւ չենք կրնար ապրիլ՝ կարծես ոչինչ պատահած է»։

Այցելութիւն մը՝ սիրտերը փոխելու համար

Անկեղծութեամբ, որ միշտ զինք յատկանշած է, Կարդինալ Պէշարա Պութրոս Ռային, կը նայի ապագային եւ այն վտանգին, որ այցելութեան աւարտին ամէն բան վերադառնայ սկզբնակէտ։ «Կը յուսանք, որ լիբանանցիները գնահատեն այս այցելութեան արժէքը, որ Քահանայապետը կամեցաւ Լիբանանի համար, որովհետեւ Ան գիտէ, որ Լիբանանը շատ, շատ ծանր պահ մը կ'ապրի քաղաքական մակարդակով, եւ ինչպէս կ'ըսեն արաբերէնով, պատերազմի թմբուկները կը հնչեն»։

Խաղաղութեան եւ Յոյսի Պատգամ մը

«Քահանայապետը, – կը շարունակէ կարդինալը, – կու գայ խօսելու խաղաղութեան մասին, խօսելու յոյսի մասին, կը դիմէ բոլորին սիրտերուն»։ Արժէքներ, որոնք, Կարդինալ Պէշարա Ռային համոզուած է թափանցելու են Քահանայապետին ճառերը, որովհետեւ անոր խօսքերը, կ'աւելցնէ Ան, յատկապէս քրիստոնեաներուն կամ մահմետականներուն ուղղուած ճառեր չեն, այլ բոլորին համար են, իւրաքանչիւր լիբանանցի տղամարդու եւ կնոջ համար։ «Ասիկա ինծի համար Քահանայապետին այցելութեան արժէքն է»։

Անտիոքի Մարոնի Պատրիարքին ամենամեծ յոյսն է, որ պիտի քաղուին այն սերմերուն պտուղները, որոնք Լեւոն ԺԴ-ն կը ցանէ այս օրերուն, այլապէս «կորուստ մը պիտի ըլլայ», մինչդեռ անհրաժեշտ է մի անգամ ընդմիշտ կեանք տալ աշխարհի վրայ աւելի ու աւելի բացուող հայեացքի մը եւ զայն փոխել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2025, 12:43