Որոնել

IL PAPA A SORPRESA AL SENATO VISITA LA MOSTRA SULLA BIBBIA

Լևոն ԺԴ-ը ճաշեց Իտալիայի մօտ առաքելական Նուիրակութեան մէջ

Կէսօրէն ետքը ԱՆ փոխադրուեցաւ Palazzo della Minerva ուր կը գտնուի Իտալիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտի գրադարանը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

«Լևոն ԺԴ. Պապը այսօր կէսօրուան ճաշը կիսեց Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ առաքելական Նուիրակութեան մէջ, ապա կէսօրէն ետքը փոխադրուեցաւ Palazzo della Minerva ուր կը գտնուի Իտալիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտի գրադարանը» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը «Թելեկրամ» ալիքի վրայ։

Այնտեղ նշուած է նաեւ թէ Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Ծերակոյտի նախագահ Տիար Ինիացիօ Լա Ռուսսայի կողմէ որուն կ՜ընկերանար Ծերակոյտի ընդհանուր քարտուղար Տոքթ. Ֆետերիքօ Սիլվիօ Թոնիաթոն։

Արխիւային սենեակին մէջ, փոխնախագահներու, Ոստիկանապետերու և Ծերակոյտի խումբերու նախագահներու հետ կարճ ողջոյնէ ետքը, Սրբազան Պապը բացումը կատարեց աւանդական Ծննդեան մսուրին, քօղազերծելով Յիսուս Մանուկի պատկերը։

Ան ապա Ծերակոյտի նախագահի և գլխաւոր քարտուղարի ընկերակցութեամբ կարճատև այցելութիւն տուաւ «Քափիթոլարէ» դահլիճ, ուր տեղակայուած է Borso d’Este Աստուածաշունչի ցուցահանդէսը, որմէ ետքը վերադարձաւ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2025, 16:01