Լեւոն ԺԴ. Պապին շնորհակալութեան խօսքը աղքատներու համերգին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 6 դեկտեմբերին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած աղքատներուն նուիրուած համերգի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց` որուն սկիզբը ուրախութիւն յայտնեց «Ֆրանչիսկոս Պապի սրտէն ծնած» այդ համերգին մասնակցելուն համար։
Շնորհակալութեան խօսք
«Այս երեկոյ մենք զգացինք երաժշտութեան անգնահատելի արժէքը որ աստուածային պարգեւ մըն է բոլորի համար` աղքատներ, հարուստներ, գիտուններ եւ պարզ մարդիկ։ Ասոր համար իմ ողջոյնս ուղղելով ձեզմէ իւրաքանչիւրին` յատուկ ուրախութիւն կը զգամ ընկալելու ձեզ, եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնց համար մենք այսօր ապրեցանք այս համերգը. Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հմերգի պատուոյ հիւր` աղքատներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կարդինալներ Ռէյնային ու Քրայեւսքիին` Հռոմի Թեմի տեղակալ արքեպիսկոպոս եւ բարեգործութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչին ու այլ բարեգործական հաստատութիւններուն, որոնք սատարեցին ձեռնարկի իրականացման։
Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հռոմի Թեմի Երգչախումբին ու Նուագախումբին եւ Ղեկավար Գերապ. Մարքօ Ֆրիզինային ինչպէս նաեւ «Նովա Օբերա» հիմնարկին,ւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով երգիչ Մայքըլ Պուպլէյին, եւ դերասանուհի ու երգչուհի Սերենա Աութիերիին։
Երաժշտութիւնը կամուրջ
«Սիրելի՛ բարեկամներ, երաժշտութիւնը կամուրջի նման է, որ մեզ կը տանի դէպի Աստուած։ Ան ունակ է փոխանցելու զգացմունքներ, յոյզեր, նոյնիսկ հոգիի ամենախոր թրթռումները, զանոնք բարձրացնելով դէպի վեր, վերածելու երկիրն ու երկինքը կապող երևակայական աստիճանի։ Այո՛, երաժշտութիւնը կարող է բարձրացնել մեր հոգիները։ Ոչ թէ որովհետև ան մեզ կը շեղէ մեր տառապանքներէն, մեզ կ՛ապշեցնէ կամ կը ստիպէ մոռանալ կեանքի խնդիրներն ու դժուարին իրավիճակները, այլ` որովհետև ան կը յիշեցնէ մեզի, որ մենք աւելին ենք, քան մեր խնդիրներն ու մեր դժուարութիւնները. մենք Աստուծոյ սիրելի զաւակներն ենք» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը, արժանանալով ութը հազար ներկաներուն ծափահարութեան,, ու մատնանշելով` թէ ինչպէս Սուրբ Ծնունդը կը տօնախմբուի երաժշտութեամբ, նման Յիսուսի ծննդեան ժամանակ երբ երկնքի մէջ հնչեց հրեշտակներուն համերգը, զոր ունկնդրեցին պարզունակ հովիւները։
Պատրաստուինք Տիրոջ հետ հանդիպումին
«Սիրելիներ, այս Ծննդեան տօներուն եկէք պատրաստուինք Տիրոջ հետ հանդիպման, որ կու գայ։ Եկէք համոզուինք, որ մեր սրտերը չի ծանրաբեռնուին, չի մխրճուին եսասիրական հետաքրքրութիւններու և նիւթական հոգերու մէջ, այլ ըլլան արթուն, ուշադիր ուրիշներուն, կարիքաւորներուն, ըլլան պատրաստ լսելու Աստուծոյ սիրոյ երգը, որ Յիսուս Քրիստոսն է։ Այո՛, Յիսուս Աստուծոյ սիրոյ երգն է մարդկութեան համար։ Եկէք լսենք այս երգը։ Եկէք լաւ սովրուինք զայն, որպէսզի մենք ալ կարողանանք զայն երգել մեր կեանքով» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. եւ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ու մաղթելով «Գալստեան շրջանի» բարի ուղեւորութիւն ու շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
