Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լիբանանի մէջ երկրորդ օր

Սրբազան Քահանայապետը` որ երէկ ժամանած էր Լիբանան, այսօր առաւօտեան օրակարգը սկսաւ Սուրբ Շարպելի սրբավայր ուխտագնացութեամբ, ապա փոխադրուեցաւ Հարիսայի Սրբավայր ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի կղերական դասին հետ հուսկ Լիբանանի Կաթողիկէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն հետ, որոնց հետ կիսեց նաեւ կէսօրուան ճաշը։ Ան ապա փոխադրուեցաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ ուր մասնակցեցաւ իսլամ-քրիստոնէական միջկրօնական հանդիպումի մը որմէ ետքը փոխադրուեցաւ Պքերքէ ուր գլխաւորեց Երիտասրադներու հաւաքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2025, 20:48