«Այսօր Տէրը ձեզմէ իւրաքանչիւրին կ՛ըսէ. «Ես քեզ կը սիրեմ, դուն իմ զաւակն ես. Սրբազան Պապը այցելեց Սուրբ Խաչ Հիւանդանոցը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երեքշաբթի` 2 դեկտեմբերին Քահանայապետութեան առաջին միջազգային առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Լիբանանի «Ժալ ըլ Տիպ» շրջանի մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ հիւանդանոցը, որ նկատուած է համայն Միջին Արեւելքի մտային անկարներու յատկացուած ամենամեծ հիւանդանոցներէն մին։
Հիւանդանոցը կը ներառէ հիւանդներու համար նախատեսուած հինգ մեծ տաղաւարներ (Սեն Ժաք, Սեն Էլի, Սեն Միշել, Նոթր Տամ, Սեն Տոմինիք)։ Անոր հիմնադիրը եղած է Քափուչին Քահանայ` Երանելի Հայր Եաքուպը` (1875-1954) որ զայն կառուցեց 1919-ին, 1937-ին զայն վերածելով խենդանոցի ապա 1951-ին մտային հաշմանդամներու հիւանդանոցի։
Խաչի նշանը
Հայր Եաաքուպը հիւանդանոցը ուզած էր կառւցել Խաչի նշանի ներքոյ, տրուած ըլլալով որ` խաչը իր սրտի անկիւնաքարն էր. Անոր մէջ` ան կը գտնէր խաղաղութիւն, ուժ և հպարտութիւն: Իր հիմնադրած Ֆրանչիսկեան Խաչի միաբանութեան քոյրերուն եւս սորվեցուց միշտ դիմել Խաչելութեան՝ աղօթքով և մարդկութեան ծառայելով, առաջնահերթութիւն տալով ամենաաղքատներուն, ամենախոցելիներուն եւ մոռցուածներուն:
Հայր Եաքուպին համար կրօնի, սէրի, կամ ցեղային պատկանելիութեան տարբերութիւնները կ՛անհետանային մարդ անհատի արժանապատուութեան դիմաց եւ այս է այն ինչ որ կը շարունակեն ընել անոր հիմնած միաբանութեան քոյրերը, որոնք ամէն տարի խնամք կը տանին աւելի քան 2.200 հիւանդի։
Հիւանդանոց ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Ֆրանչիսկեան Խաչի Միաբանութեան մեծաւորուհիի կողմէ եւ Հիւանդանոցի Տնօրէնուհիին կողմէ, որոնք զայն առաջնորդեցին հիւանդանոցի թատերասրահ, զոր Քահանայապետի այս այցելութեան առիթով ձօնուեցաւ Անոր անունին, Լեւոն ԺԴ., եւ ուր համախմբուած էին հիւանդանոցի գործիչներն ու հիւանդները։ Յայտնենք որ սոյն հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի Առաջին Տիկին` Նաամէթ Աունը։
Յիսուս կ՛ապրի այստեղ
Հանդիպման սկիզբը Սրբազան Պապին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորուհին, որ յուզմունքով յիշեց իրենց առաքելութեան տարբեր ոլորտները ու հիւանդանոցի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ապա ներկայացուեցան երկու վկայութիւններ, որոնց յաջորդեց Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսքեան քոյրերուն անոնց աշխատանքին ու հիւանդներուն ծառայութեան համար, ապա քաջալերեց հիւանդանոցի աշխատաւորները շարունակելու իրենց առաքելութիւնը ուրախութեամբ եւ նուիրումով` հակառակ դժուարութիւններուն։
«Յիսուս կ՛ապրի այստեղ։ Ձեր մէջ հիւանդներ ու ձեր մէջ` Քոյրեր, բժիշկներ, ու առողջապահական գործիչներ, զոր հոգ կը տանիք անոնց» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ երգչախումբի անդամներուն, ըսելով` թէ անոնք յոյսի պատգամ մըն են։
Սրբազան Պապը առ այդ ընդգծեց աւելիով դիւրաբեկներուն ու աղքատներուն հոգ տանելու կարեւորութիւնը եւ յիշեցուց որ քրիստոնեաները կոչուած են հետեւելու Յիսուսի օրինակին, հոգ տանելով աւելիով կարիքաւորներուն։
Բարեգործութեան անխոնջ առաքեալ` Հայր Եաքուպ
Ան ապա ակնարկեց հիւանդանոցի հիմնադիրին, զայն որակելով «բարեգործութեան անխոնջ առաքեալ», մինչ հիւանդանոցի աշխատաւորները որակեց «բարի սամարացիներ», որոնք կանգ կ՛առնեն վիրաւորներուն դիմաց ու անոնց խնամք կը տանին, հաւաստիացնելով որ իրենց ըրածը մեծ գործ է Աստուծոյ աչքերուն առջեւ։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց աւելիով դիւրաբեկներուն ու աղքատներու հոգ տանելու կարեւորութիւնը եւ յիշեցուց որ քրիստոնեաները կոչուած են հետեւելու Յիսուսի օրինակին հոգ տանելով աւելիով կարիքաւորներուն։
Աստուած ձեզ չի մոռնար
Հիւանդութենէն տուժած սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, ձեզի կ՛ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ դուք Աստուծոյ` մեր հօր սրտին մէջ էք։ Ան ձեզ կը կրէ իր ափերուն մէջ, ձեզի կ՜ընկերանայ սիրով, ձեզի կը նուիրէ իր քնքշութիւնը, ընդմէջ ժպիտներուն ու ձեռքերուն անոնց` որոնք ձեր կեանքի հոգ կը տանին։ Այսօր Տէրը ձեզմէ իւրաքանչիւրին կ՛ըսէ. «Ես քեզ կը սիրեմ, դուն իմ զաւակն ես։ Երբեք մի մոռնար այս մէկը»։
«Շնորհակալութիւն բոլորիդ։ Շուքրան։ Ալլա մաաքոմ։ Աստուած ձեր հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։
Սրբազան Պապի խօսքէն ետքը կատարուեցաւ` «Հայր Մեր» աղօթքը ապա Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնները շնորհեց ներկաներուն եւ նախ քան հիւանդանոցէն հրաժեշտ առնելը այցելեց «Saint Dominique» տաղաւարը առանձնական հանդիպում ունենալով հիւանդներուն ու զանոնք խնամողներուն հետ ապա տեղափոխուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստ` ուր գլխաւորեց լռելեան աղօթք մը, ի յիշատակ հինգ տարի առաջ, չորս օգոստոսին ահաւոր պայթումի զոհերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
