Որոնել

LEBANON-VATICAN-RELIGION-POPE

Լեւոն ԺԴ. Պապը աւարտեց իր քահանայապետութեան առաջին միջազգային ճամբորդութիւնը

«Իմ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, Հռոմ վերադառնալու ժամանակ, կ՝ուզեմ դարձեալ եւս իմ խոր երախտագիտութեան զգացումը յայտնել ձեզի, Լիբանանի իշխանութեան եւ ժողովուրդին, այցելութեան ընթացքին ձեր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ բարեհաճ հիւրասիրութեան համար։ Ապահովուելով ձեզի իմ շարունակական աղօթքներս՝ Ազգին խաղաղութեան, միութեան եւ բարօրութեան համար, սրտանց բոլորին վրայ կը հայցեմ Աստուածային առատ օրհնութիւնները»։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական բաժանմունք

Երեքշաբթի` 2 դեկտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ժամը 13,35-ին Լիբանանի Միջազգային Օդակայանին մէջ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին բարձրանալով «ԻԹԱ» ընկերութեան օդանաւ, վերջ տուաւ իր Քահանայապետութեան առաջին միջազգային առաքելական ճամբորդութեան։

Նորին Սրբութիւնը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող սաւառնակը թռիչք առաւ ժամը` 13,47-ին ուղղուելով դէպի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեք ժամ յիսուն վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք։

Աւանդութեան համաձայն Քահանայապետը հեռագիրներ յղեց թռիչքով սաւառնած երկիրներու նախագահներուն։

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ճոզէֆ Աունի յղած հեռագիրին մէջ Քահանայապետը նշեց

«Իմ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, Հռոմ վերադառնալու ժամանակ, կ՝ուզեմ դարձեալ եւս իմ խոր երախտագիտութեան զգացումը յայտնել ձեզի, Լիբանանի իշխանութեան եւ ժողովուրդին, այցելութեան ընթացքին ձեր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ բարեհաճ հիւրասիրութեան համար։ Ապահովուելով ձեզի իմ շարունակական աղօթքներս՝ Ազգին խաղաղութեան, միութեան եւ բարօրութեան համար, սրտանց բոլորին վրայ կը հայցեմ Աստուածային առատ օրհնութիւնները»։

Սրբազան Պապին խօսքերէն հատուածներ

«Դուք յոյս ունիք։ Դուք ժամանակ ունիք։ Դուք աւելի շատ ժամանակ ունիք երազելու, կազմակերպուելու և բարիք գործելու։ Դուք ներկան էք, և ապագան արդեն կը կառուցուի ձեր ձեռքերուն մէջ։ Եւ դուք ունիք պատմութեան ընթացքը փոխելու ոգևորութիւն։ Չարիքի նկատմամբ իրական դիմադրութիւնը չարիքը չէ, այլ սէրը, որ կարող է բուժել սեփական վէրքերը՝ միաժամանակ բուժելով ուրիշներուն վէրքերը»։ Լեւոն ԺԴ. Պապին, երկուշաբթի երեկոյեան, երիտասարդներուն ուղղած այս խօսքերը, կարող ենք ամփոփումը համարել Անոր Լիբանանին մէջ թողած պատգամին, սիրոյ, համակեցութեան, եղբայրութեան, ներումի, վերականգնելու քաջութեան եւ խաղաղութեան պատգամին հետ միասին։

«Բոլորը պէտք է իրենց դերը կատարեն, և մենք բոլորս պէտք է միացնենք ուժերը, որպէսզի այս երկիրը վերադառնայ իր շքեղութեան։ Եւ այդ մէկը ընելու համար մենք ունինք մէկ ճանապարհ. զինաթափենք մեր սրտերը, մէկդի դնենք մեր էթնիկ և քաղաքական փակումի զրահը, բանանք մեր կրօնական խոստովանութիւնները փոխադարձ հանդիպման համար, թող մեր մէջ վերստին արթնցնենք միասնական Լիբանանի երազանքը, ուր կը յաղթեն խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը, ուր բոլորը կարող են զիրար ճանչնալ, որպէս եղբայրներ և քոյրեր, և որ, վերջապէս, կարող է իրականանալ այն, ինչ որ նկարագրած է Եսայի մարգարէն. «Գայլը կը բնակի գառնուկի հետ, ընձառիւծը կը պառկի ուլի հետ, հորթն ու առիւծը միասին կարածեն» (Եսայի 11։6):

Եկէ՛ք բոլորս խաղաղութիւնը ընտրենք որպէս ուղի եւ ոչ միայն որպէս նպատակակէտ յորդորեց Լեւոն ԺԴ. խրախուսելով ըլլալ խաղաղութեան արուեստագէտներ, խաղաղութեան լաւետաբերներ եւ խաղաղութեան վկաներ։

Ան ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան չխնայելու ջանքերը` խթանելու համար երկխօսութեան և հաշտեցման գործընթացները, սրտաբուխ կոչ ուղղելով անոնց` որոնք ունին քաղաքական պատասխանատուութիւն հրաւիրելով «ունկնդրել ժողովուրդներու խաղաղութեան կոչը», մինչ Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք այս հողատարածքի լիարժէք քաղաքացիներ են, խրախուսեց. «Քաջութիւն ունենալ»: «Համայն Եկեղեցին ձեզի կը նայի քնքշութեամբ եւ հիացումով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2025, 12:49