Լեւոն ԺԴ. Պապը Ափրիկէի Կաթողիկէ կրթիչներուն. Յոյս տալ փախուստի մէջ գտնուող երիտասարդներուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով պատգամ մը յղեց գերապայծառ Կապրիէլ Սայակոյի՝ «Միջազգային կրօնքներ եւ ընկերութիւններ» Հիմնարկութեան համանախագահին, Նայրոպիի մէջ գումարուած Կաթողիկէ կրթութեան Ափրիկեան համագումարի առթիւ, զոր տեղի ունեցաւ 4-էն7 դեկտեմբերին։
Ափրիկեան կրթական դաշնագիրը
Պատգամին մէջ ծիրանաւորը փոխանցեց Լեւոն ԺԴ Պապին ուրախութիւնը այն առումով որ վերոյիշեալ հիմնարկը կը շարունակէ յառաջ տանիլ Ափրիկեան կրթական դաշնագիրը, զոր ներկայացուած է Ֆրանչիսկոս Պապին՝ 2023 թուականի յունիսին, խթանելու համար Ափրիկէի մէջ կրթութիւնը, անդրառնալով ապա այս տարուան համագումարին ընտրուած թեմային «Կաթողիկէ Կրթութիւնը եւ յոյսի նշաններուն յառաջացումը Ափրիկեան միջավայրէն ներս» ծիրանաւորը նշեց որ այդ նիւթը կը տեղաւորուի Կաթողիկէ կրթութեան վերակենդանացման տեսլականին մէջ
Յոբելինական տարուան մէջ կարեւորութիւնը
Պետական Քարտուղարը պատգամին մէջ ապա նշեց, որ հանդիպումը հիմնարար է այս Յոբելինական տարուան մէջ ու կ’արձագանքէ երիտասարդներուն հոգ տանելու հրաւէրին՝ վերանորոգուած սէրով, որպէսզի երիտասարդները չշփոթուին մատնանշելով որ Կաթողիկէ կրթութիւնը հիմնուած է Քրիստոսի վրայ եւ կը նպատակադրէ կազմաւորել ոչ միայն «լեցուն գլուխներ», այլեւ՝ «լեցուն սիրտեր»՝։
Աֆրիկեան երիտասարդութիւնը եւ յոյսը
Պատգամին մէջ Պետական քարտուղարը նշեց, որ յոյսի նշաններու յառաջացումը կը հիմնուի երիտասարդներուն՝ Ափրիկէյի հարստութեան վրայ շետելով որ կարեւոր է օգնել երիտասարդներուն՝ վստահութեամբ եւ քաջութեամբ նայելու ապագային՝ ոգեշնչուելով մայրցամաքի արժէքներով։ Կարդինալ Փարոլին փոխանցեց Լեւոն ԺԴ. Պապին այն հրաւէրը, որ պէտք է մտածել, թէ ինչպէս պէտք է արծարծել յոյսը այն երիտասարդներուն մէջ, որոնք, յուսահատութեամբ մղուած կը լքեն Ափրիկէն։
Ընտանիքը
Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ որ յոյսի յառաջացումը կը նշանակէ նաեւ օգնել երիտասարդներուն՝ պաշտպանելու ընտանիքը, այնպէս ինչպէս, խնդրած է Կեանքի Ստեղծիչը ու Եկեղեցին կը նպաստէ զայն պաշտպանելով կործանարար գաղափարախօսութիւններէն։
Համերաշխութիւն եւ Առաքելութիւն
Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ գրեց որ Ափրիկէ մայրցամաքի դժուարութիւններուն դիմաց Լեւոն ԺԴ. Պապը կը հրաւիրէ արթնցնելու համերաշխութեան զգացումը եւ զոհողութեան հոգին՝ կաթողիկէ հաստատութիւններու երիտասարդներուն մէջ ընդգծելով որ Կաթողիկէ ուսուցումը պէտք է կազմաւորէ անձեր, որոնք կը յարգեն ընդհանուր բարիքը, այսպէսով նպաստելով նոր սերունդի մը «խաղաղութեան դեսպաններու»։
Կրթութիւնը որպէս առաքելութիւն
Կարդինալ Փարոլին պատգամը եզրափակեց ընդգծելով որ Կաթողիկէ կրթիչները պատասխանատուութիւնը ունին վերսկսելու Քրիստոսէն եւ յայտնաբերելու, որ կրթութիւնը իսկական աւետարանական առաքելութիւն է եւ ոչ թէ միայն պաշտօն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
