Փոխեցէք ընթացքը՝ դաստիարակելով սիրտերը Խաղաղութեան Համար. Լեւոն Պապին յոյսի Խօսքերը Արեւելքի Հաւատացեալներուն.
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պէյրութի ծովափային տարածքին վրայ մատուցած եզրափակիչ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. սրտաբուխ խրախուսական խօսքեր ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու համայն Միջին Արեւելքի հաւատացեալներուն։
«Յարգելի եղբայրներ ու քոյրեր, Իմ այս անդրանիկ Առաքելական Ճամբորդութեան օրերուն, որ կը կատարեմ Յոբելենական Տարուան ընթացքին ուզեցի որպէս յոյսի ուխտաւոր գալ Միջին Արեւելք՝ Աստուծմէ խնդրելով խաղաղութեան պարգեւը այս սիրելի երկրին համար, որ նշանաւորուած է անկայունութեամբ, պատերազմներով եւ տառապանքով» ըսաւ Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսքին սկիզբը։
Եղէ՛ք խաղաղութեան արուեստագէտներ, խաղաղութեան լաւետաբերներ, խաղաղութեան վկաներ
«Սիրելի Արեւելքի Քրիստոնեաներ, երբ ձեր ջանքերուն արդիւնքները ուշ կը հասնին, ձեզ կը հրաւիրեմ բարձրացնելու ձեր հայեացքը Տիրոջ, որ կու գայ։ Եկէ՛ք յոյսով եւ քաջութեամբ նայինք Անոր, հրաւիրելով բոլորը քալելու համակեցութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ճամբուն վրայ։ Եղէ՛ք խաղաղութեան արուեստագէտներ, խաղաղութեան լաւետաբերներ, խաղաղութեան վկաներ» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով` որ «Միջին Արեւելքը նոր մօտեցումներու կարիքը ունի, որպէսզի մերժէ վրէժի եւ բռնութեան մտածելակերպը, յաղթահարէ քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական բաժանումները, եւ նոր էջեր բանայ հաշտութեան ու խաղաղութեան անունով»։
Կ՚աղօթեմ Միջին Արեւելքի եւ բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառով
«Թշնամութեան եւ աւերման փոխադարձ ճանապարհը՝ պատերազմի սարսափին մէջ, չափազանց երկար ընթացած է, այն ցաւալի արդիւնքներով, որոնք բոլորին աչքին առջեւ են։ Պէտք ենք փոխել ընթացքը, պէտք ենք դաստիարակել մեր սրտերը խաղաղութեան» հաստատեց ապա Քահանայապետը եւ աւելցուց. «այս հրապարակէն կ՚աղօթեմ Միջին Արեւելքի եւ բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառով։ Նաեւ յոյսով աղօթքներ կը մատուցանեմ Կինէա-Պիզաուի ներկայ քաղաքական վէճերուն խաղաղ լուծումի մը համար։ Չեմ մոռանար նաեւ Հոնկ Քոնկի հրդեհին զոհերը եւ անոնց սիրելի ընտանիքները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ աղօթք ապահովեցուց «Սիրելի Լիբանանին համար»։
Լսեցէք ձեր ժողովուրդներու խաղաղութեան կոչը
«Անգամ մը եւս միջազգային հասարակութենէն կը խնդրեմ, որ չխնայէ ջանքեր երկխօսութեան և հաշտեցման գործընթացները խթանելու համար: Սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց` որոնք ունին քաղաքական և սոցիալական ղեկավարութեան պատասխանատուութիւն, ինչպէս այստեղ, այնպէս ալ պատերազմով և բռնութեամբ բնորոշուած բոլոր երկրներուն մէջ. լսեցէք ձեր ժողովուրդներու խաղաղութեան կոչը: Եկէք մենք մեզ դնենք կեանքի, ընդհանուր բարօրութեան և բոլոր մարդոց համապարփակ զարգացումի ծառայութեան տակ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. որ ապա խօսքին վերջին բառերը նուիրեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն, այս հողերու լիարժէք քաղաքացիներ կրկնելով. «Քաջութիւն ունեցէք»: Համայն Եկեղեցին ձեզի կը նայի քնքշութեամբ եւ հիացումով»։
«Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը` հարիսայի Տիրամայրը, ձեզ պաշտպանէ մշտապէս» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը նախ քան բոլորին տալու իր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
