Որոնել

Խաղաղութիւն, Յոյս եւ Սէր. Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Լիբանանի Երիտասարդներուն

Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները՝ երազելու, կազմակերպելու եւ գործելու խաղաղութեան ապագայ մը համար, շեշտելով, որ իրական կեդրոնական կէտը Քրիստոսն է, յոյսի եւ խաղաղութեան աղբիւրը,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 1 դեկտեմբերին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ կայացած Համամիութենական եւ միջկրօնական հանդիպումէն ետք Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Մարոնիներուն Պքէրքէի Պատրիարքարան ու հանիդպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, Պատրիարքարանի կողքը գտնուող հրապարակին վրայ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆաէլ ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը։ 

Աւելի քան 15000 հազար երիտասարդներուն ներկայութեամբ Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ ծափահարութիւնով, երգերով եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով ու Հանդիպումի սկիզբ կարդուեցաւ օրուան Աւետարանը, ներկայացուեցաւ փոքրիկ բեմադրութիւնը մը, ապա մի քանի երիտասարդներ վկայութիւններ ոտիւն երկրին մէջ ապրած իրենց իրավիճակի վերաբերեալ։ Երիտասարդ մը վկայեց, որ հակառակ երկրի մէջ տիրող բոլոր դժուարութիւններու երբեք չմտաբերեց գաղթել եւ ուրիշ երկիր երթալ այն յոյսով որ ամէն ինչ պիտի լաւանայ։ Երիտասարդ մը հարց տուաւ, թէ ինչպէս կարելի է պահպանել յոյսն ու քաջութիւնը չնայած քաղաքական դժուար իրավիճակի։ Այլ երիտասարդ մը եւս իր տուած վկայութեան մէջ հարց տուաւ թէ ինչպէս կարելի է հաստատ պահել յարաբերութիւնները երբ այսօր ամէն ինչ արագօրէն կը փոխուի ստեղծուելով բաժանումներ կամ մակերեսային յարաբերութիւններ։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը սիրտի խօսքը ուղղելով ըսաւ.

Սիրելի՛ Լիբանանցի երիտասարդներ, «Ասսալամու լաքում» (Խաղաղութիւն Ձեզի) ողջոյնով, Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները բաժնեկից դառնալու հանդիպումի ուրախութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին, որ կը միացնէ մեզ իբրեւ եղբայրներ եւ քոյրեր ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ ջերմ ընդունելութեան համար, յատուկ գնահատանքով Սուրիայէն, Իրաքէն եւ լիբանանեան սփիւռքէն եկած երիտասարդներուն

Պատգամին մէջ նորին Սրբութիւնը անդադառնալով հանդիպումի ընթացքին տրուած վկայութիւններուն, նշեց որ Անթոնիի, Մարիայի, Էլիի եւ Ժոյելի վկայութիւնները կը շեշտեն քաջալերութիւնը տառապանքի մէջ, յոյսը յուսախաբութեան մէջ եւ խաղաղութիւնը պատերազմի մէջ, իբրեւ աստղեր մութ գիշերուան մը մէջ, որոնք կը խորհրդանշեն կերտուող ապագայ մը, ապա յիշեցնելով, որ Լիբանանխոր վէրքեր ունի, որոնք ծնունդ են առած սահմանները անցնող ընդհարումներէ եւ անարդարութիւններէ, բայց նաեւ ուժեղ եւ բարի արմատներ, որոնք կը սնուցանեն բարին ու յոյսը։

Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները՝ երազելու, կազմակերպելու եւ գործելու խաղաղութեան ապագայի մը համար, շեշտելով, որ իրական կեդրոնական կէտը Քրիստոսն է, յոյսի եւ խաղաղութեան աղբիւրը, ինչպէս կ'ըսեն Սուրբ Օգոստինոսը եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ։ Իրական խաղաղութիւնը կը ծնի ներումէն, արդարութիւնէն եւ սէրէն, որոնք կը կերտուին ամուր եւ անշահախնդիր յարաբերութիւններով, ու կ'արտացոլեն աստուածայինը։ Սէրը, որ Աստուծոյ համընդհանուր լեզուն է, կը յայտնուի ընդունելութեան, ներումի եւ համերաշխութեան ամենօրեայ ժեսթերուն մէջ, ոգեշնչուելով նաեւ լիբանանցի սուրբերէն, ինչպէս Սուրբ Ռաֆքան, Սուրբ Շարպելը, Եագուբ Էլ-Հատտատը եւ երիտասարդ սուրբերը, որոնք հաւատքի ու նուիրումի օրինակ են, ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով՝ ըլլալու աղօթակից, աղօթելու եւ Յիսուսի հետ բարեկամութիւն մշակելու, ,եւ հայեացքը ուղղելու Մարիամին, Աստուածամօրը եւ Հայրենիքի Մօրը, սիրտին մէջ կրելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղօթքը, որ կը խնդրէ ըլլալ խաղաղութեան գործիքներ։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Աղօթքը Եւ Յոյսի Կանչը

«Սիրելի՛ երիտասարդներ, վերջապէս թոյլ տուէք ինծի յանձնել ձեզի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին վերագրուած պարզ ու գեղեցիկ աղօթքը.

«Ո՛վ Տէր, ինծի քու Խաղաղութեանդ գործիքը դարձուր. Ուր ատելութիւն կայ, թող որ ես Սէր բերեմ. Ուր վիրաւորանք կայ, թող որ ես ներեմ. Ուր տարակարծութիւն կայ, թող որ ես Միութիւն բերեմ. Ուր կասկած կայ, թող որ ես Հաւատք սփռեմ. Ուր սխալ կայ, թող որ ես Ճշմարտութիւն բերեմ. Ուր յուսահատութիւն կայ, թող որ ես Յոյս ներնշնչեմ, Ուր տրտմութիւն կայ, թող որ ես Ուրախութիւն տանիմ. Ուր խաւար կայ, թող որ ես Լոյս բերեմ»։ Թող այս աղօթքը կենդանի պահէ ձեր մէջ Աւետարանի ուրախութիւնը, Քրիստոնէական ոգեւորութիւնը։ «Ոգեւորութիւն» կը նշանակէ «Աստուած ունենալ հոգիին մէջ»։ Երբ Տէրը կը բնակի մեր մէջ, Յոյսը, որ Ան կը շնորհէ մեզի, կը դառնայ բեղուն աշխարհի համար։

Տեսէ՛ք, յոյսը աղքատ առաքինութիւն է, որովհետեւ կը ներկայանայ դատարկ ձեռքերով։ Այդ ձեռքերը ազատ են՝ բանալու համար դռները, որոնք կարծես թէ փակուած են յոգնութենէն, ցաւէն ու յուսախաբութենէն։Տէրը միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլայ, եւ վստահ եղէք ողջ Եկեղեցւոյ զօրակցութեանը ձեր կեանքի վճռական մարտահրաւէրներուն մէջ եւ ձեր սիրելի Երկրի պատմութեան մէջ։

Ձեզ կը յանձնեմ Աստուածամօր եւ Հարիսայի Տիրամօր, որ այս լերան գագաթէն կը նայի այս նոր ծաղկումին։ Լիբանանցի՛ երիտասարդներ, աճեցէ՛ք զօրաւոր իբրեւ մայրիները եւ աշխարհը յոյսով ծաղկեցուցէք», ըսաւ Սրբազան Հայրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2025, 18:30