Որոնել

Լեւոն ԺԴ. «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի պատանիները Լեւոն ԺԴ. «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի պատանիները  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Խաղաղութիւնը՝ Սուրբ Ծննդեան ամենաթանկագին նուէրը

Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ, Քահանայապետը հանդիպեցաւ «Ացիոնէ Քաթթոլիքա»-ի պատանիներուն՝ յիշեցնելով, որ Յիսուսի մօտ բոլորին համար տեղ կայ եւ խաղաղութիւնը կը սկսի մեր ամէնօրեայ բարի արարքներէն։ Ան քաջալերեց երիտասարդները դառնալու Աւետարանի ուրախ վկաներ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 19 դեկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի անդամները ու անոնց ուղղեց պատգամ մը Իր ուրախութիւնը յայտնելով Սուրբ Ծնունդի սեմին կայացած այս հանդիպումին համար, ինչպէս նաեւ ողջունելով եկեղեցական շարժումի նախագահը, կրթիչներն ու համագործակիցները։ «Ձեր ընկերակցութեան անունը լաւ կ՝արտայայտէ ձեր ինքնութիւնը. Դուք Յիսուսի առաքեալներն էք ու Անոր աւետարանի վկաներն ու ուղեւորութեան ընկերները՝ ողջ եկեղեցւոյ հետ միասին» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յիշելով Յիսնակաց շրջանին, իրենց տուներուն, դպրոցներուն, ժողովրդապետութիւններուն մէջ պատրաստած մսուրները, նորին Սրբութիւնը պատանիներուն ըսաւ, որ  նայելով մսուրներուն մէջ զետեղուած Սուրբ Յովսէփին, Տիրամօր, հովիւներուն, էշին ու եզին, իրենք  իրականացած կը տեսնեն այս տարուան ընկերակցութեան ուղեւորութեան խորագիրը «Բոլորին համար տեղ կայ», հաստատելով որ Տիրոջ մօտը՝ որ մարդ դարձաւ բոլորս փրկելու համար, բոլորին համար տեղ կայ։ «Երբ Աստուծոյ Որդին աշխարհ կու գայ, տան մէջ տեղ չի գտներ, այլ կը բախէ մեր սիրտը ճիշդ այն պահուն, երբ Իր սիրտը կը բանայ՝ բոլորը սիրով ընդունելու համար։»

Նորին Սրբութիւնը պատանիներէն խնդրեց, որ մսուրին դիմաց աղօթելու ժամանակ պէտք է որ Աստուծմէ խնդրեն դառնալ նման հրեշտակներուն որ Աստուծոյ Փառքը կը հռչակեն ինչպէս նաեւ խաղաղութեան մարդիկ», ընդգծելով որ

«Այդ խաղաղութիւնը բարի կամք ունեցող անձերուն յանձնառութիւնն է, նամանաւանդ մենք քրիստոնեաներուս, որ կանչուած ենք ոչ միայն բարի ըլլալու, այլ օրէ օր աւելի լաւ դառնալու

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց պատանիները ունենալու Սուրբ Փիէր Ճորճօ ֆրասաթթի եւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսին Աւետարանի հանդէպ ունեցած ուրախութեան եւ գործերուն օրինակը՝ որոնք միշտ ներշնչուած են սիրով ։

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր պատգամը նշելով որ Խաղաղութեան Իշխանին ծնունդը (հմմտ. Եսայեայ 9,6) մեզի կը յայտնէ«խաղաղութեան» բառին հարազատ իմաստը, որ միայն պատերազմներու բացակայութիւնը չէ, այլ ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան վրայ հիմնուած բարեկամութիւն ու յիշեցուց, որ համերաշխութիւնն ու յարգանքը կը սկսին մեր առօրեայ յարաբերութիւններէն՝ այն արարքներէն ու խօսքերէն, զորս կը փոխանակենք տան մէջ, ժողովրդապետութեան մէջ, դպրոցի եւ մարզանքի ընկերներուն հետ։»

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց պատանիները, որ Սուրբ Ծնունդէն մէկ գիշեր առաջ մտածեն այն անձի մասին, որուն հետ կ՝ուզեն հաշտուիլ.
«Ասիկա աւելի թանկագին նուէր պիտի ըլլայ, քան այն նուէրները, որոնք կարելի է գնել խանութներէն, որովհետեւ խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է որ կը գտնուի լոկ սիրտին մէջ։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհաւորելով պատանիները ու անոնց հարազատները ու ի սիրտէ առաքելական օրհնութիւնները փոխանցեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի բոլոր երիտասարդներուն ու երիտասարդուհիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2025, 11:05