Լեւոն ԺԴ. «Ձեր աշխատանքը գիտութեան, կարեկցանքի եւ բարոյականի խաչմերուկին վրայ է»՝ Սրտաբաններուն պատուիրակութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 5 դեկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Սրտային Վերականգնումի Փարիզի դասընթացքի պատուիրակութիւնը, որ կը ներկայաացնէ անոնք, որոնք նուիրուած են առաջ տանելու միջամտական սրտաբանութեան գիտութիւնն ու գործնականը»։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար՝ «Յոյսի նուիրուած Յոբելեանին, տարի մը ուր ողջ եկեղեցին իր աչքերը կը բարձրացնէ Տիրոջ վրայ, որ կը նորոգէ ուժը, որ կը կենդանացնէ քաջալերանքը եւ մեզի կը սորվեցնէ յուսալ նոյնիսկ մարդկային փխրունութեան մէջ։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց որ ներկաներուն «աշխատանքը կը գտնուի գիտութեան, կարեկցանքի եւ բարոյական խաչմերուկին վրայ։ Եկեղեցին մշտապէս կը հաստատէ գիտական հետազօտութեան կոչումը, որ կը բանայ մարդուն դէպի ճշմարտութիւնը եւ դէպի ընդհանուր բարիքի աւելի խորունկ ծառայութիւն։ «Դուք կ՝ամբողջացնէք այս ոգին ամէն անգամ, որ կը ջանաք բուժել սիրտ մը, թէ ֆիզիքական եւ Թէ՛ փոխաբերական իմաստով, թեթեւցնելով տառապողներուն ցաւը եւ յոյս տալով անոնց ընտանիքներուն։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց որ Իրականութեան մէջ, «կեանքի ծառայութիւնը» կը հանդիսանայ ամէն իսկական բժշկական գործողութեան հիմքը, քանի որ ան կ’արտացոլէ այն քնքշութիւնը, որով ինքը՝ Քրիստոսը, կը մօտենար հիւանդներուն եւ փխրուններուն (հմմտ. Յովհաննէս Պօղոս Բ., Շրջաբերական Evangelium vitae, n. 41)։ Անոր ամուր սէրը կը ներշնչէ այն նուիրումը, որ դուք կը ցուցաբերէք հետազօտութեան, կրթութեան եւ կեանքը պահպանող նուրբ միջամտութիւններու միջոցով։ Ձեր խնամքին յանձնուած ամէն սրտի բաբախիւն կը յիշեցնէ, որ կեանքը պարգեւ է, մշտապէս մեծարելիք խորհուրդ մը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով «շարունակելու խթանել համապարփակ համագործակցութեան ոգին, առատաձեռնօրէն կիսել գիտելիքները եւ ապահովել, որ բուժումներուն մէջ եղած յառաջընթացները մատչելի մնան բոլորին, մանաւանդ աղքատներուն եւ գաղթականներուն։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց յանձնելով սրտաբաններուն աշխատանքը Յիսուսի՝ անձերուն եւ մարմիներուն Բժիշկին՝ Սուրբ Սիրտին։
«Թող ձեր կազմակերպութիւնը շարունակէ յոյսի փարոս մը ըլլայ, լուսաւորելով գիտական գերազանցութեան եւ մարդկութեան ծառայութեան միջեւ եղած խոր միութիւնը։ Շնորհակալութիւն, եւ թող Աստուած ձեզ օրհնէ Իր քաջութեան, յարատեւութեան եւ ուրախութեան պարգեւներով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
