Որոնել

Լիբանանեան Մայրիներու արմատացած յոյսը. Լեւոն ԺԴ. Հարիսայէն քաջալերեց Լիբանանը՝ Դէպի Խաղաղութիւն ու Միասնութիւն

Լեւոն ԺԴ. Պապը Հարիսայէն քաջալերեց Լիբանանը՝ հաւատքը ամուր պահելու «խարիսխը դնելով Երկինքին մէջ», որպէսզի ծնունդ առնեն Մայրիներուն արմատներուն նման զօրակցութեան գործեր։ Ան գնահատեց լիբանանցիներուն՝ քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ փախստականներու միջեւ գոյակցութեան վկայութիւնները, յատկապէս ընդգծելով հիւրընկալութիւնը որպէս պարտադիր հրամայական։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2025–ին, Լիբանան Առաքելական Ուղեւորութեան երկրորդ օրը, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու եւ հովուական ծառայութեան աշխատողներու հետ՝ Հարիսայի Լիբանանի Աստուածամօր Սրբավայրին մէջ, փոխանցելով խոր յոյսի, քաջութեան եւ գործնական սիրոյ պատգամ մը, ոգեշնչուելով առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանէն՝ «Երանի՜ խաղաղարարներուն»։

Քահանայապետը պատգամը սկսաւ յիշեցնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքերը, Լիբանանի Եկեղեցին սահմանելով, որպէս խաղաղարարներու խորհրդանիշը եւ իր անդամները որպէս «յոյսի պատասխանատուներ», ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆաէլ ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մի քանի անձնաւորութիւններու քաջութեան՝ մասին տուած վկայութիւններուն համար.

«Պատրիարքին խօսքերուն մէջ, որուն սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, կրնանք գտնել այս հաստատամտութեան արմատը, որ խորհրդանշուած է լուռ քարայրին մէջ, ուր Սուրբ Շարպէլը կ՚աղօթէր Աստուածամօր պատկերին առջեւ, եւ Հարիսայի այս Սրբավայրին ներկայութեամբ, որ միութեան նշան է ամբողջ լիբանանեան ժողովուրդին համար։

Յիսուսի Խաչին մօտ Մարիամի հետ մնալով է (հմմտ. Յհ 19,25) որ մեր աղօթքը՝ անտեսանելի կամուրջ մը, որ կը միացնէ սրտերը, մեզի կու տայ յոյսը շարունակելու եւ աշխատելու զօրութիւնը, նոյնիսկ երբ մեր շուրջը կը որոտայ զէնքերուն աղմուկը եւ առօրեայ կեանքի պահանջները մարտահրաւէր կը դառնան», ըսաւ Քահանայապետը ապա շեշտը դնդելով խարիսխին խորհրդանիշին վրայ, որ ներկայ է ուղեւորութեան նշանաբանին մէջ յարեց, թէ խարիսխը կը ներկայացնէ հաւատքը, որ ամուր կերպով դրուած է Երկինքին մէջ։ «Եթէ կ՝ուզենք խաղաղութիւն կառուցել, ապա խարիսխը դնենք Երկինքին մէջ, եւ հոն ամուր կերպով ուղղուած սիրենք առանց վախնալու կորսնցնելու այն ինչ որ անցողակի է եւ տանք առանց սահմանափակումի», ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով «այդ զօրաւոր եւ խորունկ արմատներէն՝ նման Մայրիներուն զօրաւոր արմատներուն կ՝աճի սէրը եւ Աստուծոյ օգնութեամբ կեանք կ՝առնեն զօրակցութեան շօշափելի եւ շարունակական գործեր»։

Լեւոն ԺԴ Պապ ապա ակնարկեց հանդիպումի ընթացքին տրուած վկայութիւններուն մասին, որոնք կ՚արտայայտեն Լիբանանի ժողովուրդին սէրը.

Հայր Եւհաննա՝ Տըպապիյէյի վկայութինը. Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Անոր փորձառութիւնը ցոյց տուաւ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու, լիբանանցիներու եւ փախստականներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը եւ փոխադարձ օգնութիւնը, նոյնիսկ ռմբակոծութիւններու սպառնալիքի տակ։ Պապը ընդգծեց սուրիական դրամին մասնայատկութիւնը, որ գտնուած էր լիբանանեան ողորմութիւններուն մէջ, խորհրդանիշը որ «սիրոյ մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը բան մը ունի տալու եւ ստանալու», ու յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ, ընդգծելով փորձութեան պահերուն նոյնիսկ ատելութեան վրայ սիրոյ յաղթանակը տօնելու անհրաժեշտութիւնը։

Լորենի Վկայութիւնը, Նորին Սրբութիւնը յիշեց Լորենի վկայութիւնը, որ փախստական է եւ նուիրուած է այն գաղթականներուն որոնք ստիպուած են իրենց տուները ձգելու, յիշեց նաեւ պատերազմի սարսափը՝ Ճէյմսի եւ Լելայի պատմութեան միջոցաւ վերահաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը , որ չենք կրնար անտարբեր մնալ փախստականներու ցաւին դիմաց։ Պարտադիր հրամայականը այն է, որ բոլորս պէտք ենք աշխատիլ, որպէսզի ոչ մէկը այլեւս չստիպուի փախչելու, եւ որ դուռը թակողը պէտք է ընդունուի «Բարի եկա՜նք տուն!»-ով։

Քոյր Տիմայ դպրոցը որպէս ապաստան վկայութեան մասին, Լեւոն ԺԴ Պապը գնահատեց Քոյր Տիմայի ընտրութիւնը՝ չլքելու իր դպրոցը բռնութեան դիմաց, զայն վերածելով ընդունելութեան վայրի եւ փախստականներու կրթական կեդրոնի,« օրինակ մը, թէ ինչպէս կը սորվինք «կիսել հացը, վախը եւ յոյսը»։ Լեւոն ԺԴ քաջալերեց շարունակելու կրթական աշխատանքը, մանաւանդ կարիքաւորներուն համար, միացնելով «մտքի կազմաւորումը» եւ «սրտի դաստիարակութիւնը»։

Ներողամտութեան Հոտը եւ Քրիստոսի Բուրմունքը

Անդրադառնալով Հայր Շարպէլին բանտերուն մէջ ունեցած առաքելութեան, Քահանայապետը ըսաւ, որ հոն նոյնիսկ, ուր աշխարհը միայն յանցագործութիւն կը տեսնէ, կրնայ նկատուիլ «Հօր քնքշութիւնը, որ բնաւ չի յոգնիր ներելէ»։

Քահանայապետը պատգամը եզրաակեց անդրադառնալով Ոսկի Վարդը Սրբավայրին յանձնելու ժեսթին ըսելով, «Քիչ մը ետք պիտի կատարենք Ոսկի Վարդը այս Սրբավայրին յանձնելու խորհրդանշական ժեսթը։ Անիկա հին ժեսթ մըն է, որուն իմաստներէն մէկը այն է, որ մեզ կը քաջալերէ մեր կեանքով ըլլալու Քրիստոսի բուրմունքը (2Կորն 2,14):Այս պատկերին առջեւ, իմ մտքիս կու գայ այն բուրմունքը, որ կ՚ելլէ լիբանանեան սեղաններէն, որոնք բնորոշ են իրենց առաջարկած կերակուրներուն բազմազանութեամբ եւ զանոնք բաժնելու ուժեղ ընկերային ծաւալով։

Անիկա հազար բուրմունքներէ բաղկացած բուրմունք մըն է, որոնք կը տպաւորեն իրենց տարբերութեամբ եւ երբեմն իրենց միասնութեամբ։ Այսպէս Քրիստոսի բուրմունքը։ Անիկա թանկարժէք ապրանք մը չէ, որ վերապահուած է քիչերուն՝ որոնք կրնան ունենալ, այլ բուրմունքն է, որ կը տարածուի առատ սեղանէ մը, որուն վրայ տեղ կը գտնեն բազմաթիւ տարբեր կերակուրներ, եւ ուրկէ բոլորը կրնան միասին քաղել։ Թող այս ըլլայ աղօթքի ծէսին հոգին, որուն կը պատրաստուինք կատարելու, եւ մանաւանդ այն հոգին, որուն միջոցաւ ամէն օր կը ջանանք ապրիլ սիրով միացած»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2025, 10:32