Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ Պապը պիտի հանդիպի Հռոմի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն

Հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուին բազմաթիւ երիտասարդական միութիւններ՝ քրիստոնէական դասընթացքներու հետեւող պատանիներէն մինչեւ ծխական խումբերու անդամները, շարժումներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներէն մինչեւ կաթողիկէ մարզական ակումբներու անդամները, ինչպէս նաեւ աշակերտներ, համալսարանականներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 10 յունուարին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պօղոս Զ. դահլիճին մէջ, հռոմի պատանիներն ու երիտասարդները պիտի հանդիպին Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ՝ Յոբելեանի աւարտի յաջորդ օրերուն, որ պաշտօնապէս պիտի փակուի Աստուածայայտնութեան տօնին՝ Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ Դրան փակումով, որուն ընթացքին երիտասարդները առիթը պիտի ունենան մտիկ ընելու Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը:

Հանդիպումին Ներկայ պիտի գտնուին բազմաթիւ երիտասարդական միութիւններ՝ քրիստոնէական դասընթացքներու հետեւող պատանիներէն մինչեւ ծխական խումբերու անդամները, շարժումներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներէն մինչեւ կաթողիկէ մարզական ակումբներու անդամները, ինչպէս նաեւ աշակերտներ, համալսարանականներ եւ թեմի տարածքին գտնուող գիշերօթիկ հաստատութիւններու մէջ բնակող ուսանողներ: Այս բացառիկ հանդիպման ընթացքին, անոնց պիտի ընկերակցի Հռոմի թեմի փոխանորդ Կարդինալ Պալտօ Ռէյնա, որ անցեալ 22 նոյեմբերին յայտարարած էր այս հանդիպման մասին եւ այժմ նամակով մը վերահաստատած է հրաւէրը:

«Ասիկա պիտի ըլլայ թանկագին եւ ուրախալի պահ մը,– կը գրէ Կարդինալ Ռէյնա քահանաներուն,– որուն համար կը հրաւիրեմ ձեզ քաջալերելու ձեր ժողովրդապետութիւններուն երիտասարդներուն մասնակցութիւնը՝ յորդորելով զանոնք ապրելու այս առիթը որպէս կարեւոր պահ՝ մտիկ ընելու մեր Եպիսկոպոսին խօսքերը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 09:39