Որոնել

2025.04.11 Catacombe di San Sebastiano

Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական նամակը հնագիտութեան մասին

Լեւոն ԺԴ. Պապի առաքելական նամակը, որ լոյս տեսաւ Քրիստոնէական Հնագիտութեան Քահանայապետական Հիմնարկութեան հարիւրամեակի առթիւ, կ’ընդգծէ հնագիտութեան անփոխարինելի դերը Եկեղեցւոյ համար, քանի որ այն կը յայտնէ քրիստոնէական հաւատքի պատմական ու շօշափելի մարմնացումը եւ կը հարստացնէ աստուածաբանութիւնը՝ դարձնելով այն ոչ թէ վերացական գաղափար, այլ պատմական իրականութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լոյս տեսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Առաքելական նամակը հնագիտութեան մասին, որ գրուեցաւ Քրիստոնէական Հնագիտութեան Քահանայապետական Հիմնարկութեան (1925-2025) հարիւրամեակի առթիւ։ Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ընդգծէ հնագիտութեան անփոխարինելի դերը Եկեղեցւոյ համար, որպէս ուսումնաճիւղ մը, որ կը յայտնէ քրիստոնէական հաւատքին պատմական մարմնացումը:

Հնագիտութիւնը հիմք՝ Հաւատքին եւ պատմութեան Համար

Քահանայապետը նամակը կը սկսի յիշեցնելով, որ պատմութիւնը քրիստոնէութեան կարեւորագոյն հիմքն է. հաւատքը կը հենի Քրիստոսի պատմական Մարմնացումին վրայ։ Հնագիտութիւնը միայն մասնագէտներուն համար չէ, այլ բոլորին համար ճամբայ մը՝ հասկնալու, թէ ինչպէս հաւատքը մարմնացած է ժամանակի, տեղերու եւ մշակոյթներու մէջ։ Ան կը մէջբերէ Ֆրանչիսկոս Պապը, շեշտելով որ պատմութեան ուսումնասիրութիւնը կ'օգնէ, որպէսզի հաւաքական գիտակցութեան բոցը վառ մնայ։

Հաստատութեան դերը եւ հնագիտութեան բաց ճանապարհը

Քահանայապետը կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս 1925 թուականին հիմնուած հաստատութիւնը դաստիարակած է հնագէտներ եւ խթանած է ուսումնասիրութիւններ ու պեղումներ, որոնք նպաստած են քրիստոնէութեան ծագումը վերականգնելուն եւ Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը ամրապնդելուն։

Հնագիտութիւնը միայն գիտական ուսման աճիւղ մը չէ, այլ բոլորին համար հասանելի ճանապարհ մը՝ ըմբռնելու հաւատքին մարմնացումը ժամանակի, տեղերու եւ մշակոյթներու մէջ, օգնելով դիտելու քրիստոնէութիւնը որպէս պատմական ու զգայական իրականութիւն մը, որ կը խօսի նիւթական նշաններուն միջոցաւ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը մի քանի կէտերով կ՝անդրադառնայ հնագիտութեան քահանայապետական հաստատութեան

Առաքելութիւն: Քրիստոնէական հնագիտութեան քահանայապետական հաստատութիւնը կազմաւորած է մասնագէտներ, պեղումներու տնօրէններ եւ պահպանողներ՝ խստագոյն գիտական ճշգրտութեամբ, որպէսզի վերականգնուի առաջին քրիստոնեայ համայնքներուն կեանքը։

Դերը: Այս հարիւր տարիներուն ընթացքին,Քրիստոնէական Հնագիտութեան քահանայապետական Հաստատութիւնը կազմաւորած է հարիւրաւոր հնագէտներ, խթանած է միջազգային հետազօտութիւններ եւ երբեմն եղած է խաղաղութեան եւ երկխօսութեան քարոզիչը։

Յղման Օրինակ: Հաստատութիւնը կը հետեւի Յովհաննէս Մկրտիչ դէ Ռոսսիի հետքերուն, որ ԺԹ. դարուն հիմքերը դրաւ գիտական ուսման ճիւղին՝ Հռոմի նահատակներուն գետնադամբարաններուն եւ սրբավայրերուն յայտնագործումով եւ ուսումնասիրութեամբ։

Գործնական Ծառայութիւն: Քրիստոնէական հնագիտութեան քահանայապետական հաստատութիւնը միջամտած է կարեւոր պեղումներու մէջ, ինչպէս՝ Սուրբ Պետրոս Առաքեալի գերեզմանը՝ Վատիկանի Տաճարին տակ, եւ Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ կատարուած քննութիւնները։

Հնագիտութիւնը՝ խոնարհութեան դպրոց եւ աստուածաբանութիւնը հարստացնող միջոց

Լեւոն ԺԴ. Պապ առաքելական նամակին մէջ կ'ընդգծէ, թէ ինչպէս հնագիտութիւնը նաեւ խոնարհութեան, յարգանքի եւ մշակութային կայունութեան դպրոց մըն է, եւ թէ ինչպէս արդի գործիքները կրնան խոր իմաստներ յայտնել նոյնիսկ ակնյայտօրէն աննշան գտածոներուն մէջ։

Կը յիշեցնէ նաեւ, որ այս ուսման ճիւղը կը հարստացնէ աստուածաբանութիւնը, կապելով Յայտնութիւնը պատմական եւ մշակութային համատեքստին մէջ եւ կ՝օգէն ըմբռնելու եկեղեցւոյ իրական պատմութիւնը, որ կազմուած է մեծութենէն եւ փխրունութենէ, շարունակականութենէն եւ խզումներէ

Մարմնացեալ հաւատք։ Հնագիտութիւնը՝ խոնարհութեան եւ կարիքի դպրոց

Մարմնացեալ հաւատք։ Քրիստոնէութիւնը ծնունդ առած չէ գաղափարէ մը, այլ մարմինէ մը, ոչ թէ վերացական գաղափարէ, այլեւ շօշափելի իրադարձութիւններէն։ Հնագիտութիւնը այս թանձրացեալ՝ իրական ըլլալը կը դարձնէ շօշափելի։

Զգայութիւններուն Աստուածաբանութիւն։ Անդրադառնալով Յովհաննէս առաքեալին առաջին թուղթին մէջ նշուած հատուածին «եւ մեր ձեռքերը շօշափեցին՝ Բանն է կեանքին» (1 Յովհաննէս 1,1) Նորին Սրբութիւնը նշեց որ հնագիտութիւնը կը դաստիարակէ զգայութիւններուն Աստուածաբանութեան, որ կրնայ շօշափել, տեսնել եւ մեկնաբանել նիւթական մնացորդները։

Խոնարհութեան եւ յոյսի դպրոց։ Հնագիտութիւնը կը սորվեցնէ չարհամարհել փոքրը, նոյնիսկ բեկոր մը կրնայ պատմել « հաւատքի կենսագրութիւնը Խոնարհութիւնը։ Աւելին, արդի գործիքները ցոյց կու տան որ ոչինչ կորսուած է «Յոյս»։

Աստուածաբանական կազմաւորում։

Հնագիտութիւնը (եկեղեցւոյ պատմութեան եւ Հայրաբանութեանն հետ միասին) հիմնական ուսման ճիւղ մըն է աստուածաբանական կազմաւորման համար։ Աստուածաբանութիւնը մը որ կ՝անտեսէ զայն, կրնայ դառնալ անմարմնացեալ, վերացական, գաղափարական։

Եղբայրսիրութիւնը։: Քրիստոնեայ հնագէտը կ'ուսումնասիրէ ոչ միայն գտածոները, այլ նաեւ զանոնք ստեղծող մարդիկը. անիկա եղբայրսիրութեան ձեւ մըն է, որ արժանապատուութիւն կու տայ պատմութեան լռութիւններուն եւ կը խօսեցնէ հաւատացեալներուն անանուն սրբութիւնը։

Հնագիտութիւնը կ՝օգնէ եկեղեցւոյ բազմաթիւ գործերով։

Պահպանել ակունքը (Ծագումը): Վառ Կը պահէ եկեղեցւոյ սկիզբներուն յիշատակը (Պետրոսի գերեզմանը, գետնադամբարանը եւ տեսանելի կը դարձնէ, որ հաւատքը շօշափելի ճամբայ մըն է, եւ ոչ թէ փիլիսոփայութիւն։

Սնել Յոյսը: Գետնադամբարաններու մէջ իւրաքանչիւր խորհրդանիշ կը խօսի յոյսին, մահէն անդին գտնուող կեանքին մասին։

Մշակութայնացում։ Հնագիտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Աւետարանը ընդունուած, մեկնաբանուած եւ նշուած է տարբեր համատեքստերու մէջ, հրաւիրելով շարունակելու մշակութայնացումը այսօր։

Հնագիտութիւնը կը զետեղէ Եկեղեցին Ժամանակի Եւ Յաւիտենականութեան միջեւ լարումին մէջ

Պատմական Յայտնութիւն: Աստուծոյ Յայտնութիւնը միշտ պատմական է եւ անոր ըմբռնումը կը պահանջէ նիւթական համատեքստներու իմացութիւնը Հնագիտութիւնը կը լուսաւորէ միջավայրերը՝ նիւթական վկայութիւններով։

Կենդանի Յիշողութիւն: Իրական հնագիտութիւնը ամուլ պահպանում մը չէ կամ անցեալի պաշտամունք մը, այլ կենդանի յիշողութիւն մը, որ կրնայ անցեալը ներկային հետ խօսեցնել։

Համագործակցութիւն: Լեւոն ԺԴ. Պապը կը վերահաստատէ Վատիկանի հնագիտական հաստատութիւններուն միջեւ հաղորդութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, կը նշէ թէ Հնագիտութիւնը բեղմնաւոր դաշտ մըն է Քրիստոնեայ Արեւելքի հետ երկխօսութեան համար (ընդհանուր գետնադամբանները, համատեղ եկեղեցիները, զուգամիտող մարտիրոսագրութիւններ)։

Նորին Սրբութիւնը առաքելական նամակը կ՝աւարտէ քաջալերելով եպիսկոպոսներն ու պատասխանատուները՝ խթանելու հնագիտութեան ուսումնասիրութիւնը ու կը յորդորէ գիտնականներն ու գործիչները՝ շարունակելու իրենց թանկարժէք աշխատանքը խստութեամբ եւ կիրքով, մնալով հաւատարիմ իրենց պարտականութեան ՝ Կեանքի Բանը տեսանելի դարձնելու եւ վկայելու որ Փրկութիւնը հետքեր ձգած է պատմութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2025, 12:00