Որոնել

Լատին Ամերիացի քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, նորընծաներ Լատին Ամերիացի քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, նորընծաներ 

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը՝ Լատին Ամերիկայէն ժամանած ուսանողներուն. «Հետեւէ՛ ինծի» կոչումին արժէքը

Լեւոն ԺԴ. Պապը, դեկտեմբեր 12-ին, Վատիկանի մէջ Լատին Ամերիկայէն ժամանած ուսանող քահանաներու եւ կրօնաւորներու հետ հանդիպման առթիւ, ընդգծեց Յիսուսի «հետեւէ՛ ինծի» կոչումին բացարձակ նախաձեռնութիւնը, որ կը պահանջէ ամէն մարդկային ապահովութենէ հեռացում եւ Աստուծոյ բացարձակ գերակայութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ, Հռոմի մէջ ուսանող Լատին Ամերիկայէն ժամանած քահանաներու, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ նորընծաներու հանդիպումը։ Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամով մը ողջունեց հանդիպումի մասնակիցները ու խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի «հետեւէ ինծի» խօսքին վրայ ընդգծելով որ կոչումը միշտ Յիսուս Քրիստոսի բացարձակ նախաձեռնութիւնն է, որ կը կանչէ առանց որեւէ արժանիքի, առաքեալները մեղաւորներու եւ տկարներուն համար Փրկութեան ծրագիրին գործիքը դարձնելու համար։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ որ կոչումին պատասխանելը կը պարունակէ յստակ պահանջներ, որոնց օրինակը կը գտնենք Հարուստ երիտասարդի պատմութեան մէջ (Մատթ 19,21)։

Աստուծոյ բացարձակ գերակայութիւնը։

Աստուածային օրէնքին տեսական եւ գործնական գիտութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը։

Մարդկային ամէն ապահովութենէ հեռացումը (մեր եղածին ու ունեցածին ամբողջական ուրացումը)։

Քրիստոսի մէջ նոր կեանքը

Մէջբերելով Սուրբ Ամբրոսիոսը, Քահանայապետը շեշտեց, թէ ամէն ինչ թողուլը բնական պարտականութիւններէն չի խուսափիր, այլ կը բանայ դուռը նոր կեանքի մը, ուր ոչինչ կրնայ Աստուծոյ առջեւ դրուիլ, նոյնիսկ ինքնին բարի եղած բաները, որ կը բերէ հին ու աշխարհիկ մարդուն մահը՝ Յիսուսի հետ միանալու համար։ «Սուրբ Ամբրոսիոս, զարմանալի հատուածին իր մեկնութեան մէջ՝ այն երիտասարդին մասին, որուն Յիսուս չէ թոյլատրեր իր հայրը թաղել (Ղկ 9,59), կ'ենթադրէ թէ ամէն ինչ թողուլը այս պահանջքով — նոյնիսկ ինքնին արդար բաները — Տէրը մտադիր չէ խուսափիլ Աստուծոյ օրէնքով սահմանուած բնական պարտականութիւններէն, այլ մեր աչքերը բանալ նոր կեանքի մը վրայ։

Հաղորդութիւն եւ Միութիւն

Յիսուսի հետ այս միութիւնը եղբայրէն չի հեռացներ, այլ կը փոխակերպուի հաղորդութեան։ Համայնքը միացած չէ համակրանքներով կամ յարմարութիւններով, այլ Տիրոջը Իր արեան գինով ձեռք բերած ժողովուրդին պատկանելով։ Միութիւնը կը ձգտի Յիսուսի աղօթքին իրագործման. «Որ ամէնքը մէկ ըլլան, ինչպէս Դուն ու Ես մէկ ենք» (Յով 17,21)։ Քահանայապետը յիշեցուց Սուրբ Պետրոսի ուղղուած երեք անգամ կրկնուած «Իմ ետեւէս եկո՛ւր»-ը խօսքը՝ Յարութենէն ետք (Յով 21,19), իր մեղքին հատուցումի պարագային։

Նոյնիսկ երբ մեր տեսողութիւնը կը պղտորի, Յիսուսի ձայնը մեզ կը պահէ։ Երբեմն, ոչ թէ պարտադրուած խաչն է, այլ մեր եսասիրութիւնը որ գայթակղութիւն կը դառնայ։ Եղբայրը կամ Աստուած դատելու փորձութեան դիմաց, Յիսուս կը կրկնէ յարատեւօրէն. «քեզի ի՞նչ. դուն իմ ետեւէս եկո՛ւր» (Յով 21,22)։

Աղմուկէն շփոթուած հասարակութեան մը մէջ, անհրաժեշտ են աշակերտներ, որոնք կը հռչակեն Քրիստոսի գերակայութիւնը՝ Իր յստակ ձայնով սրտերուն մէջ։ Այդ ճանաչողութիւնը ձեռք կը բերուի Սուրբ Գիրքին լուռ աղօթքով մտածուած ընթերցումով, Հովիւներուն ձայնին ընդունումով եւ Եկեղեցւոյ Իմաստութեան գանձերու ուշադիր ուսումնասիրութեամբ։

Ըլլայ ուրախութիւններուն, ըլլայ դժուարութիւններուն մէջ առաջնակարգ բառը պէտք է ըլլայ « Եթէ Տէրը ուզեց ինծի համար, նաեւ ես կ՝ուզեմ։ Քրիստոսի հետ կապը նման է ամուսնութեան, «առողջութեան, հիւանդութեան, աղքատութեան եւ հարստութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց հայցելով Կուատալուփիէ Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Ան սորվեցնէ քաջութեամբ պատասխանել, Քրիստոսի հրաշալիքները սիրտին մէջ պահել եւ հռչակել հանդիպումի ուրախութիւնը, ըլլալով «կենդանի քարեր Իր Փառքին համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2025, 11:33