Որոնել

Կուատալուփէ Տիրամօր Տօնը. Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը՝ Մարիամ իբր Իմաստութեան եւ Սիրոյ Մայր

Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Կուատալուփէ Տիրամօր տօնին առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը Իր քարոզը կեդրոնացուց Մարիամի՝ իբր Իմաստութեան եւ Սիրոյ Մայր, դերին վրայ, Զինք ներկայացնելով իբր Աստուածային Խօսքը ընդունողի տիպար՝ Որ կը բերէ ճշմարիտ ուրախութիւն։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց Կուատալուփէի յայտնութիւնը՝ իբր մխիթարութեան պատգամ՝ հրաւիրելով ազգերուն ու հաւատացեալներուն Մարիամի միջոցով խնդրելու միութիւն, ծառայութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ Քրիստոսի ճամբուն վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին, յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, Կուատալուփէ Տիրամօր ծիսական տօնին առթիւ, ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներուն, ուխտաւորներուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ ուսանող Լատին Ամերիկայէն ժամանած քահանաներու, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու, նորընծաներու։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացուց Տիրամօր տիպարին վրայ, իբր Իմաստութեան մարմնացում եւ սիրոյ Մայր, ընդգծելով Աստուածամօր դերը Սուրբ Գիրքին եւ Քրիստոնէական աւանդութեան մէջ։

Օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Սիրաքի գիրքէն, Քահանայապետը մեկնաբանեց Իմաստութիւնը, իբր կին մը, որուն ամբողջական իրականացումը կը գտնուի Քրիստոսի մէջ եւ Մարիամ իբր Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած կին, որ կը ճանչցուի իբր սիրոյ եւ շնորհքի Մայրը։ Աւետարանին մէջ Մարիամը օրինակ է Աստուծոյ խօսքին հանդէպ իր պատրաստակամութեան, որ Զինք կը փոխակերպէ եւ ուրախ կը դարձնէ, մղելով Զինք հաղորդելու աստուածային պարգեւի ուրախութիւնը, ինչպէս կը տեսնուին հրեշտակի Աւետումով եւ Մեծացուսցէով։Մարիամի ցնծութիւնը կը ծնի Քրիստոսի ներկայութենէն, որ կը բերէ ճշմարիտ երջանկութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ  յիշեց Մարիամի Յայտնութիւնը Կուտալուփէի մէջ՝ 1531-ին, ուր Ամերիկայի բնակիչներուն մէջ արթնցուց այն գիտակցութիւնը, որ Աստուծոյ կողմէ Սիրուած են։ Տիրամօր յայտարարութիւնը՝«Գուցէ ես այստեղ չեմ, որ քու Մա՛րդ եմ» մօտիկութեան եւ մխիթարութեան պատգամ է դժուարութիւններուն մէջ, խոստանալով Աստուածային հաւատարմութիւնն ու աջակցութիւն։ Մարիամի մայրութիւնը կը հրաւիրէ հաւատացեալները ճանչնալու իրենց որդիութիւնը եւ դառնալու Իրեն հետեւեալ հարցումով. Մա՛յր, ի՛նչ պէտք է ընենք» որպէսզի աճինք հաւատքին մէջ եւ դիմագրաւենք կեանքի մարտահրաւէրները, այն վստահութեամբ, որ Անոր հետ նոյնիսկ ձմեռը կը փոխակերպուի յոյսի ժամանակի։

Իր ողջ գոյութեան ընթացքին, Մարիամ բերաւ այս ուրախութիւնը հոն ուր մարդկային ուրախութիւնը երբեք չի բաւեր, հոն ուր գինին պակսեցաւ (Յովհ 2,3) Այպէս եղաւ Կուատալուփէի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը քարոզn մէջ հրաւիրեց աղօթելու, որպէսզի Մարիամ օգնէ ազգերուն չբաժնուելու, իշխանութիւնը իբր ծառայութիւն գործադրելու, մարդկային արժանապատուութիւնը յարգելու կեանքի ամէն փուլին մէջ եւ ժողովուրդները ընդունող եւ համերաշխ դարձնելու։

Քարոզին մէջ Քահանայապետը ճանչցաւ նաեւ Մարիամի դերը երիտասարդները զօրացնելու մէջ, որպէսզի անոնք բարին ընտրեն եւ հաւատքին մէջ ամուր ըլլան ու կ'աղօթէ որպէսզի վերադարձնէ եկեղեցիէն հեռացածները, քանդելով բաժանումի պատերը եւ վերահաստատելով եղբայրական հաղորդութիւնը։

Եւ իբր որդի կը խնդրեմ քեզմէ. Մա՛յր, սորվեցո՛ւր այն ազգերուն, որոնք կ'ուզեն քու զաւակներդ ըլլալ, որ աշխարհը անհաշտելի ճամբարներու չբաժնեն, որ թոյլ չտան որ ատելութիւնը դրոշմէ իրենց պատմութիւնը, ո՛չ ալ որ սուտը գրէ իրենց յիշողութիւնը։

Ցոյց տո՛ւր անոնց, որ իշխանութիւնը պէտք է գործադրուի իբր ծառայութիւն, ո՛չ իբր տիրապետութիւն։ Դաստիարակէ՛ անոնց կառավարիչները իրենց պարտականութեան մէջ՝ պահպանելու ամէն անձի արժանապատուութիւնը անոր կեանքի բոլոր փուլերուն մէջ։

Այդ ժողովուրդները, քու զաւակներդ, դարձո՛ւր այնպիսի վայրեր, ուր ամէն մարդ կրնայ իրեն ողջունուած զգալ։


Ամրացո՛ւր ընտանիքները. Որոնք քու օրինակին հետեւելով, ծնողները քնքշանքով ու ամրութեամբ դաստիարակեն, այնպէս որ ամէն տուն ըլլայ հաւատքի դպրոց։

Մա՛յր, ներշնչէ՛ անոնց, որոնք կը ձեւաւորեն միտքերն ու սիրտերը, որպէսզի ճշմարտութիւնը փոխանցեն Աւետարանէն բխող քաղցրութեամբ, ճշգրտութեամբ եւ յստակութեամբ։

Քաջալերէ՛ անոնց, որոնց Քու Որդիդ կանչեց աւելի մօտէն հետեւելու Իրեն. զօրացո՛ւր հոգեւորականութիւնը եւ ուխտեալ կեանքը ամէնօրեայ հաւատարմութեան մէջ եւ նորոգէ՛ անոնց առաջին սէրը։

Պահպանէ՛ անոնց ներաշխարհը աղօթքով, պաշտպանէ՛ զանոնք փորձութեան մէջ, քաջալերէ՛ յոգնութեան մէջ եւ օգնէ՛ տկարացածներուն։

Աստուծոյն մայրը, եկո՛ւր Պետրոսի Յաջորդին օգնութեան, որպէսզի հաստատէ բոլոր անոնք որոնք ինծի վստահուած են քու որովայնիդ տանող օրհնեալ Պտուղին միակ ճամբուն վրայ, Յիշէ այս քու որդիիդ, «որուն Քրիստոս վստահեցաւ Երկնքի Թագաւորութեան բանալիները բոլորին բարիքին համար», որպէսզի այդ բանալիները ծառայեն «կապելու եւ արձակելու եւ փրկելու բոլոր մարդկային թշուառութիւնը Եւ ըրէ որ, վստահելով քու պաշտպանութեանդ, յառաջանանք աւելի ու աւելի միացած, Յիսուսի հետ եւ մեր միջեւ, դէպի այն յաւերժական բնակարանը, որ Ան մեզի համար պատրաստած է եւ ուր դուն մեզի կը սպասես: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2025, 16:55