Թուրքիոյ և Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածը մեզի կը սորվեցնէ` որ խաղաղութիւնը կարելի է. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 7 Դեկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն յիշեց անցեալ օրերուն Թուրքիա ապա Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը ըսելով.
Նիկիայի Ժողովի 1700 ամեակը
«Մի քանի օր առաջ ես վերադարձայ իմ առաջին առաքելական ճանապարհորդութենէս՝ Թուրքիա և Լիբանան: Իմ սիրելի եղբօր՝ Կոստանդնուպոլսի Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոսի և այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն հետ մենք հանդիպեցանք միասին աղօթելու Իզնիքի մէջ՝ հին Նիկիայի մէջ, ուր 1700 տարի առաջ տեղի ունեցած էր առաջին Տիեզերական ժողովը» եւ «Այսօր կը լրանայ Պօղոս Զ-ի և Աթենակորաս Պատրիարքի համատեղ հռչակագրի 60-ամեակը, որ վերջ դրաւ փոխադարձ նզովանքներուն» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ հրաւիրեց շնորհակալութիւն յայտնելու Աստծոյ և նորոգելու մեր յանձնառութիւնը ի սպաս բոլոր քրիստոնեաներու լիակատար տեսանելի միութեան ճանապարհին»
Թուրքիոյ կաթողիկէ համայնքը որ կը վկայէ սիրոյ Աւետարանը
Ան ապա նշեց թէ Թուրքիոյ մէջ ուրախութիւնը ունեցաւ հանդիպելու կաթողիկէ համայնքին հետ։ «Համբերատար երկխօսութեան և տառապողներու հանդէպ ծառայութեան միջոցաւ ան կը վկայէ սիրոյ Աւետարանի և Աստուծոյ տրամաբանութեան մասին, որ կը դրսևորուի փոքրութեան մէջ», յարեց ապա Քահանայապետը եւ անդրադարձաւ Լիբանանի ճամբորդութեան, հաստատելով` որ Լիբանանը կը մնայ «համակեցութեան խճանկար» ու թէ իրեն մխիթարանք պատճառեց այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ վկայութիւններ ունկնդրելը։
Քահանայապետին մխիթարութիւնն ու յուզմունքը լիբանանցիներուն հետ հանդիպումով
«Հանդիպեցայ մարդոց` որոնք կը քարոզեն Աւետարանը, ողջունելով տեղահանուած անձերը, այցելելով բանտարկեալները և հացը կիսելով կարիքաւորներուն հետ։ Ես մխիթարուեցայ՝ տեսնելով փողոցներուն վրայ ինձ դիմաւորող այդքան շատ մարդիկ, և յուզուեցայ Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի զոհերու հարազատներուն հետ հանդիպումին համար։ Լիբանանցիները կը սպասէին խօսքի և մխիթարութեան ներկայութեան մը, բայց ճիշտ իրենք եղան, որ մխիթարեցին զիս իրենց հաւատքով և ոգևորութեամբ» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց `որոնք իրեն ընկերացան աղօթքով։
Խաղաղութիւնը կարելի եւ քրիստոնեաները կարող են սատարել անոր կառուցումին
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, վերջին օրերուն Թուրքիայի և Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածը մեզի կը սորվեցնէ` որ խաղաղութիւնը կարելի է, և որ քրիստոնեաները՝ այլ հաւատքներու և մշակոյթներու այր մարդոց եւ կիներուն հետ երկխօսութեամբ, կարող են սատարել անոր կառուցման։ Եկէք չմոռանանք. խաղաղութիւնը կարելի է» շեշտեց Քահանայապետը եւ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց նաեւ Հարաւային և Հարաւարևելեան Ասիայի ժողովուրդներուն, որոնք ծանրակէս վնասուած են վերջին բնական աղէտներուն պատճառաւ։
Աղօթք եւ մօտիկութիւն Հարաւային և Հարաւարևելեան Ասիայի ժողովուրդներուն
«Կ՛աղօթեմ զոհերու, իրենց սիրելիները սգացող ընտանիքներու և օգնութիւն ցուցաբերողներուն համար։ Ես կոչ կ՛ընեմ միջազգային հանրութեան և բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց զօրակցութեան ժեստերով աջակցելու այդ տարածաշրջաններուն մէջ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն» եղաւ Նորին Սրբութեան կոչը որ ապա ողջունեց աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ բարի «Գալստեան շրջանի» ուղեւորութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
