Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը Անարատ Յղացեալին. «Մայր` Խաղաղութեան Թագուհի. աղօթէ մեզի համար»

Երկուշաբթի` 8 դեկտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին ժամը չորսին Լեւոն ԺԴ. Պապը իր կարգին այցելեց Փիացցա Տի Սպանիա հրապարակը մեծարելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամ Անարատ Յղացեալը, որուն յուշարձանի ոտքին գլխաւորեց աղօթքի պահ մը, ապա անոր յղեց աղերսական աղօթք մը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

8 դեկտեմբերը յատուկ թուական է Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար ։ Արշալոյսէն կը սկսի հաւատացեալներուն հոսքը դէպի Սպանիա հրապարակ, ու յատկապէս անոր մօտակայքը գտնուող Մինիանելլի հրապարակ` ուր 8 դեկտեմբեր 1857ին կառուցուած է Սուրբ Կոյս Մարիամ Անարատ Յղացեալին նուիրուած յուշարձանը, որուն ոտքին անոնք կը զետեղեն ծաղիկներ ու կը հայցեն Ս. Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը։

Հրշէջներուն մեծարանքը
Հրշէջներուն մեծարանքը   (ANSA)

Հռոմէական աւանդութիւն

Առաւօտեան կանուխ, Հռոմի հրշէջները ի յիշատակ իրենց 220 գործընկերներուն, որոնք մասնակցած էին արձանի բացման արարողութեան, առաջինները կը հանդիսանան, որ փութալով Սպանիա հրապարակ կը մեծարեն Սուրբ Կոյսը։ Մեծարանքի արարողութիւնը կը կայանայ Աստուածածնայ բազուկին վրայ զետեղելով ծաղկեպսակ մը եւ այս մէկը կը կատարէ ընդհանրապէս հրշէջներէն ամենէն տարեցը բարձրանանալով դէպի գրեթէ 30 մեթր բարձրութեան վրայ զետեղուած արաձնը։

Հռոմի ու համայն աշխարհին մէջ Տիրամօր այս կարեւոր տօնին առիթով տարիներէ ի վեր աւանդութիւն է նաեւ, որ Քահանայապետերը այցելեն Սպանիա Հրապարակը եւ իրենց կարգին մեծարեն Սուրբ Կոյս Մարիամը։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին

Արձանի բացումը 1857-ին

Յայտնենք` որ Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Երեք տարի ետք` 8 դեկտեմբեր 1857ին, նոյն Քահանայապետը կ՛ օրհնէ եւ բացումը կը կատարէ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այդ արձանին, որ ինչպէս նշեցինք զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ  կոթողի  մը վրայ։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին

Մեծարանքի աւանդութիւնը

Պիոս ԺԲ. Քահանայապետը եղաւ առաջինը` որ Անարատ Յղութեան տօնին օրը ծաղիկ ուղարկեց Սպանիա հրապարակ, Անարատ Յղութեան տօնին առիթով, ապա 1958-ին Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. անձամբ այցելեց հրապարակը եւ յուշարձանի ոտքին զետեղեց սպիտակ վարդերու փունջ մը, ապա այցելեց Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ տաճարը։ Այս սովորութիւնը շարունակուեցաւ Պօղոս Զ.-ի, Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի, Պենետիկտոս ԺԶ.-ի եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերու կողմէ։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին   (AFP or licensor)

Լեւոն ԺԴ. Պապին առաջին այցը Սպանիա հրապարակ

Երկուշաբթի` 8 դեկտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին ժամը չորսին Լեւոն ԺԴ. Պապը իր կարգին այցելեց Փիացցա Տի Սպանիա հրապարակը մեծարելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամ Անարատ Յղացեալը, որուն յուշարձանի ոտքին գլխաւորեց աղօթքի պահ մը, ապա անոր յղեց աղերսական աղօթք մը։

Սրբազան Պապը կէսօրէն ետքը ժամը 3,30 անց մեկնեցաւ Վատիկանէն եւ ուղղուեցաւ Սպանիա հրապարակ ու ճանապարհին վրայ կանգ առաւ Վիա Քոնտոթթի, առուտուրի պողոտայի վրայ գտնուող Սուրբ Երրորդութեան նուիրուած Եկեղեցւոյ առջեւ, ուր ընդունեցաւ «Վիա Քոնտոթիի առևտրականներու ընկերակցութեան» մեծարանքը, ապա բացօթեայ ինքնաշարժով շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Փիացցա Տի Սպանիա հրապարակ մինչ ճամբաներուն եզրին հազարաւոր Հռոմաբնակ հաւատացեալներ եւ զբօսաշրջիկներ կ՜ողջունէին զինք ու անորմէ կ՜ընդունէին առաքելական օրհնութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին   (AFP or licensor)

Այս առաջին անգման էր` որ Քահանայապետ ընտրուելէն ետքը Լեւոն ԺԴ. կ՛այցելէ Հռոմի կեդրոնական այս հրապարակը ու կը կատարէ Անարատ Յղութեան նուիրուած աղօթքը։

Փիացցա Տի Սպանիա ժամանումին Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռեյնայի և քաղաքապետ Ռոպերթօ Կուալթիերիի կողմէ ու այլ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ։

Ան ապա կանգ առաւ Տիրամօր Անարատ Յղութեան յուշարձանին առջև՝ ուր սկիզբ տուաւ աղօթքին զետեղելով նաեւ սպիտակ վարդերու ծաղկեփունջ մը։

 

Աղօթքը

Հակիրճ արարողութեան աւարտին որուն ընթացքին երգչախումբը կատարեց Տիրամօր նուիրուած լիթանիան Լեւոն ԺԴ. Պապը աղերսական աղօթք մը արտասանեց որուն մէջ ի միջի այլոց ըսաւ.

«Անարատ Յղացեալ` հաւատացեալ ժողովուրդի մը Մայրը, քու թափանցիկութիւնդ Հռոմը կը լուսաւորէ յաւիտենական լոյսով, քու ուղեւորութիւնդ բոյրով կը լեցնէ անոր ճանապարհները, աւելի քան այն ծաղիկները, զոր այսօր քեզի կը նուիրենք։ Համայն աշխարհէն բազմաթիւ ուխտաւորներ, պատմութեան հոլովոյթին ու այս յոբելենական տարուան առթիւ քալեցին այս քաղաքի ճանապարհներուն վրայ.... Նայիր, ո՛վ Մարիամ, բազմաթիւ զաւակներուդ եւ դուստրերուդ, որոնց մէջ յոյսը չէ մարած. Թող անոնց մէջ ծիլ առնէ` ինչ որ ցանեց քու Որդիդ... Թող ծաղկի յոբելենական յոյսը` Հռոմի և երկրի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ, յոյս` նոր աշխարհին մէջ, զոր Աստուած կը պատրաստէ, և որուն մէջ դուն` ով Սուրբ Կոյս, նման ես բողբոջի ու արշալոյսի։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին

Սուրբ դուռերէն ետքը թող բացուին այլ դռներ՝ տուներու և խաղաղութեան ովասիսներուն դռները, ուր կրկին ծաղկի արժանապատուութիւնը, կրթուինք բռնութեան դէմ, սորուինք հաշտեցման արուեստը...։ Թող` որ Մկրտութիւնը շարունակէ ստեղծել սուրբ եւ անարատ մարդիկ ու կիներ, կոչուած դառնալու Քրիստոսի Մարմնին կենդանի անդամները.... Միջնորդէ մեզի համար, որ կը պայքարինք փոփոխութիւններու դէմ, որոնք, կարծես, մեզ անպատրաստ և անօգնական կը գտնեն։ Ոգեշնչէ երազանքներ, տեսիլքներ եւ քաջութիւն, դուն, որ բոլորէն աւելի գիտես, որ Աստուծոյ համար ոչ մէկ բան անկարելի է, և միևնոյն ատեն թէ Աստուած ոչ մէկ բան կ՜ընէ միայնակ։ Մեզ դիր ճանապարհին վրայ, այն շտապողականութեամբ, որ օր մը շարժեց քու քայլերդ դէպի քու զարմուհի Եղիսաբեթը, և այն երկիւղով, որով դուն դարձար աքսորեալ և ուխտաւոր... Օգնէ մեզի միշտ ըլլալու Եկեղեցի` ժողովրդի հետ և ժողովրդի մէջ, թթխմոր այն մարդկութեան խմորին մէջ, որ կը հայցէ արդարութիւն և յոյս։ Անարատ, անսահման գեղեցկութեան կին, հոգ տար այս քաղաքին, այս մարդկութեան։ Ցոյց տուր անոր Յիսուսը, զայն տար Յիսուսին, ներկայացուր Յիսուսին։ Մայր Խաղաղութեան Թագուհի աղօթէ մեզի համար»։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին աղօթքը` Անարատ Յղացեալին   (AFP or licensor)


Սոյն աղօթքէն ետքը Նորին Սրբութիւնը մէկիկ մէկիկ ողջունեց աղօթքին մասնակցող հիւանդներն ու տարեցները որոնք տեղ գրաւած էին առաջին շարքերուն վրայ անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2025, 16:11