Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին լռելեան աղօթքը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ի յիշատակ

Յայտնենք որ պայթումին պատճառաւ զոհուեցան 200 անձ, որոնց շարքին էր նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի դուստր` Ճեսսիքա Պէզճեանը, ապա վիրաւորուեցան աւելի քան եօթը հազար անձինք մինչ երեք հարիւր հազար անհատներ մնացին անտուն եւ աւելի քան եօթանասուն հազար կառոյցներ վնասուեցան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը օրը սկսաւ այցելելով Թալ ըլ Տիպի մտային անկարներու Սուրբ Խաչ հիւանդանոցը ապա տեղափոխուեցաւ, Պէյրութի Նաւահանգիստի ճիշտ այն վայրը ուր հինգ տարիներ առաջ տեղի ունեցած է ահաւոր պայթումը, որուն պատճառաւ զոհուեցան 200 անձ, որոնց շարքին էր նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի դուստր` Ճեսսիքա Պէզճեանը, ապա վիրաւորուեցան աւելի քան եօթը հազար անձինք մինչ երեք հարիւր հազար անհատներ մնացին անտուն եւ աւելի քան եօթանասուն հազար կառոյցներ վնասուեցան։

Պայթումին պատճառն էր 2014 թուականին «MV Rhosus» նաւէն առ գրաւուած եւ առանց ապահովութեան միջոցներու այնտեղ լքուած ամոնիումի նիտրատը։ Արդարեւ տեղի ունեցան իրար յաջորդ երկու պաթումներ. առաջինը՝ փոքր, որուն յաջորդեց երկրորդը` որ համարուած է պատմութեան մէջ ամենահզօր ոչ միջուկային պայթիւններէն մէկը։

Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութիւնը դէպքը դասակարգած է որպէս 3.3 մանյիդուտով երկրաշարժային իրադարձութիւն։ Մինչեւ օրս զոհերուն ընտանիքները արդարութիւն կը պահանջեն տրուած ըլլալով, որ աղէտին պատասխանատուութիւնը տակաւին չէ յայտնաբերուած։

Այս տարուայ փետրուարին, տարիներ շարունակ ընդհատումներու ենթարկուելէ ետքը , դատաւոր Թարեք Պիթարի գլխաւորած հետաքննութիւնները վերսկսան, սակայն կան տակաւին անորոշութիւններ որոնք կապուած են քաղաքական առաջնորդներու և պետական​​պաշտօնեաներու` որոնք կը շարունակեն մերժել հարցաքննութեան ենթարկուելու եւ դատական հայցեր կը ներկայացնեն դատաւորի դէմ։

Պայթումէն հինգ տարի ետք զոհերուն ընտանիքները, վիրաւորները և ողբերգութիւնէն վնասուած մարդոց համայն սերունդներ տակաւին կը սպասեն արդարութիւնը։ Վերջին ամիսներուն օրը յայտարարուեցաւ է ազգային սուգի օր, փողոցը անուանակոչուած է 2020 թուականի օգոստոսի 4-ի զոհերու անունով, իսկ պայթումի վայրը ներառուած է պատմական նշանակութեան վայրերու ցանկին մէջ։

Լռելեան աղօթքի եւ յիշատակումի վայր ժամանելուն, Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Վարչապետին կողմէ ապա պահ մը կանգ առաւ եւ ամփոփուեցաւ երկար լռելեան աղօթքի մէջ, ապա Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի առջև զետեղեց ծաղկեպսակ մը եւ վարեց մոմ մը։ Ան ապա ողջունեց այս առիթով այնտեղ գտնուող զոհերու հարազատները եւ պայթումէն փրկուածներէն մի քանի անձինք, օրհնելով, ողջագուրելով եւ ունկնդրելով անոնց ցաւը, ու մխիթարական խօսքեր ուղղելով անոնց։

Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղուեցաւ «Beirut Waterfront» ծովափային տարածք` ուր գլխաւորեց Լիբանանի ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2025, 09:23