Որոնել

2025.12.01 Viaggio Apostolico in Libano - Incontro con i Vescovi nel Santuario di Nostra Signora del Libano ad Harissa

«Ձեր ներկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ` որ Աստուած մեր հետն է։ Եկեղեցին մեր հետն է։ Մենք առանձին չենք». Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը Լեւոն Պապին

Նման Յիսուսի աշակերտներուն որ փոթորկի թիրախ նաւուն վրայ աղաղակեցին. «Տէր փրկէ մեզ կը կորսուինք», մենք ալ այս մարտիրոս հողատարածքի զաւակներ, կ՛ապաւինինք ձեր բարեխօսութեան, այն վստահութեամբ` որ Տէրը Լիբանանին ու համայն Միջին Արեւելքին պիտի պարգեւէ իսկական Խաղաղութիւնը, այն խաղաղութիւնը որ կը ծնի Յարուցեալ Քրիստոսէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Լիբանանը կ՛ապրի շնորհքի օր մը։ Ձեր աղօթքը լռութեան եւ լոյսի սուրբ` Սուրբ Շարպելի քարայրին մէջ, մեզ յիշեցուց հաւատքի փրկարար ուժը։ Այժմ, Լիբանանի Աստուածածնայ ոտքերուն մօտ, մենք հաւաքուած ենք Անոր մայրական հայեացքին տակ, որ կը գրկէ իր բոլոր զաւակները։ Այս սրբավայրը վայր է, ուր ազգեր եւ կրօններ կը հանդիպին կը կը հաշտուին։ Հարիսայի Աստուածամայրը կը մնայ Լիբանանի հոգեւոր յենարան»։ Խօսքերն են ասոնք զոր արտասանեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Միասնեանը, Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Հարիսայի սրբավայրին մէջ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներու, ինչպէս նաև հովուական աշխատողներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, ողջունելով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, որ երէկ` 30 նոյեմբերի յետմիջօրէին ժամանեց Լիբանան աւարտելէ ետք ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Թուրքիոյ այցելութիւնը, ուր Ան գլխաւորեց Նիկիոյ առաջին Տիեզերական Համամիութենական ժողովի 1700 ամեակի տօնակատարութիւնները։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Հայրապետը ապա Տիրամօր յանձնեց լիբանանի համայն ազգը Եկեղեցին եւ ամբողջ աշխարհը ընդգծելով որ, Լեւոն ԺԴ. Պապին այցը «աղօթքի եւ յոյսի կենդանի բոց է», որ կը լուսաւորէ երկրին իւրաքանչիւր հատուած։

«Մենք կ՛աղօթենք Ձեզի հետ, Սրբազան Հայր, խաղաղութեան, արդարութեան եւ մեր սիրելի Լիբանանի վերածննդեան համար.... Այս օրհնեալ հողին վրայ հաւատքը ունի խոր արմատներ եւ աւանդոյթներու բազմազանութիւնը կը դառնայ հարստութիւն, նշան Աստուծոյ շնորհքի բազմաձեւութեան» ըսաւ հուսկ ի միջի այլոց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ակնարկելով Լիբանանի ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն ու անոր դիմադրութեան հակառակ ցաւին եւ յոգնութեան, մնալով «յոյսի պահապաններ եւ խաղաղութեան վկաներ», ըսաւ Ան ակնարկելով թէ քրիստոնեայ արեւելքին ուժը կը ծնի մարտիրոսներու յիշողութենէն, որ վերածուած է ապրուած Աւետարանի եւ մարմնաւորուած է առօրեայ կեանքին մէջ, «ուժ որ կը սնուցէ, որ կը պաշտպանէ իւրաքանչիւր մարդու կեանքն ու արժանապատուութիւնը, երկրի մը մէջ, որ տասնութ կրօնական դաւանանքներու հայրենիք է, շօշափելի խորհրդանիշ այն բանի, թէ ինչպէս հաւատքը կարող է կամուրջ դառնալ ` աշխարհի վէրքերէն անդին»։

«Նման Յիսուսի աշակերտներուն որ փոթորկի թիրախ նաւուն վրայ աղաղակեցին. «Տէր փրկէ մեզ կը կորսուինք», մենք ալ այս մարտիրոս հողատարածքի զաւակներ, կ՛ապաւինինք ձեր բարեխօսութեան, այն վստահութեամբ` որ Տէրը Լիբանանին ու համայն Միջին Արեւելքին պիտի պարգեւէ իսկական Խաղաղութիւնը, այն խաղաղութիւնը որ կը ծնի Յարուցեալ Քրիստոսէն։ Ձեր ներկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած մեր հետն է։ Եկեղեցին մեր հետն է։ Մենք առանձին չենք» ըսաւ հուսկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ու խօսքը եզրափակեց մաղթելով` որ Աւետարանին լոյսը լուսաւորէ իւրաքանչիւր սիրտ, իւրաքանչիւր տուն, եւ ուղեւորութեան իւրաքանչիւր հանգրուան»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2025, 10:55