Որոնել

Աւստարալիա, բռնութեան արարք Աւստարալիա, բռնութեան արարք  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. դատապարտեց Սիտնիի մէջ «Անիմաստ բռնութեան արարք»ը

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ, Արքեպիսկոպոս Ֆիշըրին ուղղուած հեռագրի մը մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ իր «հոգեւոր մօտիկութիւնը» ողբերգութենէն տուժած բոլորին, եւ կը խնդրէ որ բոլոր անոնք, որոնք «բռնութիւնը կատարեցին, դարձի գան եւ փնտռեն խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ճամբան»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սիտնիի ծովեզերքին վրայ ահաբեկչական յարձակումի ի լուր՝ երկուշաբթի, 15 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ցաւակցական գիր յղեց Սիտնիի թեմի արքեպիսկոպոսին գերպ Անթոնի Ֆիշերի։

Ցաւակցական գիրին մէջ ծիրանաւորը տեղեկացուց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը իմանալով Սիտնիի մէջ տեղի ունեցած սարսափելի յարձակումի մասին, որուն պատճառով մահացած են Լոյսերուն տօնի համար հաւաքուած Հրեայ համայնքի անդամները, Իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կ'ապահովէ բոլոր անոնց, որոնք տուժած են բռնութեան այս անմիտ արարքէն։

Այն Նորոգուած յոյսով, որ բռնութեան փորձութեան մատնուած անձերը պիտի կարողանան փոխուիլ ու փնտռել խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ճամբան, Նորին Սրբութիւնը կ՝աղօթէ վիրաւորներու առողջութեան համար ինչպէս նաեւ իրենց սիրելիները կորսնցուցած սգացողներուն սփոփանքին համար։

Կարդինալ Փարոլին ցաւակցական գիրը աւարտեց նշելով, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը յանձնելով մեռեալները Ամենակարող Աստուծոյ սիրող ողորմութեան, խաղաղութեան եւ զօրութեան աստուածային օրհնութիւնները կը հայցէ բոլոր Աւստրալացիներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2025, 15:08