Որոնել

2025.12.20 Udienza Giubilare

Յուսալը կը նշանակէ ստեղծել։ Մարիամ` մեր յոյսը. Լեւոն ԺԴ Պապին յոբելենական հրապարակային վերջին ունկնդրութիւնը

«Բայց եւ այնպէս շատ մը հզօրներ չեն լսեր երկրին եւ աղքատներուն աղաղակը. երկրին հարստութիւնը քիչերու ձեռքերուն մէջ է, շատ քիչերու, միշտ աւելով անարդարացիօրէն կենտրոնացած՝ ձեռքերուն մէջ անոնց, որոնք յաճախ կը մերժեն լսել երկրին և աղքատներուն աղաղակը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս եւ բարի եկած էք։ Երբ Սուրբ Ծնունդը դռներուն մօտ է կարող ենք ըսել. Տէրը մօտեցած է։ Առանց Յիսուսին Տէրը մօտեցած է հաստատումը կարող է հնչել որպէս սպառնալիք։ Իսկ Յիսուսն մէջ մենք կը բացայայտենք որ, Աստուած ողորմութեան որովայն մըն է։ Մանուկ Յիսուսը մեզի կը յայտնէ թէ Աստուած ունի ողորմած սիրտ, որուն միջոցաւ Ան միշտ կը ստեղծէ։ Անոր մէջ սպառնալիք չկայ, այլ ներում»։ Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկիզբ տուաւ Յոբելենական տարուան շաբաթ օրերու վերջին յոբելենական ունկնդրութեան, որոնք սկիզբ առած էին անցեալ Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ ահա այսօր կ՛աւարտին անոր յաջորդ Լեւոն ԺԴ. Պապի գլխաւորութեամբ։

Մենք կը մնանք յոյսի ուխտաւորներ

«Յոբելեանը կը մօտենայ իր աւարտին, բայց վերջ չի գտներ այն յոյսը, որ այս Տարին մեզի պարգեւեց, մենք պիտի մնանք յոյսի ուխտաւորներ», ըսաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն. «Որովհետև մենք յոյսով փրկուեցանք» (Հռովմէացիք 8։24)։

Առանց յոյսի կը մեռնինք յոյսով լոյս կը տեսնենք

«Առանց յոյսի մենք մեռած ենք, յոյսով մենք լոյս կը տեսնենք։ Յոյսը ծնունդ կու տայ։ Ան արդարեւ աստուածաբանական առաքինութիւն է, այսինքն՝ Աստուծոյ ուժ, և որպէս այդ՝ ան չի սպաներ այլ ծնունդ և վերածնունդ կը յառաջացնէ։ Այս մէկը իրական ուժ է։ Այն, ինչ որ կը սպառնայ եւ կը սպանէ ուժ չէ. ամբարտաւանութիւն է, նախայարձակ վախ է, չար է, որ ոչ մէկ բան կը ծնի։ Աստուծոյ ուժը ծնունդ կու տայ։ Այդ պատճառով ես կ՛ուզեմ ձեզի ըսել. յոյս ունենալը կը նշանակէ ծնունդ տալ» յարեց ապա Լեւոն ԺԴ.ը։

Շատեր չեն լսեր երկրին ու աղքատներուն աղաղակը

Ան ապա շարունակեց. Սուրբ Պօղոսը Հռոմի քրիստոնեաներուն կը գրէ բան մը, որ մեզի մտածել կու տայ. «Գիտենք, որ բոլոր արարածները մինչև հիմա կը հեծեն երկունքի տառապանքներուն մէջ» (Հռոմէացիներ 8։22): Այս մէկը մեզի կ՛օգնէ լսելու և աղօթքի բերելու երկրի և աղքատներուն աղաղակը: «Համայն արարչութիւնը միասին» աղաղակ է: Բայց եւ այնպէս շատ մը հզօրներ չեն լսեր այս աղաղակը. երկրի հարստութիւնը քիչերու ձեռքերուն մէջ է, շատ քիչերու, միշտ աւելով անարդարացիօրէն կենտրոնացած՝ ձեռքերուն մէջ անոնց, որոնք յաճախ կը մերժեն լսել երկրին և աղքատներուն աղաղակը: Աստուած արարչագործութեան բարիքները նախատեսած է բոլորի համար, որպէսզի բոլորը կարողանան կիսել զանոնք: Մեր պարտականութիւնն է ստեղծել, ոչ թէ գողնալ: Այնուամենայնիւ, հաւատքի մէջ երկրի և աղքատներու ցաւը ծննդաբերութեան ցաւ է: Աստուած միշտ կը ստեղծէ, Աստուած տակաւին կը ստեղծէ, և մենք կարող ենք ստեղծել Անոր հետ՝ յոյսով: Պատմութիւնը Աստուծոյ ձեռքերուն և Անոր վրայ յոյս ունեցողներու ձեռքերուն մէջ է: Չկան միայն գողցողները կան ամենէն առաջ ստեղծողներ» հաստատեց Քահանայապետը:

Մարիամին մէջ կը տեսնենք մեզի նման մէկ մը` որ ծնունդ կու տայ

«Եղբայրներ եւ քոյրեր եթէ քրիստոնէական աղօթքը այդքան խորապէս մարեմական է, պատճառը այն է որ մենք Նազարէթի Մարիամին մէջ կը տեսնենք մեզի նման մէկ մը` որ ծնունդ կու տայ։ Աստուած զայն դարձուց պտղաբեր ու դէպի մեզի եկաւ անոր նմանութեամբ, այնպէս ինչպէս իւրաքանչիւր զաւակ նման է իր մօր։ Ան մեր եւ Աստուծոյ Մայրն է։ Մեր յոյսը, .... եւ մենք եւս կը նմանինք այս Մօր, որ դիմագիծ, մարմին, ու ձայն տուաւ Աստուծոյ Բանին։ Մենք Անոր կը նմանինք որովհետեւ մենք եւս կարող ենք մեր լսած աղաղակը փոխակերպել ծննդաբերութեան։ Աստուած կ՛ուզէ դարձեալ ծնիլ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու դարձեալ շեշտեց թէ «յուսալը կը նշանակէ ստեղծել»։

Յուսալը կը նշանակէ ստեղծել

«Յոյս ունենալ կը նշանակէ տեսնել, թէ ինչպէս այս աշխարհը կը դառնայ Աստուծոյ աշխարհ. աշխարհ` ուր Աստուած, մարդիկ և բոլոր արարածները կրկին միասին կը քալեն՝ այգի- քաղաքին մէջ, նոր Երուսաղեմի մէջ։ Թող` որ Մարիամը՝ մեր յոյսը, միշտ ուղեկցի մեր հաւատքի և յոյսի այս ուխտագնացութեան» եղան Քահանայապետին Յոյսի նուիրուած Սուրբ տարուան յոբելենական վերջին ունկնդրութեան եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 10:34

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >