Լեւոն ԺԴ. Ապահովել՝ որ Եկեղեցւոյ ձայնը շարունակէ լսելի ըլլալ Եւրոպայի մէջ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Եւրոպական Պահպանողականներու եւ Բարենորոգիչներու Խումբին պատուիրակութեան անդամները։
«Ամէնէն առաջ, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի ձեր կատարած աշխատանքին համար, ոչ միայն ծառայելու համար անոնց՝ զորս կը ներկայացնէք Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ այլեւ ձեր համայնքներուն մէջ գտնուող բոլոր անձերուն։ Իրաւամբ, հասարակութեան մէջ բարձր պաշտօն ունենալը կը կրէ ընդհանուր բարիքը յառաջ տանելու պարտականութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը իր արտասանած պատգամին սկիզբը քաջալերելով ներկաները երբեք չմոռնալու ընկերութեան եզրին գտնուող անձերը, զոր Յիսուս Քրիստոս անուանեց մեր մէջի «ամէնէն փոքրերը»։
Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի մէջ ընտրուած պաշտօնեաները կը ներկայացնեն զանազան տեսակէտներ եւ պէտք է քննարկեն քաղաքավարութեամբ ու յարգանքով՝ գնահատելով երկխօսութիւնը եւ բոլորին արժանապատուութիւնը։ Քահանայապետը վերյիշեց, իր նախորդներուն այն կոչը որ Եւրոպական միութիւնը կարելի է հասկնալ եւ յառաջ տանիլ՝ լոկ ճանչնալով իր Հրէայ-Քրիստոնէական արմատները, որոնք զգալիօրէն նպաստած են մայրցամաքի մշակոյթին, արուեստին, գիտութեան եւ հաստատութիւններուն։ Ամէնքը կը ճանչնան այն նպաստը զոր Քրիստոնեայ համայնքներուն անդամները տուած են ու կը շարունակեն տալ Եւրոպական հասարակութեան բարիքին համար։ Բաւարար է յիշել Արեւմտեան քաղաքականութեան կարեւոր զարգացումներէն ոմանք, յատկապէս՝ իր վեհաշուք տաճարներուն մշակութային գանձերը, վսեմ արուեստն ու երաժշտութեան եւ գիտութեան մէջ եղած յառաջադիմութիւնները, չխօսելով համալսարաններուն աճումի ու տարածումի մասին։ Այս զարգացումները ներքին կապ մը կը ստեղծեն քրիստոնէութեան եւ Եւրոպական պատմութեան միջեւ, պատմութիւն մը՝ որ պէտք է գնահատուի եւ փառաբանուի։
Քահանայապետը ապա շեշտ դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ Քրիստոնէական բարոյական սկզբունքները եւ մտածելակերպի ժառանգութիւնը հիմնական են՝ պաշտպանելու համար մարդկային իրաւունքները եւ իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը, դիմագրաւելով մարտահրաւէրներ՝ ինչպէս աղքատութիւնը, ընկերային մեկուսացումը կլիմայական ճգնաժամը։
«Պէտք է ապահովել, որ Եկեղեցւոյ ձայնը շարունակէ լսելի ըլլալ, մանաւանդ իր ընկերային վարդապետութեան միջոցաւ եւ սա չի նշանակեր վերականգնել անցեալի ժամանակաշրջան մը այլ վստահեցնել՝ որ մոռացութեան չմատնուին ապագայ համագործակցութեան եւ համարկումին հիմնական աղբիւրներ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու պատգամը եզրափակեց յիշելով Պենետիկտս ԺԶ Պապին այն համոզումը, որ բանականութեան աշխարհը եւ հաւատքի աշխարհի միջեւ երկխօսութիւնը հիմնական է ՝ իւրաքանչիւրին իրաւասութիւնները յարգելու եւ աղաւաղումները կանխելու համար։
Լեւոն ԺԴ Պապը խօսքը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը, որպէսզի քաղաքական ներկայացուցիչները՝ դրականօրէն ներգրաւուին այս կարեւոր երկխօսութեան մէջ, ոչ միայն Եւրոպայի ժողովուրդներուն, այլ նաեւ մարդկային ողջ ընտանիքին բարիքին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
