Աշխատանքի խորհրդատուներու Կարգի անդամները Լեւոն ԺԴ. Պապին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 18 դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայաետը Առաքելական պալատէն ներս ի միջի այլոց ընդունեց Աշխատանքի խորհրդատուներու Կարգի անդամները, Կարգի հիմնադրութեան վաթսունամեակին առիթով։
Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւնը արտայայտելով անոնց հետ հանդիպումին համար իր արտասանած ճառը կեդրոնացուց երեք հիմնական սիւներուն վրայ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, միջնորդութիւնը և աշխատավայրերուն անվտանգութեան խթանումը։
Վերահաստատելով իւրաքանչիւր աշխատանքային գործունութեան մարդ անհատի կենտրոնականութեան սկզբունքը, Քահանայապետը հրաւիրեց հաշուի առնել ընտանիքներու, երիտասարդներու և տարեցներու կարիքները՝ խթանելով մարդասիրական և եղբայրական աշխատանքային միջավայր, նոյնիսկ արհեստականութեան և արհեստական բանականութեան գերիշխող դարաշրջանին մէջ։
Ան խրախուսեց խորհրդատուները ըլլալու միջնորդներ ընդմէջ աշխատաւորներու եւ ընկերութիւններու խուսափելով պաշօնակակալութենէն և անտարբերութենէն, և կիրառելու արդարութիւն և բարեգործութիւն՝ ուշադրութիւն դարձնելով ամենադիւրաբեկ եւ խոցելի անհատներուն։
Ակնարկելով հուսկ անվտանգութեան նիւթին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ ինչպէս կանխարգիլումը՝ վերապատրաստման և շարունակական կրթութեան միջոցաւ, կարևոր է մարդկային կեանքերը պաշտպանելու համար։
Ճառի աւարտին Քահանայապետը քաջաքլերեց ներկաները որպէսզի իրենց պարտականութիւնն ու դերը կատարեն գորովով։
«Ձեզ կը վստահիմ Սուրբ Կոյս Մարիամի և Սուրբ Յովսէփի՝ աշխատաւորներու պահապան Սուրբի բարեխօսութեան, միաժամանակ սրտանց կը շնորհեմ առաքելական օրհնութիւնս ձեզի և ձեր ընտանիքներուն։ Բոլորիդ կ՛ուղղեմ իմ Սուրբ Ծննդեան տօներու բարեմաղթանքներս» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եզրափակելով իր ճառը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
