Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ  Ուքրանիոյ Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպ Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Ուքրանիոյ Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Ուքրանիոյ Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Սվիաթոսլաւ Շեւչուքը

Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Քիեւ-Հալիչի Արքեպիսկոպոս Սվիաթոսլաւ Շեւչուքը՝ վերահաստատելով Սուրբ Աթոռի զօրակցութիւնը պատերազմի մէջ գտնուող ուքրանացի ժողովուրդին եւ մարդասիրական օժանդակութեանց շարունակականութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին Արքեպիսկոպոսը Պապին յանձնեց գերիներու անուանացանկը եւ «Խաղաղութեան աղաւնին» խորհրդանշական քանդակը՝ միջնորդութիւն խնդրելով մարդկային կեանքեր փրկելու եւ արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար։

Վազգէն Աբարդեան -  Վատիկան

Հինգշաբթի, 12 Փետրուարին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Քիեւ-Հալիչի Արքեպիսկոպոս Սվիաթոսլաւ Շեւչուքի հետ։ Այս հանդիպումը, որ թիւով երկրորդն է Պապի ընտրութենէն ի վեր, առիթ եղաւ վերահաստատելու Սուրբ Աթոռի զօրակցութիւնը պատերազմի մէջ գտնուող ուքրանացի ժողովուրդին։

Մարդասիրական ճիգեր եւ գերիներու անուանացանկը

Արքեպիսկոպոս Շեւչուքը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Քահանայապետին՝ անոր մշտական աղօթքներուն եւ դիւանագիտական ջանքերուն համար, որոնք ուղղուած են արդար խաղաղութեան հաստատման։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Վատիկանի կողմէ ուղարկուած 80 ելեկտրածին սարքերուն
համար, որոնք այս օրերուն կ'օգնեն բնակչութեան դիմագրաւելու ձմեռնային խստաշունչ ցուրտը։

Հանդիպման ընթացքին Շեւչուքը Պապին յանձնեց գերիներու եւ կորսուածներու անուանացանկ մը, որ ստացուած էր անոնց ընտանիքներուն կողմէ, յուսալով Սուրբ Աթոռի միջնորդութիւնը՝ մարդկային կեանքեր փրկելու գործին մէջ։

Խորհրդանշական նուէրը. «Խաղաղութեան աղաւնին»

Որպէս Ուքրանիոյ տառապանքին եւ յոյսին խորհրդանիշ՝ Արքեպիսկոպոսը Պապին նուիրեց իտալացի արուեստագէտ Լուչիանօ Քափրիոթիի «Խաղաղութեան աղաւնին պատերազմի ժամանակ» քանդակը։ Խեցեղէնէ պատրաստուած այս գործը կը պատկերէ վիրաւոր աղաւնի մը՝ խոցուած Խարքիւի վրայ արձակուած ռուսական հրթիռի բեկորով։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը

Արքեպիսկոպոսը շեշտեց Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համաշխարհային դերը՝ նշելով, որ թէեւ անիկա ծագումով ուքրանական է, սակայն բաց է բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Հանդիպման աւարտին, Շեւչուք վերանորոգեց Պապին ուղղուած Ուքրանիա այցելելու հրաւէրը, իսկ Լեւոն ԺԴ հաստատեց իր շարունակական հոգեւոր մօտիկութիւնը «տառապեալ Ուքրանիոյ» հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2026, 09:15