Որոնել

2025.03.05 Mercoledì delle Ceneri â   Processione e Santa Messa

Մոխրոց Օր` սկիզբ քառասնօրեայ ծոմապահութեան` Հռոմի Աւենթինօ բլուրին վրայ աւանդական արարողութիւնը

Մոխրոց օրուայ արարողութեամբ սկիզբ կ՜առնէ քառասնորդացի շրջանը։ Այդ օր պատարագիչ վարդապետը, յետ օրհնելու նախապէս պատրաստուած մոխիրը (զայն կը զետեղէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի գլխուն վրայ, ըսելով. «Յիշեա ով մարդ զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս». Այսինքն Յիշէ ով մարդ թէ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս։ Այսպէսով քահանան կը յիշեցնէ մեզմէ ամէն մէկուն մեր վերջը, որ է մահը, որպէսզի անոր վրայ մտածելով` զղջանք մեր մեղքերուն վրայ, ապաշխարենք դարձի գանք եւ բարիք գործենք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կանխող քառասուն օրերու ընթացքին քրիստոնեայ աշխարհը կ՛ապրի մեծ պահքի շրջան մը, հետեւելով իր Փրկչին օրինակին, որ իր փրկութեան ծրագիր առաքելութիւնը չսկսած քաշուեցաւ անապատ եւ քառասուն օրեր անցուց այնտեղ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով։

Այս շրջանը կը սկսի մոխրոց Օրով որ Հայ Եկեղեցւոյ մօտ կը կատարուի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող երկուշաբթի օրը եւ այս տարի զուգադիպեցաւ 16 Փետրուարին մինչ Լատին Եկեղեցին զայն կը նշէ չորեքշաբթի օր` այս տարուայ պարագային 18 փետրուարին։

Մոխրոց օրուայ արարողութեամբ արդարեւ սկիզբ կ՜առնէ քառասնորդացի շրջանը։ Այդ օր պատարագիչ վարդապետը, յետ օրհնելու նախապէս պատրաստուած մոխիրը զայն կը զետեղէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի գլխուն վրայ, ըսելով. «Յիշեա ով մարդ զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս». Այսինքն Յիշէ ով մարդ թէ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս։ Այսպէսով քահանան կը յիշեցնէ մեզմէ ամէն մէկուն մեր վերջը, որ է մահը, որպէսզի անոր վրայ մտածելով` զղջանք մեր մեղքերուն վրայ, ապաշխարենք դարձի գանք եւ բարիք գործենք։

Ինչպէս վերեւ նշեցինք վաղը Չորեքշաբթի 18 փետրուարին ըստ լատինաց օր մոխրոց է, եւ աւանդութեան համաձայն, Քահանայապետը՝ Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, Ե. դարուն կառուցուած` ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, կը գլխաւորէ ''ապաշխարութեան'' թափօրը,  որ սկիզբ կ՛առնէ Ավենթինօ շրջանի Սանդ Անսելմօ  անուամբ եկեղեցիէն եւ կ՛ուղղուի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ, մասնակցութեամբ կղերական դասին, կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ երկու եկեղեցիներու կրօնաւորական Միաբանութիւններու անդամներուն` Պենետիկտեան եւ Տոմինիքեան հայրերուն, ու աշխարհական հաւատացեալներուն։

Ժամը 5-ին Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Սապինա Պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ մոխրոց օրհնութիւնն ու հաւատացեալներուն գլուխներուն վրայ զետեղումը, որով կը յիշուի՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդը ''հող էր ու հող պիտի դառնայ''։

Այս պիտի հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Պապին քահանայապետութեան Մոխրոց Օրուայ առիթով գլխաւորած առաջին արարողութիւնը։

Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։ Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութիւն կատարելով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2026, 11:05