Սրբազան Պապին կոչը Թրամփին եւ աշխարհի ղեկավարներուն. Լուծումներ գտնել պատերազմը աւարտելու համար
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Ինծի տեղեկացուցին, թէ նախագահ Թրամփ վերջերս յայտնած է, որ կը ցանկայ վերջ տալ պատերազմին։ Յուսանք, որ ան ելքի ուղի մը կը փնտռէ, յուսանք, որ կը փնտռէ միջոց մը՝ նուազեցնելու բռնութիւնը, ռմբակոծումները, բան մը` որ կարեւոր նպաստ ըլլայ վերացնելու այն ատելութիւնը, որ կը ստեղծուի եւ կը շարունակէ աճիլ Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր»։
Զատկուան տօնակատարութենէն քանի մը օր առաջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը Քահանայապետական ամարանոց Քասթել Կանտոլֆոյէն վերանորոգեց խաղաղութեան ի սպաս կոչ մը՝ ուղղուած պատերազմներով եւ բռնութիւններով վիրաւորուած աշխարհին։
Երեքշաբթի 31 Մարտի երեկոյեան, Վիլլա Պարպերինիի մուտքին, լրագրողներուն փոխանցած խօսքերով, Քահանայապետը դիմեց աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն՝ զանոնք քաջալերելով վերադառնալու բանակցութեան սեղան, «փորձենք լուծումներ գտնել խնդիրներուն, փորձենք միջոցներ գտնել՝ նուազեցնելու այն բռնութիւնը, զոր կը խթանենք։ Եւ թող խաղաղութիւնը, մանաւանդ Զատկուան ժամանակ, ըլլայ մեր սրտերուն մէջ», ըսաւ Ան։
Զատիկը՝ խաղաղութեան ժամանակ
«Ճիշդ Զատիկը, յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը, պէտք է ըլլայ ամբողջ տարուան ամենասուրբ, ամենանուիրական ժամանակը։ Ան խաղաղութեան ժամանակ մըն է, խոր մտածման ժամանակ, բայց ինչպէս բոլորս գիտենք, այսօր աշխարհի շատ մը վայրերու մէջ դարձեալ ականատես ենք մեծ տառապանքներու, բազմաթիւ մահերու, նոյնիսկ անմեղ երեխաներու մահուան»։
«Անընդհատ կը կատարենք խաղաղութեան կոչեր, բայց դժբախտաբար շատ մարդիկ կը ցանկանան խթանել ատելութիւնը, բռնութիւնը, պատերազմը», շեշտեց Լեւոն ԺԴ. ապա դիմեց բոլորին` ու «յատկապէս քրիստոնեաներուն», որպէսզի այս օրերը ապրին՝ գիտակցելով, որ «Քրիստոս այսօր ալ կը խաչուի, Քրիստոս այսօր ալ կը տառապի անմեղներուն մէջ, մանաւանդ անոնց, որոնք կը տառապին բռնութենէն, ատելութենէն եւ պատերազմէն»։
«Աղօթենք անոնց համար, պատերազմի զոհերուն համար, աղօթենք, որ իսկապէս գոյանայ նոր, նորոգուած խաղաղութիւն մը, որ կրնայ նոր կեանք տալ բոլորին», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ յոյս յայտնեց` որ Զատկուան առիթով կարելի ըլլայ զինադադար մը։
Խաչի ճանապարհի Խաչը
Քահանայապետին ուղղուեցաւ նաեւ հարց մը այսօր յայտարարուած որոշումի մասին, ըստ որուն՝ ինքը անձամբ պիտի կրէ Աւագ Ուրբաթ օր Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին նախատեսուած Ճանապարհ Խաչի 14 կայաններուն Խաչը։
«Կարծեմ,– պատասխանեց Ան – թէ ասիկա կարեւոր նշան մը պիտի ըլլայ՝ նկատի ունենալով, թէ ինչ կը ներկայացնէ Պապը, իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ, այսօրուան աշխարհին մէջ, ձայն մը՝ ըսելու համար, որ Քրիստոս այսօր ալ կը տառապի։ Եւ ես ալ կը կրեմ այս բոլոր տառապանքները իմ աղօթքներուս մէջ»։
Ասկէ մեկնելով ան այլ կոչ մը ուղղեց «բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց, հաւատացեալներուն՝ միասին քալելու, Քրիստոսի հետ քալելու, որ տառապեցաւ մեզի համար՝ մեզի փրկութիւն տալու համար, եւ մենք ալ փորձենք դառնալ խաղաղութեան կրողներ» յարեց Ան։
Սպանիա ճամբորդութիւնը
Նախքան ներկայ մեծաթիւ բազմութիւնը ողջունելը, որոնց շարքին էր նաեւ Ալպանոյի քաղաքապետը, Սրբազան Պապին ուղղուեցաւ այլ հարց մը՝ յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած Սպանիա կատարելիք իր ճամբորդութեան մասին, թէ ի՞նչ կ՚ակնկալէ այդ այցելութենէն.․ «Հաւատք, շատ սէր, հիւրընկալութիւն եւ ջերմ ընդունելութիւն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ աւելցուց.«Աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր Սպանիան կ՛այցելեմ եւ միշտ գտած եմ մեծ հաւատքի եւ բարի կամքի տէր ժողովուրդ մը», յոյս յայտնելով, «որ կարելի ըլլայ այս այցելութեան ընթացքին եւս տեսնելու այդ բոլորը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
