Որոնել

2026.03.30 Membri della "Illinois Municipal League"

Իշխանութեան կորիզը ծառայութիւնն է․ Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Illinois Municipal League»ի պատուիրակութեան՝ Պետական կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէ ԱՄՆ շուրջ 1.300 համայնքները, անդամներուն․ Յանձնառու ըլլալ ճանչնալու մարդոց ձգտումները, ինչպէս նաեւ անոնց դժուարութիւնները, խթանել հասարակաց բարիքը ի նպաստ բոլորին՝ իւրաքանչիւր անհատի ընձեռելով ինքնադրսեւորուելու կարելիութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Յարուցեալ Տիրոջ յաղթանակը մահուան վրայ կը յայտնէ, թէ իսկական իշխանութեան կորիզը ծառայութիւնն է․ (...) Յիսուս չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը իբրեւ փրկագին տալու շատերու համար» (Մատթէոս 20,28)։ Խօսքերն են ասոնք, որ Լեւոն ԺԴ. Պապն ուղղեց ԱՄՆ Իլինոյ նահանգի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (Illinois Municipal League) շուրջ 50 ներկայացուցիչներուն զանոնք ընդունելով  Քլեմենթինա դահլիճէն ներս այսօր՝ 30 Մարտ 2026ին։ 

Յիսուսի յարութիւնը՝ յոյսի գերագոյն աղբիւր

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ «Զատկական խորհուրդի միջոցաւ Տէրը մեզի ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ դժուար իրավիճակներէն ներս կարելի է ներսէն կերպափոխուիլ սիրոյ ուժով»։ «Թերեւս տանջանքը միշտ չէ, որ պէտք է վերացնել կամ անորմէ խուսափիլ, բայց կարելի է փրկութեան իմաստ մը փնտռել, որ ոչ միայն կը վերադարձնէ կորսուած արժանապատւութիւնը, այլեւ կը բանայ դուռը նոր կեանքի մը համար», յարեց  Լեւոն Պապը՝ աւելցնելով. «Յիսուսի յարութիւնը յոյսի գերագոյն աղբիւրն է բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան Քրիստոսի եւ կը սպասեն յաւիտենական կեանքի խոստումին»։

Բացայայտել եւ մարմնաւորել ծառայութեան պարգեւը

Քահանայապետը յորդորեց բոլոր ներկաները, որ կոչուած են «բացայայտելու եւ մարմնաւորելու ծառայութեան պարգեւը», ուշադիր ըլլալու «ամենաթոյլերու ու ամենախոցելիներու կարիքներու նկատմամբ` օգնելու անոնց հասնիլ մարդկային համապարփակ զարգացման» եւ մէջբերեց Ֆիրենցէ քաղաքի երբեմնի քաղաքապետ, Երանելի Ճորճօ Լա Փիրայի խօսքերը, առ այն, որ քաղաքապետերը կոչուած են ամէն ձեւով նուազեցնելու եւ մեղմելու իրենց քաղաքացիներու տառապանքներն ու դժուարութիւնները՝ «օգտագործելով բոլոր միջոցները, որոնք սէրը կ’առաջարկէ եւ օրէնքը կը նախատեսէ» (Գրութիւններ, VI, էջ 83):

Յանձնառու ըլլալ ճանչնալու մարդոց ձգտումները եւ դժուարութիւնները

Այդ մէկը ընելու համար Սրբազան Հայրը կոչ ըրաւ նախ «յանձնառու ըլլալ ճանչնալու մարդոց ձգտումները, ինչպէս նաեւ անոնց դժուարութիւնները», քանզի, յիշեցուց Ան, «քաղաքները անանուն վայրեր չեն, այլ դէմքեր եւ պատմութիւններ են, որոնք պէտք է պահպանուին ինչպէս թանկարժէք գանձեր» (հմմտ․ Պատգամ՝ ուղղուած Քաղաքապետարաններու Ազգային Ընկերակցութեան անդամներուն, 29 Դեկտեմբեր 2025)։

Խթանելու հասարակաց բարիքը՝ ի նպաստ բոլորին

Լեւոն ԺԴ քաջալերեց հուսկ ներկաները խթանելու հասարակաց բարիքը՝ ի նպաստ բոլորին՝ իւրաքանչիւր անհատի ընձեռելով ինքնադրսեւորուելու կարելիութիւնը եւ, վստահեցնելով իր աղօթքները բոլորին։

Ապա՝ աւարտեց իր պատգամը յորդորելով միշտ յիշել, որ «անոնք, որոնք իշխանութիւն ունին, նաեւ Աստուծոյ ծառաներն են»։ «Քրիստոսին քնքշութեան ընդօրինակումը Հօր կամքին հանդէպ, պիտի արտօնէ ձեզի ձեր համաքաղաքացիներուն բերել Յարուցեալ Քրիստոսի կողմէ մեզի պարգեւուած խաղաղութիւնը», եղաւ Լեւոն Պապին եզրափակիչ մաղթանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 12:12