Որոնել

2026.03.30 Membri della Fondazione Ausilia

Ներդրումներ կատարել մարդու կարողութիւններու և հմտութիւններու վրայ. Լեւոն ԺԴ. ընդունեց «Աուզիլիա» հիմնարկի անդամները

Այս անորոշութեան վիճակի մէջ, շնորհիւ ձեր կողմէ խթանուող գիտելիքներու և համագործակցութեան առաքինի շրջանակին, լաւ պտուղներ պիտի տայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ներկաներուն ու անոնց սիրելու անձերուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 30 Մարտ 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատէն ներս ունեցաւ տարբեր հանդիպումներ ըլլայ առանձնական ըլլայ հաւաքական որոնք շարքին «Աուզիլիա» հիմնարկի երեսուն անդամներուն հետ հանդիպումը։

Այս առիթով ան յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով ներկաներուն Սուրբ Շաբթուայ սկիզբին առիթով, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց «վեհանձն յանձնառումին համար, որ մղուած է օգնելու երիտասարդներ իրենց կազմաւորման եւ աշխատանքային դաշտին մէջ ներմուծման»։

«Ներդրումներ կատարել ոչ թէ առարկաներու այլ մարդու՝ անոր կարողութիւններու և հմտութիւններու վրայ, ձեր գործի ուժեղ կողմերէն մին է», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ այդպիսով «ճիշտ երիտասարդներն են, որոնք կը դառնան իրենց ապագայի գլխաւոր դերակատարները՝ առանց որ անոնք դիտուին որպէս ընկերութեան մը կազմակերպման համար գործիքներ կամ առևտրային յաջողութեան համար օգտակար մեխանիզմի մասեր»։

«Ասոր համար կը քաջալերեմ «Աուզիլիա» հիմնարկի իւրաքանչիւր անհատ, յարատեւելու այս մշակուած ձեռնարկին մէջ, որ այս անորոշութեան վիճակի մէջ, շնորհիւ ձեր կողմէ խթանուող գիտելիքներու և համագործակցութեան առաքինի շրջանակին, լաւ պտուղներ պիտի տայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ներկաներուն ու անոնց սիրելու անձերուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Ան ապա հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու հայր մեր աղօթքը եւ խօսքը աւարտեց անոնց մաղթելով բարի Սուրբ Շաբաթ եւ Սուրբ Զատկուայ տօն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 11:21