Որոնել

Գերպ Փաոլօ Ռուտելլի, Փէթար Ռայիչ եւ Գերպ Էտկար Փէնա Փառա Գերպ Փաոլօ Ռուտելլի, Փէթար Ռայիչ եւ Գերպ Էտկար Փէնա Փառա 

Լեւոն ԺԴ. Պապին նոր անուանումները. Փոփոխութիւններ Սուրբ Աթոռի դիւնագիտական եւ ներքին կառոյցներուն մէջ

Քոլոմպիոյ մօտ Պապական նուիրակ Գերապ. Փաոլօ Ռուտելլին կը ստանձնէ Պետական Քարտուղարութեան Փոխանորդի (Sostituto) պաշտօնը՝ յաջորդելով Գերապ. Էտկար Փենիա Փարային, որ կը նշանակուի նուիրակ Իտալիոյ եւ Սան Մարինոյի Հանրապետութիւններուն մօտ։ Ան իր հերթին կը յաջորդէ Փեթար Ռայիչին, որ նշանակուեցաւ Քահանայապետական Տան Կառավարիչ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ երկուշաբթի, 30 մարտ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կատարեց շարք մը կարեւոր նշանակումներ, որոնք կը վերաբերին Պետական Քարտուղարութեան, Իտալիոյ մօտ Պապական Նուիրակութեան եւ Քահանայապետական Տան Կառավարութեան։

Գերպ. Փաոլօ Ռուտելլի՝ Պետական քարտուղարութեան նոր փոխանորդ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործոց Փոխանորդ (Sostituto) նշանակեց 56-ամեայ Գերապայծառ Փաոլօ Ռուտելլին։ Ան մինչեւ այսօր, Քոլոմպիոյ մօտ Պապական Նուիրակն էր, ունի դիւնագիտական հարուստ փորձառութիւն՝ ծառայելով Լեհաստանի, Էքուատորի, Զիմպապուէի մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդին մօտ որպէս մնայուն դիտորդ։

Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փարա Իտալիոյ եւ Սան Մարինոյի Հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ

Գերապայծառ Ռուտելլի կը յաջորդէ վենեզուելացի արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փառային, զոր նոյնպէս այսօր Լեւոն Պապը նշանակեց Իտալիոյ եւ Սան Մարինոյի Հանրապետութիւններուն մօտ առաքելական նուիրակ։ Ֆրանչիսկոս Պապն էր, որ 15 Օգոստոս 2018-ին Մոզամպիքէն կանչելով՝ գերապայծառ Փենիա Փառան զայն նշանակած էր Փոխանորդ (Sostituto)։ 2015-էն ի վեր ան կը գլխաւորէր Արեւելեան Ափրիկէի այդ երկրի Առաքելական Նուիրակութիւնը՝ մասնակցելով նաեւ ազգային կառավարութեան եւ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութեան միջեւ խաղաղութեան վերահաստատման միջնորդական խումբին։ Ծնած է 1960-ին, երկարամեայ դիւանագէտ՝ փորձառութիւններ ունենալով նաեւ Քենիայի, Եուկոսլաւիոյ, Հոնտուրասի եւ Մեքսիքոյի մէջ, ապա ըլլալով Պապական ներկայացուցիչ Փաքիստանի մէջ, Փենիա Փառա եղաւ երկրորդ լատին-ամերիկացին, որ ստանձնեց Փոխանորդի պաշտօնը՝ արժանթինցի Լէոնարտօ Սանտրիէն ետք

Փեթար Ռայիչ՝ Քահանայապետական Տան Նախագահ

Իտալիոյ մօտ նախկին նուիրակ, պոզնիացի Գերապայծառ Փեթար Ռայիչը նշանակուեցաւ Քահանայապետական Տան Կառավարիչ (Prefetto della Casa Pontificia)։ Այս պաշտօնը թափուր էր 2023-էն ի վեր, երբ Գերապայծառ Կէորկ Կենսվայնը աւարտեց իր ծառայութիւնը։ Գերպ Ռայիչ այսուհետեւ պիտի համակարգէ Քահանայապետի առօրեայ կեանքը, պաշտօնական ընդունելութիւններն ու ներքին կարգ ու կանոնը։

Այս նշանակումները Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի իշխանութեան սկզբնական շրջանի կարեւորագոյն քայլերէն են՝ ուղղուած Վատիկանի կեդրոնական վարչակազմի վերակազմաւորման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2026, 13:20