Շարունակենք աղօթել աշխարհի մէջ Խաղաղութեան պարգեւին համար. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 6 ապրիլ 2026-ի կէսօրին, Հրեշտակի Երկուշաբթի Օրուան առիթով, Լեւոն ԺԴ. Պապը ութը հազարէ աւելի ուխտաւորներու ներկայութեամբ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանելէ ետքը «Ուրախ Լեր» Մարեմեան աղօթքը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեալներուն, ապա ըսաւ թէ իր միտքը կ՛երթայ « անոնց, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կը մասնակցին « Զարգացման և Խաղաղութեան համար Մարզանքի միջազգային Օրուան» առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն՝ նորոգելով կոչը, որպէսզի մարզանքը, իր եղբայրութեան համընդհանուր լեզուով, ըլլայ ներառման և խաղաղութեան վայր»։
Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս օրերուն իրեն փոխանցեցին Սուրբ Զատկուան առիթով իրենց բարեմաղթութիւնները։ «Առաւելաբար երախտապարտ եմ աղօթքներուն համար» ըսաւ Ան ու մաղթեց որ «Սուրբ Կոյս Մարիամի միջնորդութեամբ Աստուած իւրաքանչիւրին հատուցանէ Իր պարգեւներով»։
Նորին Սրբութիւնը առ այդ մաղթեց` որ անոնք ուրախութեամբ և հաւատքով անցընեն այս Հրեշտակի Երկուշաբթին և Զատկուան Ութնօրեակի այս օրերը, «որոնց մէջ կը շարունակուի Քրիստոսի Յարութեան տօնակատարութիւնը» ըսաւ եւ եւ հրաւիրեց «շարունակել աղօթել՝ աշխարհի մէջ խաղաղութեան պարգեւին համար» հուսկ խօսքը աւարտեց «Բարի Հրեշտակի Երկուշաբթի» մաղթելով բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
