Հեռախօսազրոյցներ Սրբազան Պապին` Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն հետ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Այսօր առաւօտեան տեղի ունեցաւ Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապի և Իսրայէլի Պետութեան նախագահ Նորին Գերազանցութիւն տիար Իսահակ Հերծոկի միջև հեռախօսազրոյց Սուրբ Զատկի տօներուն կապակցութեամբ»։ Լուր կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ որ «զրոյցի ընթացքին վերահաստատուեցաւ դիւանագիտական երկխօսութիւն բոլոր հնարաւոր ուղիները վերաբացելու անհրաժեշտութիւնը, վերջ դնելու համար շարունակուող հակամարտութեան, Մերձաւոր Արևելքին մէջ արդար և երկարատև խաղաղութեան հասնելու նպատակով։
Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին անոնք կեդրոնացան քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան եւ միջազգային ու մարդասիրական իրաւունքի յարգանքը խթանելու կարեւորութեան վրայ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց նաեւ որ Սրբազան Պապը նոյնպէս հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ուկրանիայի նախագահ` Նորին Գերազանցութիւն Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ, որուն ընթացքին Ան իր բարեմաղթանքները յայտնեց Զատկուայ տօներուն առիթով։
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ զրոյցի ընթացքին «ուշադրութիւն դարձուեցաւ մարդասիրական իրավիճակին՝ վերահաստատելով հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան համար անհրաժեշտ օգնութիւնները ապահովելու հրատապութիւնը։ Նաեւ յղում կատարուեցաւ մարդասիրական բնոյթի նախաձեռնութիւններ խրախուսելու ուղղուած ջանքերուն, յատկապէս գերիներու ազատ արձակման առնչութեամբ։
Վերջապէս վերահաստատուեցաւ այն յոյսը, որ միջազգային հասարակութեան ջանքերով եւ մասնակցութեամբ կարելի ըլլայ որքան կարելի է շուտ հասնիլ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ արդար ու տեւական խաղաղութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
