Պատմութեան խաւար ժամուն նորոգել խաղաղութիւն բերող Քրիստոսի առաքելութիւնը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Աւագ հինգշաբթի օրով ըստ լատինաց կը սկսի Սուրբ Զատկուայ տօնի նախապատրաստական եռօրեան։ Յիշատակն է նաեւ իր աշակերտներուն հետ ունեցած Յիսուսին վերջին ընթրիքին ու ոտնլուայի արարողութեան, որով Ան կը հաստատէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, իր աշակերտներուն իշխանութիւն տալով իր մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող հացը բեկանելու ու գինին ըմպելու իր յիշատակին համար։
Քահանաներու տօնը
Աւագ Հինգշաբթիի առիթով կը նշուի նաեւ քահանաներուն տօնը ու նաեւ ոտնլուայի յիշատակումը, զոր Լեւոն ԺԴ Պապը կը գլխաւորէ կէսօրէն ետքը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքային մէջ լուալով 12 Քահանանաերու ոտքերը։
Մինչ առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Ան Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Իւղերու օրհնութեան Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, հանդիսաւոր եւ խորիմաստ ծիսական արարողութիւններէն մին, որ կը կատարուի ամէն տարի Սուրբ Շաբաթուան ընթացքին՝ սովորաբար Աւագ Հինգշաբթի օրը։
Այս տօնական Պատարագը հաւատացեալները կը պատրաստէ մեծ խորհուրդին եւ կը բացայայտէ Եկեղեցւոյ միութիւնը իր հովիւին՝ եպիսկոպոսին շուրջ։ Արդարեւ արարողութեան կը մասնակցին բոլոր քահանաները, յատուկ պահ մը, ուր ամբողջ հոգեւորականութիւնը կը համախմբուի մէկ սեղանի շուրջ՝ արտայայտելու համար իրենց միասնականութիւնը եւ ծառայութեան կոչումը։
Պատարագին ընթացքին քահանաները կը նորոգեն իրենց քահանայական խոստումները, վերահաստատելով իրենց նուիրումը Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան։
Իւղերու օրհնութեան արարողութիւնը
Լատինաց մօտ սոյն արարողութեան ամենակարեւոր պահերէն մէկը` սուրբ իւղերու օրհնութիւնն ու նուիրագործութիւնն է որուն առիթով կ՛օրհնուին երեք տեսակ իւղեր, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին կը գործածուին Եկեղեցւոյ սրբազան խորհուրդներուն մէջ։
Առաջինը՝ Քրիստոնէութեան պատրաստուողներու իւղն է, որ կը գործածուի Մկրտութեան արարողութեան ժամանակ՝ իբրեւ պատրաստութիւն նոր կեանքի մուտքին։ Երկրորդը՝ Հիւանդներու իւղն է, որ կը ծառայէ Հիւանդաց Օծման խորհուրդին մէջ՝ բժշկութիւն եւ մխիթարութիւն շնորհելու համար։ Երրորդը՝ միւռոնն է, որ ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ ոչ միայն կ’օրհնուի, այլ կը նուիրագործուի։ Ան կը գործածուի Մկրտութեան, Դրոշմի եւ Քահանայական կամ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւններուն մէջ եւ կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը։
Սրբազան Պապին քարոզը` քրիստոնէական առաքելութիւնը
Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց քրիստոնէական առաքելութեան իմաստին վրայ։
Աստուծոյ համայն ժողովուրդը առաքելական է
Ան հաստատեց, որ ամբողջ Եկեղեցին, այսինքն՝ Աստուծոյ համայն ժողովուրդը, առաքելական է եւ կը մասնակցի Յիսուսի նոյն առաքելութեան՝ իւրաքանչիւրը իր կոչումին համաձայն, առանց խզելու հաղորդութիւնը։
Եկեղեցին յատկապէս առաքուած է ծառայելու աղքատներուն, ճնշուածներուն եւ բանտարկեալներուն, նշեց Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը կեդրոնացուց քրիստոնէական առաքելութեան երեք չափանիշերու վրայ.
Անջատում. անհրաժեշտ է անջատուիլ այն ամէն բաներէն, որ ծանօթ ու ապահով կը թուայն որպէսզի խուսափինք փակուելէ եւ ապրինք բացութեամբ ու վստահութեամբ։
«Կորստեան պատրաստակամութիւնը, ինքն իրեն դատարկելու ձգտումը, ինքնանպատակ չէ, այլ հանդիպման եւ մտերմութեան պայման է։ Սէրը ճշմարիտ է միայն երբ ան զինաթափուած է. ան կը կարօտի քիչ բեռի, ոչ մէկ ցուցադրութեան, եւ նրբութեամբ կը պահպանէ տկարութիւնն ու մերկութիւնը»։ Չկայ աճ առանց վտանգի, դիտել տուաւ Լեւոն ԺԴ.
Հանդիպում․ առաքելութիւնը երբեք պէտք չէ հիմնուի տիրապետութեան կամ պարտադրանքի վրայ, այլ՝ յարգանքի, երկխօսութեան, ծառայութեան եւ կեանքի բաժնեկցութեան վրայ։
«Կարեւոր է յիշել, որ ո՛չ հովուական, ո՛չ ալ հասարակական եւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ բարիքը կարող է ծագիլ պարտադրանքէ կամ բռնատիրութենէն»։ Մեծ առաքելականները վկաներ են մեղմ եւ զգոյշ մօտեցումներու, որոնց մեթոտն է կեանքի բաժնեկցութիւնը, անձնազոհ ծառայութիւնը, ամէն տեսակ հաշուարկային ռազմավարութենէ հրաժարիլը, երկխօսութիւնը եւ յարգանքը», յարեց ի միջի այլոց Քահանայապետը։
Անհասկացողութիւն․ մերժումն ու դժուարութիւնները առաքելութեան մաս կը կազմեն։ Քրիստոսի ամբողջ Մարմնին կենդանի վկայութիւնը ըլլալով՝ առաքելութիւնը «մէկու մը հերոսական արկած» մը չէ, այլ՝ Եկեղեցւոյ մէջ միասին քալել, անցնելով նաեւ անհասկացողութեան եւ մերժումի ընդմէջէն։
«Խաչը առաքելութեան մէկ մասն է․ ուղարկուիլը կը դառնայ աւելի դառն ու ահազդու, բայց նաեւ աւելի ձրի եւ խորտակիչ։ Այդպէս աշխարհի կայսերապաշտական գրաւումը ներսէն կ՛ ընդհատուի, եւ բռնութիւնը, որ մինչեւ այսօր օրէնք կը դառնայ, կը դիմակազերծուի»։
Սուրբ Ռոմերոյի օրինակը
Երբ կեանքին մէջ կը թուի, թէ ամէն ինչ աւարտած է, այն ատեն է, որ «կրնանք մեզի վերագրել բազմաթիւ վկաներու յոյսը»։ Պապը կը յիշէ անոնցմէ մէկը, իրեն «յատկապէս սիրելի»՝ Սուրբ Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերոն, Սան Սալվատորի արքեպիսկոպոսը, որ սպաննուեցաւ 24 Մարտ 1980-ին, երբ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէր, եւ սրբադասուեցաւ 14 Հոկտեմբեր 2018-ին։
Անոր յիշատակին՝ ամէն տարի Մարտ 24-ին կը նշուի Նահատակ առաքելականներու օրը։ «Սուրբերը պատմութիւն կը կերտեն», կ՛ եզրափակէ Լեւոն ԺԴ. եւ «աշխարհի մը մէջ, որ կը բաժնուի զայն քանդող ուժերու միջեւ», կը ծնի «նոր ժողովուրդ մը՝ ոչ թէ զոհերու, այլ վկաներու»։
«Պատմութեան այս մութ ժամուն մէջ՝ հաճելի եղաւ Աստուծոյ մեզ ղրկել՝ տարածելու Քրիստոսի բոյրը այնտեղ, ուր կը տիրէ մահուան հոտը։ Նորոգենք մեր «այո»-ն այս առաքելութեան, որ մեզմէ կը պահանջէ միութիւն եւ կը բերէ խաղաղութիւն։ Այո՛, մենք հոս ենք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
