Վերջին ընթրիքի յիշատակումը. Սրբազան Պապը գլխաւորեց սուրբ պատարագը եւ ոտնլուայի արարողութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Աշխարհին մէջ, ճիշդ այնտեղ՝ որտեղ չարիքը կը մոլեգնէ, Յիսուս վերջնականապէս, յաւիտեան եւ իր ամբողջ էութեամբ կը սիրէ»։ Լեւոն ԺԴ․ Պապին խօսքերն են ասոնք, զոր Ան արտասանեց Աւագ հինգշաբթի օրը, երեկոյեան ժամը հինգին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ գլխաւորած վերջին ընթրիքը յիշատակող Սուրբ Պատարագին առիթով արտասանած քարոզին մէ։
Անդրադառնալով Տիրոջ չարչարանքներուն, մահուան ու յարութեան, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին սկիզբը շեշտեց, որ մենք «Coena Domini»ին կը մասնակցինք որպէս Յիսուսի կողմէ յատուկ հրաւիրեալներ, ուր հացն ու գինին մեզի համար կը դառնան Փրկութեան Խորհուրդ։
Օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի ինչպէս ես ձեզի ըրի, դուք ալ նոյնը ընէք» (Յովհ. 13,15)։
Վերջին ընթրիքի ատեն, շարունակեց Սրբազան Պապը, Ան կը լուայ իր աշակերտներուն ոտքերը՝ ըսելով․ «Օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի ինչպէս ես ձեզի ըրի, դուք ալ նոյնը ընէք» (Յովհ. 13,15)։
Տիրոջ այս արարքը մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ ընթրիքին հետ։ «Որդին, ընդունելով ծառայի կերպարանքը՝ կը բացայայտէ Հօր փառքը»` այդպիսով «ոչ միայն կը սրբագրէ Աստուծոյ մասին մեր պատկերացումը՝ մաքրելով զայն աղտոտող կռապաշտութիւններէն ու հայհոյանքներէն, այլեւ կը մաքրէ մարդու մասին մեր պատկերացումը. մարդ, որ ինքզինք հզօր կը կարծէ երբ կ՛իշխէ, որ կ՛ուզէ յաղթել՝ սպաննելով իր նմանը, եւ որ ինքզինք մեծ կը համարէ, երբ իրմէ կը վախնան», ընդգծեց Քահանայապետը։
Քրիստոս, սակայն, մեզի տուաւ նուիրումի, ծառայութեան եւ սիրոյ օրինակը այն գիշեր, երբ մատնուեցաւ, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը՝ ընդգծելով, որ «Տէրը մեզ չի սիրեր, այն բանի համար, որ մենք թոյլ կու տանք, որ Իր ողորմութեամբ Ան մեզ լուայ, այլ մեզ կը սիրէ, եւ ասոր համար կը լուայ»։
«Եթէ քեզ չլուամ», ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս»
«Տիրոջ ծառայութիւնը ընդունիլը պայման է», նշեց Նորին Սրբութիւնը յիշեցնելով Յիսուսի՝ Պետրոսին ուղղած խօսքերը․ «Եթէ քեզ չլուամ», ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս» (Յովհ. 13,8), այսինքն, բացատրեց Լեւոն ԺԴ, կը նշանակէ, որ եթէ զիս իբրեւ ծառայ չընդունիս, չես կրնար ինծի հաւատալ ու ինծի հետեւիլ իբրեւ Տէր»։
«Մենք պէտք ունինք Անոր օրինակին՝ սորվելու համար սիրել» եւ «Իր նման ծառայել»՝ «արմատախիլ ընելով մեր խիղճը աղտոտող աշխարհիկ չափանիշները» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ու հաստատեց. «Յիսուս Զատկական իրական գառն է», որ որպէս Փրկիչ կը տօնախմբէ մարդկութեան Զատիկը՝ բանալով մեղքերէն դէպի ներում, մահէն դէպի յաւիտենական կեանք անցքը բոլորի համար․ «Առէք, կերէք. Ասիկա՛ է իմ մարմինս, որ ձեզի համար կը բաշխուի. ասիկա ըրէք՝ զիս յիշելու համար» (Ա. Թուղթ առ Կորնթացիս 11,24)։
Քահանաներուն տօնը
Նկատել տալով ապա, որ Աւագ Հինգշաբթիի առիթով կը նշուի նաեւ Քահանաներուն տօնը, Լեւոն ԺԴ․ Պապը ընդգծեց, որ Եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն մէջ կը բնակի Յիսուսի սիրոյ նշանը Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին հանդէպ, որուն կոչուած ենք ծառայելու, եւ ի վերջոյ մաղթեց, որ բոլոր թեմերու եւ համայնքներու համար «այսօրեայ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւնը դառնայ Յիսուսին ծառայութեան մէջ, նոյն սիրով, ընդօրինակելու ժամանակը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
