Որոնել

2026.04.08 Udienza Generale

Միայն բանակցութեան վերադառնալով է որ կարելի է հասնիլ պատերազմի աւարտին

Լեւոն ԺԴ. գոհունակութիւն յայտնեց վերջին ժամերուն Միացեալ Նահանգներու Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութեան համար եւ հրաւիրեց հաւատացեալները իրեն միանալու «Խաղաղութեան համար Աղօթքի Հսկումին, զոր պիտի կատարուի հոս՝ Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ, շաբաթ՝ ապրիլ 11-ին»։ Ան յոյս յայտնեց նաեւ որ երկխօսութիւնը դառնալ այն միջոցը, լուծելու համար աշխարհի այլ հակամարտութիւններ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս վերջին ժամերուն Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի համար մեծ լարուածութեան հետեւանքով, գոհունակութեամբ եւ որպէս կենդանի յոյսի նշան կ՛ ընդունիմ երկու շաբաթուան անմիջական հրադադարի յայտարարութիւնը։ Միայն բանակցութեան վերադառնալով է որ կարելի է հասնիլ պատերազմի աւարտին». Լեւոն ԺԴ. Պապը այս խօսքերը արտասանեց չորեքշաբթի 8 ապրիլի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին անդրադառնալով երէկ ուշ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութեան։

«Կը հրաւիրեմ, որ այս նուրբ դիւանագիտական աշխատանքի ժամանակը ընկերակցուի աղօթքով՝ յուսալով, թէ երկխօսութեան պատրաստակամութիւնը կրնայ դառնալ այն միջոցը, որով աշխարհի այլ հակամարտութիւններն ալ կը լուծուին» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ապա նորոգեց իր հրաւէրը բոլորին, իրեն միանալու «Խաղաղութեան համար Աղօթքի Հսկումին, զոր պիտի կատարուի հոս՝ Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ, շաբաթ՝ ապրիլ 11-ին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Յայտնենք` որ աւելի ուշ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց թէ աղօթքի հսկումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ երեկոյեան ժամը վեցին Լեւոն ԺԴ. Պապի գլխաւորութեամբ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2026, 10:58