Խաչի ճանապարհը Քոլլոսէումի տարածքին։ Քահանայապետը անձամբ պիտի կրէ 14 կայաններուն Խաչը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Քոլլոսէումի մէջ կայանալիք Խաչի ճանապարհի ընթացքին, Լեւոն Պապը, իր քահանայապետութեան առաջին այս Խաչի ճանապարհին առիթով, Ուրբաթ օր՝ 3 ապրիլին, անձամբ պիտի կրէ 14 կայաններուն Խաչը ։
Այս տարուայ Յիսուսի՝ դէպի Գողգոթա տանող ճանապարհին վերաբերող մտորումները գրելու պարտականութիւնը վստահուած է Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնին, որ 2016-էն մինչեւ 2025 հանդիսացած է Սուրբ Երկրի Պահակը։ Այս մասին հաղորդած է Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակը, որ զանոնք պիտի հրատարակէ ուրբաթ առաւօտեան, մօտաւորապէս ժամը 12-ին։
Ֆրանչիսկեան միաբանութեան այս վարդապետը՝ Յորդանանի Մոնթէ Նեբոյէն, բազմիցս արտայայտած է Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու տառապանքը, մանաւանդ այս նուրբ ժամանակաշրջանին։
Յայտնենք որ 2025-ին, ինչպէս նաեւ 2024-ին, մտորումները գրուած էին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որ յատկապէս անցեալ տարի երկար հիւանդանոցային բուժումէ ետք վերադարձած էր Սանթա Մարթայի տուն, եւ հիւանդութեան պատճառաւ չկարողանալով նախագահել 2025 Ապրիլ 18-ի Աւագ Ուրբաթ օրուայ ծէսը, զայն յանձնած էր Հռոմի թեմի փոխանորդ Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Պալտօ Ռէյնային։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
