Որոնել

Ճանապարէ Խաչը Լիբանանի մէջ Ճանապարէ Խաչը Լիբանանի մէջ  (AFP or licensors)

Սրբազան Պապը Հարաւային Լիբանանի քրիստոնեաներուն. «Մօտ եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, մի՛ կորսնցնէք քաջութիւնը»

Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Զատկուան առիթով մխիթարութեան եւ քաջալերանքի պատգամ մը ուղարկեց Լիբանանի Տէպէլ գիւղի բնակչութեան՝ որ կը գտնուի երկրի հարաւային շրջանին մէջ, ուր անցեալ կիրակի նախատեսուած էր մարդասիրական օգնութեան երեք բեռնատարներու ժամանումը։ Պապական Նուիրակը ապահովական պատճառներու բերումով չկարողացաւ հասնիլ այնտեղ եւ հեռուստակայաններու միջոցաւ տարածեց Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր եօթը Ապրիլին Լիբանանի Տէպէլ գիւղի բնակիչներուն փոխանցուեցաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Լեւոն ԺԴ Պապին մէկ պատգամը, զոր ընթերցուեցաւ Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակ Գերապ. Փաոլօ Պորճիայի կողմէ՝ լիբանանեան հեռուստակայաններու միջոցաւ, տրուած ըլլալով, որ Նուիրակը չկարողացաւ մարդասիրական օգնութիւնները տանիլ այնտեղ, ապահովական անկայուն իրավիճակին պատճառաւ։

Արդարեւ սկզբնապէս նախատեսուած էր, որ Նուիրակ Պորճան սուրբ Զատկուան առիթով այցելէր Տէպէլը՝ իր հետ տանելով առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով բեռնաւորուած երեք բեռնատար, որոնք կազմակերպուած էին Քարիթասի, «Œuvre d’Orient»-ի եւ Մարոնիթ Պատրիարքութեան կողմէ։ Սակայն, շարունակուող բախումներուն պատճառով ան ստիպուած եղաւ կանգ առնել UNIFIL-ի Տէյր Քիֆա յենակայանին մէջ, ու այնտեղէն ուղղակի եթերով փոխանցել Սրբազան Պապին պատգամը։

Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը իր մօտիկութիւնն ու հայրական գուրգուրանքը յայտնեց Տէպէլի բնակիչներուն եւ ընդհանրապէս Հարաւային Լիբանանի քրիստոնեաներուն՝ քաջալերելով զանոնք չկորսնցնելու յոյսը այս դժուար պայմաններուն մէջ։ Ան յիշեցուց Քրիստոսի յարութիւնը` որպէս յաղթանակ մահուան վրայ եւ ապագայի յոյսի խոստում։

«Ձեր տառապանքին մէջ, այն անարդարութեան որ կը կրէք, լքուածութեան այն զգացումին որ կը զգաք, դուք շատ մօտ էք Յիսուսին։ Դուք մօտ էք Անոր նաեւ այս Զատկուան օրը, երբ Ան յաղթեց չարի ուժերուն» նշուած է Քահանայապետական պատգամին մէջ, ուր ապա հրաւէր ուղղուած է չկորսնցնելու քաջութիւնը։

«Ձեր աղօթքներէն ոչ մէկը, ձեր զօրակցութեան ոչ մէկ քայլ, ձեր արտայայտած յոգնութեան ոչ մէկ հեւքը կորսուած է. Լիբանանի Տիրամայրը ամէն ինչ կը պահէ իր սրտին մէջ եւ կը ներկայացնէ իր Որդիին» նշուած է Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Քահանայապետի պատգամին մէջ, որուն աւարտին ան բոլորիսն հաւաստիացուցած է Լեւոն Պապին առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2026, 17:35