Որոնել

Դարձի գանք Քրիստոսի Խաղաղութեան. Չվարժուինք անտարբերութեան, չհամակերպինք չարին։ Լեւոն ԺԴ Պապին Զատկուան պատգամը

Յիսուսի Յարութեան տօնին առիթով Քահանայապետը աշխարհին ուղղեց իր Ուրպի էթ Օրպի պատգամն ու օրհնութիւնը որուն մէջ Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Ով որ զէնքեր ունի իր ձեռքին, թող զանոնք վար դնէ՛։ Ով որ իշխանութիւն ունի պատերազմներ հրահրելու, թող խաղաղութիւնը ընտրէ՛» ապա հրաւիրեց չդառնալու անտարբեր չի համակերպելու չարին ու դարձի գալու Քրիստոսի խաղաղութեան հրաւիրելով իրեն միանալու յառաջիկայ 11 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի մէջ վրայ կայանալիք խաղաղութեան նուիրուած հսկումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 5 Ապրիլին Սուրբ Զատկուայ տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ օրուան տօնին նուիրուած պատարագը մատուցանելէն ետքը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին ուղղեց զատկական իր պատգամը եւ Ուրպի էթ Օրպի օրհնութիւնը։

Զատիկը կեանքին յաղթանակն է մահուան վրայ լոյսին յաղթանակը խաւարին վրայ

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը հաստատեց որ Զատիկը յաղթանակ մըն է` յաղթանակը կեանքի մահուան վրայ, լոյսին խաւարին վրայ, սիրոյ յաղթանակը ատելութեան վրայ։ Յաղթանակ մը` որ վճարուեցաւ սուղ գինով. Քրիստոս կենդանի Աստուծոյ Որդին, ստիպուած եղաւ մեռնիլ, մեռնիլ խաչին վրայ, անարդար դատապարտութեան ենթարկուելէն ետքը, չարչարանքներ կրելէ եւ արիւնը դափելէն ետքը։ Ան որպէս ճշմարիտ զոհաբերուած Գառնուկ, իր վրայ առաւ աշխարհին մեղքը (տես՝ Յհ 1,29․ Ա Պետրոս 1,18-19) եւ այսպէս ազատեց մեզ բոլորս, եւ մեզի հետ նաեւ արարչագործութիւնը, չարի իշխանութենէն»։

Յիսուսին յաղթանակի պատճառը Սէրն է

Սակայն ինչպէ՞ս յաղթեց Յիսուս հարց տուաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ Ան յաղթեց նոյնինքն Աստուծոյ ուժով որ Սէր է որ կը ստեղծէ եւ կը ծնի, Սէր որ հաւատարիմ է մինչեւ վերջ, Սէր որ կը ներէ եւ կը փրկանգնէ։

Քրիստոս «յաղթական Թագաւորը» պատերազմեցաւ ու յաղթեց իր պայքարը Աստուծոյ կամքին վստահելի յանձնումով, յարեց հուսկ Քահանայապետը հաստատելով, որ ուժը որով Քրիստոս յարութիւն առաւ բոլորովին անբռնաբար ուժ է։ Նման է ցորենի հատիկի մը, որ երբ հողի մէջ փտի, կը մեծնայ, ճամբայ մը կը բանայ հողի կուտերուն մէջէն, կը ծլի եւ կը դառնայ ոսկեգոյն հասկ մը։ Աւելի եւս նման է մարդկային սրտի մը, որ վիրաւորուած ըլլալով հանդերձ վիրաւորանքէ մը, կը մերժէ վրէժխնդրութեան բնազդը եւ, գութով լեցուն, կ՚աղօթէ անոր համար, որ զինք վիրաւորած է։

Բոլորս ալ իրարու եղբայրներ եւ քոյրեր ենք միեւնոյն Հօր զաւակներ

«Եղբայրներ եւ քոյրեր այս է իսկական ուժը` որ մարդկութեան կը բերէ խաղաղութիւնը, որովհետեւ Ան կը ծնի յարգալից յարաբերութիւններ բոլոր մակարդակներուն վրայ, չի ձգտիր անձնական շահերու, այլ հասարակաց բարիքին» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Քրիստոսին յարութիւնը նոր մարդկութեան մը սկիզբն է, եւ մուտքը խոստացուած երկիր, ուր կը տիրէ արդարութիւնը, ազատութիւնը, խաղաղութիւնը եւ բոլորն ալ իրար զիրար կը ճանչնան եղբայրներ եւ քոյրեր, միեւնոյն հօր զաւակներ, որ է Սէր, Կեանք եւ Լոյս։ ։

Զարմանքն ու վախը

«Տիրոջ դատարկ գերեզմանին դիմաց մենք կարող ենք զարմանքով եւ յոյսով լեցուիլ նման աշակերտներուն, եւ կամ վախով նման փարիսեցիներուն ու զինուորներուն որոնք ստիպուած եղան դիմելու սուտին, որպէսզի չ՛ընդունին այն իրականութիւնը թէ ան որ դատապարտուած էր իսկապէս յարեաւ» նշեց Լեւոն ԺԴ եւ հրաւէր ուղղեց Զատկական լոյսին տակ թոյլ տալու` որ Քրիստոս փոխէ մեր սրտերը։

Ով` որ զէնքեր ունի ձերին թող զանոնք վար դնէ

«Ով որ զէնքեր ունի իր ձեռքին, թող զանոնք վար դնէ՛։ Ով որ իշխանութիւն ունի պատերազմներ հրահրելու, թող խաղաղութիւնը ընտրէ՛։ Ո՛չ թէ ուժով հետապնդուած խաղաղութիւն, այլ՝ երկխօսութեամբ։ Ո՛չ թէ միւսին տիրելու կամքով, այլ՝ անոր հանդիպելու», կոչ ուղղեց Քահանայապետը ու շարունակեց. «Մենք կը վարժուինք բռնութեան, կը համակերպինք անոր եւ կը դառնանք անտարբեր։ Անտարբեր՝ հազարաւոր մարդոց մահուան հանդէպ։ Անտարբեր՝ այն ատելութեան եւ բաժանման հետեւանքներուն, զոր հակամարտութիւնները կը սերմանեն։ Անտարբեր՝ անոնց տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներուն, զորս սակայն բոլորս կը զգանք»։

Չհամակերպինք անտարբերութեան

«Կայ աւելի ու աւելի շեշտուած «անտարբերութեան համաշխարհայնացում» մը» յարեց Լեւոն Պապը յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին սիրելի արտայայտութիւնը, որ, ըսաւ ապա Ան «տարի մը առաջ այս պատշգամէն աշխարհին ուղղելով իր վերջին խօսքերը՝ մեզի կը յիշեցնէր. «Որքա՜ն մահուան կամք կը տեսնենք ամէն օր աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հակամարտութիւններուն մէջ» (Ուրպի եւ Օրպի պատգամ, 20 Ապրիլ 2025)։

Եթէ վախ ունիս մահէն սիրէ յարութիւնը

«Քրիստոսին խաչը մեզի միշտ կը յիշեցնէ տառապանքը եւ ցաւը, որոնք կը շրջապատեն մահը, եւ այն տանջանքը, զոր ան կը բերէ։ Մենք բոլորս կը վախնանք մահէն, եւ այդ վախին դիմաց մեր հայեացքը այլուր կը սեւեռենք, կը նախընտրենք չնայիլ։ Չենք կրնար շարունակել անտարբեր մնալ։ Եւ չենք կրնար համակերպիլ չարին» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը յիշելով Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը որ կ՜ըսէր «եթէ վախ ունիս մահէն սիրէ յարութիւնը»։

Եկէք մենք ալ սիրենք յարութիւնը, որ մեզի կը յիշեցնէ, որ չարը չունի վերջին խօսքը, որովհետեւ յաղթուեցաւ Յարուցեալէն։ Ան անցաւ մահի ընդմէջէն մեզի տալու համար կեանք եւ խաղաղութիւն. Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի։ Ոչ ինչպէս աշխարհը կու տայ, ես կու տամ ձեզի (Յովհ. 14, 27)։

Դարձի գանք Քրիստոսի խաղաղութեան

«Խաղաղութիւնը զոր Յիսուս մեզի կը յանձնէ չի բաւարարուիր լռեցնելով զէնքերը այլ կը դպչի եւ կը փոխէ մեր իւրաքանչիւրիս սիրտը։ Դարձի գանք Քրիստոսի խաղաղութեան» կոչ ուղղեց Լեւոն ԺԴ. ապա հրաւիրեց բոլորը իրեն միանալու խաղաղութեան ի սպաս հսկումին որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 ապրիլին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ։

Տիրոջ յանձնենք խաղաղութեան իղձը

Այս տօնական օրը մէկդի դնենք ամէն տեսակի հակառակութեան, տիրապետութեան եւ իշխանութեան կամք, եւ աղերսենք Տիրոջ, որ իր խաղաղութիւնը պարգեւէ աշխարհին՝ պատերազմներով պատուհասուած եւ ատելութեամբ ու անտարբերութեամբ յատկանշուած, որոնք մեզ կը դարձնեն անզօր՝ չարին դիմաց։

Տիրոջ կը յանձնենք բոլոր այն սրտերը, որոնք կը տառապին եւ կը սպասեն ճշմարիտ խաղաղութեան, որ միայն Ի՛նք կրնայ տալ։ Յանձնուինք Անոր եւ բանանք մեր սրտերը Անոր առջեւ։ Միայն Ի՛նքն է, որ ամէն բան նոր կը դարձնէ (տես՝ Յայտնութիւն 21,5)։

Շնորհաւոր Սուրբ Զատի

Սոյն պատգամի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը նախ քան իր «Ուրպի էթ Օրպի» օրհնութիւնը շնորհելը տարբեր լեզուներով զատկական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ըսելով. «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։ Բոլորին տարէք յարուցեալ Յիսուսին ուրախութիւնը որ մեր մէջ կը գտնուի»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2026, 12:15